ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Պարսկահայ շարժանկարի բեմադրիչ Անահիտ Ապատի «Եւա» անուն ֆիլմին դէմ Ատրպէյճանական շրջանակներու ճնշումով գործադրուած արգելքը կը շարունակէ յուզել Թուրքիոյ գեղարուեստական օրակարգը։ Նիւթը պատգամաւոր Սելինա Տողանի ջանքերով փոխադրուեցաւ խորհրդարանի օրակարգին։ Այստեղ Սելինա Տողան խորհրդարանի մէջ ներկայացուց հարցում՝ պահանջելով որ բացատրութիւններ տրուի ֆիլմի ցուցադրութիւնը արգիլելու որոշումին տանող դրդապատճառներուն մասին։ Սելինա Տողանի այս նախաձեռնութեան նամակով մը արձագանգեց «Եւա» ֆիլմի հեղինակ Անահիտ Ապատ։ Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ապատի նամակը, կցելով նաեւ Սելինա Տողանի պատասխանը եւ Հայաստանի Շարժանկարիչներու միութեան ընդվզումը։
***
Ցաւում եմ, որ «ԵՒԱ»ի ցուցադրումը Թուրքիայում պետական հրահանգով արգելափակուել է։ Ցաւում եմ ոչ միայն այն պատճառով, որ ֆիլմի ռեժիսորն եմ, այլ այն, որ մէկ անգամ եւս քաղաքականութեան հաշուարկումները կասեցրեց արուեստի ճամբան ու խափանեց ստեղծագործութեան եւ լսարանի միջեւ կայանալիք երկխօսութիւնը։
Պատրաստւում էի այդ առիթով ճամբորդել Թուրքիա, սակայն ֆիլմի արգելափակումը ինձ մօտ առաջացրեց այն զգացողութիւնը, որ հաւանաբար որպէս կինօ-ռեժիսոր, առաւել եւս կին եւ հայ ցանկալի չէի լինի Թուրքիայում։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ձեզ, որ Թուրքիայի խորհրդարանում բարձրացրիք նոյն հարցը, որն այս պահին նաեւ ինձ է յուզում, թէ ինչո՞ւ պետական որոշմամբ Թուրքիայում արգիլուեց «ԵՒԱ»-ի ցուցադրումը։
Ծայրայեղական քաղաքական գործիչները իրենց կեղծ ու անհիմն տրամաբանութեամբ ու որոշումներով տարանջատում են ժողովուրդներին, խափանում են նրանց առողջ եւ լիարժէք շփումն ու փոխյարաբերութիւնը։ Ցաւօք, ժողովուրդների մօտ առաջացնելով կեղծ թշնամութիւն, ստեղծում են վախի ու սարսափի մթնոլորտ, որով եւ յարմար դաշտ է ստեղծւում պատերազմների ու տարանջատումների։ Ու խախտւում է նախ եւ առաջ մարդկութեան ապահով գոյակցութիւնը, երկխօսութեան հնարաւորութիւնը, խաղաղ եւ համատեղ ապրելու իրաւունքը։
Մենք կինօ-արուեստագէտներս խօսում ենք սիրոյ, ցաւի ու վշտի մասին։ Մենք երազում ու կիսում ենք մեր երազը հանդիսատեսի հետ։ Երազում ենք ունենալ խաղաղ, անվիշտ, պատերազմներից հեռու կանաչ մոլորակ։ Մոլորակ, որ հեռու է տարանջատումներից, անարդարութիւններից ու գենդերային խտրականութիւնի։
Այսօր մարդկութիւնն առաւել քան երբեք կարիք ունի համերաշխութեան։ Յոյս եմ փայփայում, որ ոչ հեռու ապագայում Թուրքիայի կինօ թատրոններում ես, թուրք քաղաքացին ու մտաւորականը, արուեստագէտն ու պատգամաւորը, կողք կողքի նստարաններում կը տեղաւորուենք։ Սրահի լոյսերը կ՚անջատուեն, վարագոյրի վրայ կը սփռուի «ԵՒԱ»-ն ու ֆիլմի աւարտին կը զրուցենք։ Մենք, կինոյի մարդիկ, վարժուած ենք երազել ու յանուն այդ երազանքների իրականացմանն աշխատել։ Այս երազանքը կիսում եմ Թուրքիայի մտաւորականութեան, արուեստագէտների, կինօ-գործիչների ու Թուրքիայի ժողովրդի հետ։
***
Սելինա Տողան պատասխանելով Ապատին գրած է հետեւեալ տողերը.
«Կը ցաւիմ ձեր ֆիլմին ցուցադրութեան արգիլուելուն պատճառաւ։ Ինչպէս գիտէք Թուրքիա վերջին երեք տարիներու ընթացքին կը բոլորէ արտակարգ դրութիւններու իրավիճակ։ Կառավարութիւնը կարելի եղած չափով կ՚ուզէ երկարաձգել արտակարգ իրավիճակի գործադրութիւնը։ Կը ձայնակցիմ այն համոզումին, թէ գեղարուեստի մասին որոշումները ճիշդ չէ որ թողուին կարգ մը քաղաքական գործիչներու քմահաճոյքին։ Խորհրդարան ներկայացուցած եմ հարցման գիր մը, որուն պատասխանի մասին կրկին կը տեղեկացնեմ ձեզ»։
***
Միւս կողմէ Հայաստանի շարժանկարիչներու միութիւնն ալ այս դէպքին անդրադարձած է հրատարակելով հետեւեալ գրութիւնը։
«Կը ցաւինք տեսնելով, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մատնուած են Ատրպէյճանի ո՛չ հեռատես քաղաքականութիւններուն եւ շարժանկարի աշխարհէ ներս ծանրօրէն վիրաւորած երկու երկիրներու միջեւ առկայ մշակութային յարաբերութիւնները։ Այդ յարաբերութիւնները իրականութեան մէջ համաշխարհային ընդունելութիւն գտած սկզբունքներու ցոլացումն էին։ Հետեւաբար Թուրքիոյ իշխանութիւններու այս որոշումով, թէ Թուրքիա եւ թէ Ատրպէյճան համաշխարհային մշակոյթի ժառանգի քարտէզի վրայ կը մեկուսանան, որ տխուր երեւոյթ է մեզ համար։ Այս երեւոյթը, մեզ համար թէ անընդունելի է եւ թէ անհասկնալի, քանի որ անցեալին Հայաստանի մէջ զանազան առիթներով ցուցադրուած են, թէ ատրպէյճանական եւ թէ թրքական բազմաթիւ ժապաւէններ»։