Բարեւս տուի անցայ գնացի

«Որպէս մի ծաղիկ՝ հողից դուրս ելայ,

Կեանքին ժպտացի, անցայ - գնացի,

Աշխարհը՝ որպէս մի քնքուշ երազ՝

Աչքովս տեսայ, անցայ - գնացի։

Տեսայ լաւ ու վատ, տեսայ համբերանք,

Տեսայ շատ կարիք, ահաւոր զրկանք,

Տեսայ լաւ մարդիկ, բարի աշխատանք,

Բարեւս տուի, անցայ - գնացի»։

Հայ աշուղական դպրոցի մեծ երգիչ գուսան Շահէնի տողերը, որ գրուած են մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի մահուան առթիւ, ամենայն հարազատութեամբ կը պատշաճի նաեւ մեր սիրելի Մարի եայային, որ իր ետին միայն սէր ու սէր թողուց բոլորիս։ Ի դէմ երկար կեանքի մը տեւողութեամբ կուտակած բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ տառապանքներուն, ան միայն սէր արտադրեց։ Գրկող սէր, ջերմացնող, սփոփող եւ ուրախացնող։ Համակերպեցաւ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն, բայց երբեք չընկճուեցաւ անոնց դիմաց։ Գտաւ ու գործադրեց բոլորին ալ դիմադրելու եղանակները։ Փոխարէնը ստացաւ սէրով դարձեալ։ Վայելեց զաւակներուն, թոռներուն եւ անոնց ընկերներուն սէրը։ Եթէ մահը հարազատն է մեր կեանքին, Մարի Թովմասեանի տառապած սրտին հանգիստը մեր սրտերուն մէջ կանանչած, ծիլ տուած ճիւղի մը կոտրուիլն է։ Յարգանքով եւ մանաւանդ ալ սիրով անթառամ պիտի մնայ իր յիշատակը։

«ԱԿՕՍ»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ