ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՄԱՆՈՒԿ

Վեհանձն բառ, 
որ մերժեց մեծնալ

Այո, մեր լեզուի մէջ կան այդպիսի բառեր։ Միավանկ են կամ երկվանկ, փոքրակազմ են կամ մեղմաձայն։ Երբեմն անտեսուած։ Սակայն, հակառակ իրենց մանուկ հասակին, պատուաբեր իրագործումներու լուռ հերոսներ են։ Կատարած են անսպասելին։ Ցոյց տուած են վեհանձնութիւն, մինչեւ՝ հայրենանուէր զոհողութիւն։ Այդ բառերէն մէկն է «մանուկ»։ Ակնածանքով եթէ դիտենք անոր պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ մեր ազգին միշտ բերած է հպարտութիւն։ Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութեան մէջ կարդացեր էինք, թէ ան նոյնիսկ յաջողեր էր ընբռնել բարձր եւ վերացական գաղափարներ, ինչպէս ազատութիւնն է.

Ես անբարբառ մի մանուկ,

Երկու ձեռքս պարզեցի,

Եւ իմ անզօր թեւերով՝

Ազատութիւնն գրկեցի։

Յստակ է «մանուկ» բառի ծագումը։ Ստուգաբաներ, ներառեալ Հրաչեայ Աճառեանը, հաստատած են, թէ բուն հայկական է։ Եկած է «մեն» արմատէն, որ կը նշանակէ՝ փոքր։ Նմանը գոյութիւն ունի յունարէնի մէջ, ուր «մանի» կը նշանակէ՝ փոքր, քիչ։

«Մանուկ»ը, գիտակցելով, թէ շուտով կը դառնայ պատանի, ապա երիտասարդ՝ կարճ ժամանակի մէջ պէտք էր որ կատարէր իր բոլոր ծրագիրները։ Նախ ձեռք բերաւ դարձուածքներ. «մանուկ մատաղ», «մանկունք եկեղեցւոյ», «ուխտի մանկունք»՝ եկեղեցւոյ ծառայողներ, դպրաց դասու անդամներ, «մանկունք առագաստի»՝ փեսայի ընկերներ, «ինքնակալն մանուկ»՝ երիտասարդ իշխան։ Որպէս ծառայասէր բառ, արժանացաւ նաեւ երկու յատուկ տիտղոսներու. «մանուկ արքայի»՝ արքայի սպասաւոր եւ սուրհանդակ եւ «մանուկ նաւի»՝ նաւապետի սպասաւոր։ Ունեցաւ նաեւ իմաստի ճիւղաւորում։ Նշանակեց «անմեղ»։ Նախ Րաֆֆին նկատեց զայն. «Օրիորդի մանուկ սրտում թաքնուած էր մի կայծ»։ Ապա աշուղ Ճիւանին երգեց.

«Համբերանքը քաջին յաղթողութիւն է,

Դադար եղիր, մի՛ թրթռա, մանուկ սիրտ»։

Ունեցանք նաեւ «մանուկ բնութիւն», «մանուկ հասակ», նոր ծագող «մանուկ լուսին» եւ նոր կազմուող «մանուկ լեզու»։ Հայ ժողովուրդի մտածողութեան մէջ ամենէն նուիրականը եկաւ «Թուխ մանուկ» հայկական ժողովրդական սրբատեղիները, որոնք շինուած կ՚ըլլան լեռներու վրայ, գիւղերու մէջ, անտառներէն ներս։ Անոնք ուխտատեղիներ են, մատուռի ձեւով, անշուք խորանով, սրբանկարներով զարդարուած, երբեմն գերեզմանաձեւ, յաճախ բուժիչ եւ սուրբ ջուրի աղբիւրի վրայ։ Հայաստանի մէջ տարածուած են նաեւ «Երից մանկանց» եւ «Քառասուն մանկանց» եկեղեցիները, որոնցմէ Արցախի Երից Մանկանց վանքը կ՚առանձնանայ, որպէս միջնադարեան հայկական եկեղեցաշինութեան փայլուն օրինակ։ Իսկ աշխարհագրական գործածութի՞ւն։ Ունեցաւ։ Համեստ չափերով։ Գիւղ մը Ուրֆա նահանգէն ներս եւ լեռնագագաթ մը՝ Հայաստանի Տաւուշ մարզի մէջ։ Խնձորեսքի մէջ կայ ճարտարապետական իւրօրինակ աղբիւր մը՝ Ինը մանուկ։ Գիւղի ինքնապաշտպանութեան օրերուն զոհուած, ինը մանուկներու մայր Սոնայի յիշատակին, հօրը՝ Ուստա Օհանի շինածն է, որպէս յուշաղբիւր։ Իսկ այսօր ո՞վ կը յիշէ, թէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Կարնոյ Ղարաքիլիսա գաւառակի մէջէն կը հոսէր Մանկասար գետակը եւ անոր ձախ ափին բազմած էր նոյնանուն գիւղը։

Բառը մերժեց մեծնալ։ Հակառակ անոր, որ հայերէն հասուն արմատ մը սովորաբար ծնունդ կու տայ երկու կամ երեք հարիւր բարդ բառի, «մանուկ»ը տուաւ նուազ քան հարիւր։ Կ՚ուզենք յիշել վայելուչ քանի մը օրինակ. գեղեցկամանուկ, մանկաբարբառ, մանկագեղ, մանկաժպիտ, մանկածիծաղ, մանկասայլակ, մանկասէր եւ մանկասիրտ։ Բախտաւոր էր «մանկադէմ» բառը։ Շնորհիւ Վահան Թէքէեանի գրչին, ան յատուկ տեղ գտաւ հայկական քնարերգութեան մէջ.

Եկեղեցին Հայկական ես աչքըս գոց կը տեսնեմ,

Ու կը շնչեմ, կը լսեմ՝ իր Յիսուսով մանկադէմ։

Բառը իր մանուկ ուսերուն վրայ բեռցուց նաեւ անցանկալի բարդութիւններ. մանկակոտոր, մանկակորոյս, մանկամիտ, մանկասպան, մանկատեաց, մանկահեղձ։ Հինգերորդ դարուն երբ մեր մատենագիրները կը թարգմանէին Աստուածաշունչը, «մանուկ»ը գործածեցին 381 անգամ։ Անոնք պէտք ունեցան նաեւ «մանկաբարձ», «մանկակալ», «մանկամարդ», «մանկիկ» եւ «մանկութիւն» բառերուն։ «Մանուկ»ի համար գուրգուրացող ամենամեծ բառը եղաւ «մանկապարտիզպանուհի»։

«Մանուկ» բառը սիրեց նաեւ անձնանուն դառնալ։ 8-րդ դարէն սկսեալ ունեցեր ենք նուիրեալ «Մանուկ»ներ, ինչպէս այն ազնուականը, որ 711 թուականին նահատակուեր է հաւատքի համար։ 1418 թուականին, տանուտէր Ղազարի եղբայր Մանուկը, Վանի մէջ գրել տուեր է Աւետարան մը։ Ունեցանք նաեւ հայագէտ, գրականագէտ, բառարանագիր, բանահաւաք եւ լեզուաբան մը, յանձն՝ Մանուկ Աբեղեանի ու ազատագրական շարժման օրերուն, իր մանուկ հասակին, հայկական հողերու վրայ ոտնձգութիւն կատարողներու եւ հարստահարիչներու դէմ պայքար մղած ազատամարտիկ մը՝ ֆիտայի Գալշօ Մանուկը։

Ընտանիքներ եւս սիրեցին այդ բառը ընդունիլ որպէս մականուն ու դառնալ՝ Մանուկեաններ։ Հրաչեայ Աճառեանը ստուգաբանեց նաեւ, թէ Մանկասար անունն ալ կապ ունի «մանուկ»ի հետ։ Յառաջացած է «մանուկ» եւ պարսկերէն «սար»՝ գլուխ, պետ բառերէն։ Ուստի, «մանկասար» կը նշանակէ՝ մանուկներու գլուխը, ուսուցիչ, վարժապետ։

Մեր ազգի համար նախապատուութիւն էր մանուկներու դաստիարակութիւնը։ Այդ նպատակով ալ 18-րդ դարուն սկսանք հրատարակել գիրքեր, որոնց խորագրին մէջ կար «մանուկ» բառը։ Առաջինը՝ «Ղեկավար մանկանց», 1797, Մատրաս։ Ապա եկան Վենետիկը, Պոլիսը, Զմիւռնիան եւ Թիֆլիսը։ Կ՚արժէ յիշել, թէ 1800-1850 կիսադարին լոյս տեսած «մանկական» 51 գիրքերէն 25 հատը Մխիթարեան հայրերու գործն է։ Անոնք գիրքեր էին «վասն փոքրիկ մանկանց», «ի պէտս մանկանց», «ի կրթութիւն մանկանց», եւ այլն։

Յարգելի ընթերցող, կարծենք, թէ ժամանակը եկած է առաջարկելու նոր բառ մը, որ արժանապէս պիտի պատուէ այս գործունեայ եւ անձնուրաց երկվանկը. «մանկապատիւ»։ Անիկա վեհութեան իւրայատուկ կեցուածք է, որ գոյութիւն ունի միայն պարզամիտ եւ անմեղ անչափահասերու մօտ, եւ անոնց՝ որոնք կը մերժեն մեծնալ։ Այսօր մեր հրաժեշտի խօսքերը կու գան Պարոյր Սեւակէն.

Մարդիկ ուրիշ բան չեն, քան թէ մանուկ՝

Մանուկ - հասակ առած,

Մանուկ - տարեց դառած,

Եւ, վերջապէս, նաեւ մանուկ- ծերուկ։