«Ակօս»ի հայերէն էջեծրու երկարամեայ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան իր մահուան Գ. տարելիցի նախօրեակին կը յիշատակուի «Իսթոս» գրատան մէջ։ 24 Մարտ շաբաթ ժամը 16.30-ին «Ակօս»ի նախկին աշխատակիցներէն Գարին Գարագաշլը յուշեր պիտի փոխանցէ Սերովբեանի հետ ունեցած ապրումներէն։
Սարգիս Սերովբեան «Ակօս»ի հիմնադրութեան օրերէն սկսեալ ստանձնած էր հայերէն էջերու խմբագրի պաշտօնը։ Թերթը՝ որ կարճ ժամանակի ընթացքին վերածուած էր ամբողջ հայաշխարհի կարեւորագոյն լրատու գործակալութիւններէն մէկը ըլլալու հանգամանքին, հայերէն էջերու միջոցաւ ալ կը հասնէր աշխարհասփիւռ հայերու ուշադրութեան։ Ահա այդ գետնի վրայ խիստ կարեւոր էր Սերովբեանի ներդրումը եւ ինք յաջողեցաւ այդ ծանր պարտականութիւնը լաւագոյն կերպով գործադրելու։ Սակայն պայմանները միշտ աւելին կը պահանջէին իրմէ եւ ան ալ պատրաստ էր այդ պահանջուածը գոհացնելու։ Յատկապէս հանրապետութեան շրջանին Պոլսոյ հայութիւնը միայն ու միայն սակաւաթիւ նուիրեալներու միջոցաւ կապ պահեց պատմական Հայաստանի զանազան քաղաքներու մէջ իրենց գոյութիւնը շարունակող հայոց հետ։ Այդ սակաւաթիւերու շարքէն է Շնորհք պատրիարք Գալուստեան, որ ամէն ջանք կը վատնէր ժողովուրդի այդ բեկորներուն անտէրութեան մէջ կորուստը կանխելու համար։ Շնորհք Պատրիարքի այդ ներդրումին մէջ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցաւ Սարգիս Սերովբեան միշտ կապ պահելով գաւառի հայութեան հետ։ Այդ կապը զինք մղեց նաեւ հայրենի երկիրը ճանչնալու ցանկութեան եւ ան այսպէսով յայտնուեցաւ նաեւ դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարուած ճամբորդութիւններու լաւագոյն ուղեցոյցի դիրքին մէջ։ Բարեբախտութիւն էր իր հետ շրջիլ Արեւմտեան Հայաստանը, քանի որ գիտելիքներու անսպառ պաշարէն բաժին կ՚ունենար շռայլօրէն բաշխելու բոլոր հետաքրքիրներուն։ Այս առումով անմոռանալի է դէպի Արեւմտեան Հայաստան իր հետ կատարուած շրջագայութիւնները։
Այս բոլորին հիման վրայ առանց վարանումի կրնանք կանխագուշակել թէ որքան հետաքրքիր պիտի ըլլայ Գարին Գարագաշլըի զրոյցը ձօնուած Սերովբեանի յիշատակին։