ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Շատ հետաքրքրական ըլլալու է երեւակայութիւններուն իրողութեան վերածուելու հրաշքը։ Ես պարզութեան մը մէջ երեւակայական պատկերացում ունիմ խաղալիք վաճառող խանութներու նկատմամբ։ Այնպէս տպաւորուած եմ թէ այդ խանութները իրենց ցուցափեղկերով արդէն յայտարարն են յատուկ աշխարհի մը՝ անակնկալներով, անյայտութիւններով լեցուն յատուկ աշխարհի մը։ Իսկ կը զարմանամ յանկարծ, երբ ամենաանսպասելի պահուն կ՚իրականանայ այդ երազը, կը տեսնես խանութ մը, որ ամբողջութեամբ կը յիշեցնէ, այն ինչ որ դուն երազած էիր նախապէս։ Ահա այս տպաւորութեան մատնուեցայ քանի մը օր առաջ, երբ կը շրջէի հնավաճառներու կեդրոն դարձած Չուքուրճումա թաղամասը։ Մանրամասնութիւն մը եւս կայ, որ պէտք է յիշեմ, այդ տեսակի խանութին մէջ կ՚երազեմ նաեւ թոնթոնիկ վաճառորդ մը։ Ի՜նչ զարմանալի այս ալ կատարուեց, եթէ ոչ տեսքով կամ կերպարանքով, բայց մերձեցումով եւ վարուելակերպով խանութպանն ալ հար եւ նմանն էր, այն կերպարին, որ դրոշմուած էր իմ ենթագիտակցութեան մէջ, որպէս խաղալիք ծախող։ Իրականութեան մէջ խաղալիք ծախող խանութէ մը չէ որ ներս կը մտնէի, բայց խաղալիքներու նման հմայիչ էին բոլոր տեսածներս։ Կախարդական բան մը կայ այս խանութին մէջ ու ես պարտաւոր էի այդ կախարդը յստակեցնելու։ Շուտով ծանօթացանք եւ խնդրեցի որ պատմէ ինծի թէ այս գեղեցկութիւններու ծնունդ տուող ոդիսականը ինչպէս սկիզբ առաւ։
Քամէր Քրաչ միջին տարիքով եւ աչքին փայլը միշտ կայծակող անձնաւորութիւն որպէս, դիւրահաղորդ գտնուեցաւ ինծի դէմ։ Կարծես բացաւ իր ներաշխարհը եւ շատ տպաւորիչ կերպով պատմեց նախ իր ընտանիքին եւ ապա որդեգրած ճանապարհին մասին։
«Համեստ ընտանիքի մը զաւակն եմ։ Մեր մօտ ընդունուած սովորութիւն է որոշ տարիքի մը հասած երախան դէպի արուեստ մը մղել։ Իմ ընտանիքն ալ նոյնը ցանկացաւ եւ զիս առաջնորդեցին ոսկերիչի մը քով, որպէսզի ընտելանամ այդ արհեստին։ Ծնողքս մտադիր էր զիս առյաւէտ դպրոց ուղարկելու, խորհելով թէ ուսումը կը դիւրացնէ մարդուս կեանքը։ Սակայն ուսման կողքին ոչ մէկ անպատեհութիւն կար ձեռքի շնորհք պատճառող արհեստի մըն ալ տիրապետելու մէջ։ Այս բոլորը խիստ հասկնալի է մեր միջավայրէն ներս։ Բազմաթիւ ծնողներ կը կիսեն իմ ալ ծնողներուս մտահոգութիւնը։ Այստեղ տարօրինակը, ոչ թէ ծնողներուս նախասիրութիւնն էր, այլ իմ որդեգրած ուղին։ Աշխատանոցի դռնէն մտնելով ես համոզուեցայ թէ այս էր դրախտը եւ մինչեւ այս պահը, այսինքն դպրոցի նստարաններուն վրայ ես դատապարտուած մնացեր եմ դժոխքի տանջանքին։ Կ՚երեւի որոշ չափով պատահականութիւններն ալ այնպէս ձեւացուցին եւ ես իմ վարպետի կերպարին մէջ յայտնաբերեցի իսկական մարդը։ Բնաւ կասկած չունէի այլեւս ամէն ջանք պիտի վատնէի իր նման մէկը դառնալու համար։ Եւ այդպէս ալ ընթացաւ։ Վարպետս ալ փոխադարձ զգացումներով գնահատեց ասպարէզի նկատմամբ իմ նուիրումը։ Կը յիշեմ թէ անգամ մը ինչպէս ոտնակոխած էի խանութէ ներս տիրող սկզբունքը։ Իբրեւ անփորձ աշկերտ մեծ ցանկութիւն կ՚ունենայի վարպետին աշխատութեան հետեւելով տեսածներս ինքս անձամբ գործելու համար։ Մեր աշխատանոցի մէջ խստիւ արգիլուած էր ոսկիէ դուրս որեւէ մետաղով աշխատիլ։ Բայց ես ցերեկուայ ճաշերու ժամուն իր բացակայութենէն օգտուելով գաղտնագողի խաչ մը սարքած էի պղինձը տաշելով։ Մտադիր էի առանց վարպետի գիտակցութեան այդ գործը աւարտել եւ տունիններուն ցոյց տալ իմ կարողութիւնը։ Ափսոս չյաջողեցայ։ Վարպետը նկատեց ըրածս ու լեղապատառ կը սպասէի ինծի հասնելիք պատիժը։ Բայց ի՛նչ պատիժ։ Վարպետը շատ հաւնած էր ըրած գործս եւ մեծ ոգեւորութեամբ դիմեց հարեւան աշխատանոցի մէջ գործող իր գործընկերոջ «տեսա՛ր մեր սրիկային սարքածը»։ Այդ պահուն վարպետիս բերնէն ելած փաղաքշական «սրիկայ» բառէն աւելի ոչ մէկ բան կրնար ինծի ուրախութիւն պարգեւել։ Խոստովանիմ որ մետաղի կամ որեւէ նիւթի վրայ երեւակայութիւններ ունենալ եւ այդ երեւակայութիւնները իրականացնելը արտակարգ գոհացում մըն է ինծի համար»։
Կարծես պատմածները կամ պատմելու պահուն մատնուած յուզումը ինծի ալ հետը կը տանի այդ կախարդական աշխարհը։ Նոր հարցումներ կը ձեւաւորուի մտքիս մէջ կ՚ուզեմ պատասխաններ գտնել, պատմածները տպաւորած է զիս։
Ուրեմն կը հարցնեմ. «Դուք ձեզ արուեստագէտ կը համարէք, թէ ոչ արհեստաւոր»։
Դժուարացաւ այս հարցումին իսկոյն պատասխանելու պահ մը տատամսեցաւ նոյնիսկ։ Ապա խոստովանեցաւ. «Չեմ ուզեր որ մեծխօսիկութիւն ընդունիք, եթէ ըսեմ թէ ես զիս արուեստագէտ կը համար, այլ ոչ թէ արհեստաւոր։ Արհեստաւորը այն է, որուն ցոյց կու տաք բնօրինակ մը եւ ան կատարեալ կերպով կը կրկնէ զայն։ Բայց եթէ այդ օրինակը վերցնէք իր աչքերու առջեւէն ճարահատութեան պիտի մատնուի։ Չի պիտի կրնայ շարժիլ իսկ։ Գալով արուեստագէտին, նոյնիսկ դուք իրեն առաջարկէք օրինակի մը կրկնութիւնը ան իր երեւակայութեան թռիչք պիտի տայ եւ պիտի արտադրէ, այնպէս ինչպէս որ իր մէջէն կը բխի։ Ես առաջին օրէն հետեւած եմ իմ երազածը իրականացնելու ճամբուն»։
Միտքս կը տանջուի նոր հարցումներով արդեօք կարելի է երազներով ապրուստ ճարել։ Չէ որ մտերիմ կը խօսի կը համարձակիմ հարցնելու։ Պատասխանին մէջ դարձեալ փիլիսոփայութիւն կը գտնեմ։ «Չէք կրնար երեւակայել թէ այս շուքի մէջ մնացած թաղի նեղ փողոցներու մէջ ովքեր հետաքրքիր կը շրջին, կ՚այցելեն այս խանութը եւ ապա իմ արտադրանքները կը տանին մինչեւ իրենց հեռաւոր երկիրները եւ օրինակի համար Պեւրլի Հիլսի խանութին մէջ կը մատուցեն իրենց յաճախորդներուն։ Եւ ովքե՞ր կան այդ յաճախորդներու մէջ։ Անուններ որոնք բոլորիս զարմանք կը պատճառէն, քանի որ աշխարհահռչակ դերասաններ են բոլորն ալ։ Օրինակի համար անձնական ծանօթութիւն մը չկայ մեր միջեւ, բայց Քիմ Քարտաշեան կամ Շեր Սարգսեան գիտեն, որ իրենց կուրծքը կամ մատներին զարդարող գոհարեղէնը պոլսեցին հայ վարպետ Քամէր Քրաչի արտադրութիւնն է»։
Դուրս ելած եմ կախարդանքներով լեցուն խաղալիքներու խանութէն, բայց աւելի մեծ անակնկալը կարծես, թէ պահուած էր Քամէր Քրաչի վերջին տողերուն մէջ. «Յաճախորդներ կու գային, հիացումով կը դիտէին ստեղծած գործերս, բայց արժէքը կը գերազանցէր իրենց կարողութիւնը։ Իրենց մատնուած զրկանքը զիս ալ կը յուզէր։ Եթէ էականը իմ միտքն ու մտայղացումն է, մետաղին կամ քարին արժէքը պէտք չէ արգելք ըլլայ մարդկանց այդ գործերը վայելելուն։ Սա կողքի ցուցափեղկին մէջ ցուցադրուածները ոչ ոսկի են, ոչ ալ թանկարժէք քարեր։ Շատ աւելի մատչելի գինով իմ ճաշակը ու ձեռքի շնորհը արծաթով կամ արհեստական քարերով կը մատուցեմ մարդկանց եւ իրենց հետ կը բաժնեմ հաւնած բանի մը տիրանալու ուրախութիւնը»։
Փիլիսոփայութիւն կոչուածը կեանքի սովորական ապրումներուն մէջ է, որ կը գտնէ իր դրսեւորումը։