Աշխարհասփիւռ քրտական սփիւռքը յատկապէս Արեւմտեան Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցերով փորձեցին համաշխարհային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը ուղղել դէպի Աֆրին, ուր քրտական զինեալ ջոկատներ բուռն կերպով կը դիմադրէին Թուրքիոյ զինեալ ուժերու դէպի իրենց քաղաքը ներխուժման դէմ։ Դիտելով այդ դիմադրութեան կամքն ու կորովը ոչ ոք կը մտաբերէր թէ քաղաքը այսքան հեշտ կերպով անձնատուր պիտի ըլլայ այս յարձակումին դիմաց։ Եթէ ընդհանուր պատկերը այդ էր այսօր տակաւին շատեր կը յամառին պնդելու թէ քաղաքը անձնատուր չէ եղած այլ պարզապէս քրտական ուժերը որոշած է ուրիշ հարթակի մը փոխադրել դիմադրութեան եղանակը։ Ահա այս պայմաններու տակ է որ վրայ կը հասնի Միջին Արեւելքի մէջ մինչեւ օրս մեծ ժողովրդականութիւն վայելող գարնանամուտի տօն՝ Նեւրոզը։
Ուշագրաւ էր քուրտ քաղաքական գործիչ Օսման Պայտեմիրի Նեւրոզի առթիւ Եթեսիոյ Սիվերեք քաղաքի մէջ խօսած ճառը։ Պայտեմիր զուգահեռներ կը կազմէր Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր մեղաւոր Թալադ եւ Էնվեր փաշանելու եւ այսօրուայ Թուրքիոյ քաղաքական գործիչներու միջեւ։ Բաւական յանդուգն ու խիզախ ելոյթ մը կ՚ունենար Պայտեմիր ակնարկելով դարբին Քաւայի դիմադրութեան ոգիին ու կ՚ըսէր թէ այսօրուայ բռնակալներն ալ պիտի մատնուին այն նոյն պարտութեան, որուն արժանացած էր անգութ Տեհաք։
Կայսերապաշտ գերպետութիւններուն 100 տարի առաջ այս տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար ձեւաւորած սահմանագիծը մինչեւ այսօր կ՚արիւնի եւ որոշ է թէ այդ արիւնահոսութիւնը պիտի չդադրի մինչեւ այս հողերու իրաւ տէրերուն արդար ու արժանի բաժինը հաստատուի։ Մինչեւ այդ օր մեզի համար իւրաքանչիւր Նեւրոզ կամ Զատիկ նոյն պայքարի ոգին պիտի ներշնչեն։ Ահա այս գիտակցութեամբ՝ «Նեւրոզ Փիրոզպէ» եւ մէկ շաբաթ վերջ ալ «Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ»։