ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Աֆրինի անկումը եւ այդ անկումի մեղաւորները

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձին բա­ցուած փա­կագի­ծը ար­դէն փա­կուած է եւ Թուրքիա սկսած է Տար­տա­նելի պա­տերազ­մի յաղ­թա­նակը յի­շատա­կել աւան­դա­կան թո­ւակա­նով, որն է Մար­տի 18։ Թրքա­կան գիւ­տա­րար քա­ղաքա­կան միտ­քը երեք տա­րի առաջ ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձին ար­ժա­նի կեր­պով յի­շատա­կուե­լուն, յան­կարծա­կի որո­շու­մով թո­ւակա­նի փո­փոխու­թիւն մը կա­տարած եւ Տար­տա­նելի պա­տերազ­մը նշե­լու հա­մար յայ­տա­րարած էր Ապ­րիլ 24 թո­ւակա­նը։ Ու­րա­ցու­մը իւ­րա­ցու­ցած մտայ­նութեան մը հա­մար շատ ալ զար­մա­նալի չէր այս պարզ ու­շադրու­թիւն շե­ղելու փոր­ձը։ Աւե­լի կա­րեւորն այն էր, որ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ գտնո­ւեցան քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ, որոնք յա­մենայն հեշ­տութեամբ ըն­դա­ռաջե­ցին Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րու հրա­ւէրին, միաս­նա­բար յի­շելու հա­մար Տար­տա­նելի պա­տերազ­մի դա­րադար­ձը։

Այն ժա­մանակ ալ մտա­ծած էի Եւ­րո­պական տէ­րու­թիւննե­րու եր­կե­րեսու­թեան մա­սին։ Հա­րիւր տա­րի առաջ, երբ հայ ժո­ղովուրդը ար­մա­տախիլ կ՚ըլ­լար իր հա­րազատ երկրին մէջ, օգ­նութիւն պա­ղատած էր արեւմտեան եր­կիրնե­րէն կար­ծե­լով, թէ իբ­րեւ քրիս­տո­նեայ տէ­րու­թիւններ անոնք ան­տարբեր չեն մնար իրենց կրօ­նակից եղ­բայրնե­րուն նկատ­մամբ։ Ար­դա­րեւ եկած պա­տաս­խանն ալ ծի­ծաղա­շարժ ոճով կը հաս­տա­տէր քրիս­տո­նէական եղ­բայրու­թիւնը ու կ՚աւար­տէր «բայց ինչ մեղք, որ Անգլիոյ թա­գու­հիի նա­ւատոր­մը չի կրնար անցնիլ հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հը» տո­ղերով։ Հա­րիւր տա­րի անց նոյն Անգլիոյ գա­հաժա­ռանգ իշ­խա­նին նա­խագահ Էր­տո­ղանին հրա­ւէրին ըն­դա­ռաջելն ալ այդ մտայ­նութեան յա­րատե­ւու­թեան ապա­ցոյ­ցը չէ՞ մի­թէ։

Այս տա­րի նա­խագահ Էր­տո­ղան Տար­տա­նելի պա­տերազ­մի յի­շատակ­ման օրը հա­սարա­կու­թեան կ՚աւե­տէր Աֆ­րի­նի ան­կումը։ 58 օրո­ւայ դի­մադ­րութե­նէ ետք քիւրտ զի­նեալ ու­ժե­րը քա­ղաքի խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու կեան­քը վտան­գե­լէ խու­սա­փելով նա­հան­ջած էին դէ­պի մօ­տակայ վայ­րեր եւ թրքա­կան բա­նակը առանց լուրջ դի­մադ­րութեան գրա­ւած էր Աֆ­րի­նը։

Այստեղ եւս կ՚ար­ժէ արեւմտեան եր­կիրնե­րու որ­դեգրած քա­ղաքա­կանու­թեան մա­սին խօ­սիլ։ Մին­չեւ կարճ ժա­մանակ առաջ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տերազ­մի պայ­մաննե­րէն իրենց հա­մար նպաստներ ակնկա­լող Եւ­րո­պական տէ­րու­թիւննե­րը կ՚ող­ջունէին քրտա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու տա­րած մեծ դի­մադ­րութիւ­նը ի դէմ ՏԱԻՇ կո­չուած ահա­բեկիչ խմբակ­նե­րու։ Բայց ապա, երբ իր ամ­բողջ էու­թեամբ այդ ահա­բեկ­չա­կան խումբին զօ­րակ­ցող Էր­տո­ղան ռազ­մա­վարու­թիւն փո­խեց եւ յայ­տա­րարեց թէ ինք կը պայ­քա­րի ահա­բեկ­չութեան դէմ, նոյն այդ շրջա­նակ­նե­րը ան­մի­ջապէս ուղղու­թիւն փո­խեցին եւ իբ­րեւ թէ հա­ւատա­ցին Էր­տո­ղանի յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն։ Ահա այ­սօր քա­ղաքի ան­կումէն ետք արեւմտեան մա­մու­լը կրկին կ՚ար­ձա­գան­գէ թուրք բա­նակին առաջ­նորդող իս­լամ պե­տու­թեան զի­նուոր­նե­րուն գոր­ծադրած թա­լանի երե­ւոյթնե­րը։

Եթէ թա­լան ըսե­լով պի­տի հասկնանք կո­ղոպուտ, սա այդ կո­ղոպու­տի ամե­նաթ­շո­ւառ մա­կար­դակն է, քա­նի որ աւա­զակ­նե­րը կը զի­ջին իրենց թա­լանած տու­նե­րու ամե­նապարզ նիւ­թե­րը գո­ղանա­լու։ Հե­ռուստաէգ­րաննե­րէն կը դի­տենք նոյ­նիսկ բար­ձեր, վեր­մակներ կամ սա­ւան­ներ յափշտա­կած զի­նուոր­նե­րու կեր­պա­րանքներ։ Երբ այս մա­սին ափ­սո­սան­քով կը զրու­ցէինք բա­րեկա­միս հետ ան կ՚առար­կէր ըսե­լով, թէ զար­մա­նալի ոչ մէկ բան կայ այս երե­ւոյ­թին մէջ, քա­նի որ նոյ­նը պա­տահած էր Կիպ­րա­կան պա­տերազ­մի օրե­րուն ալ։

«Թուրքիա իրա­ւունք ու­նի իր սահ­մաննե­րու անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու» ըսող Եւ­րո­պան այս վեր­ջին օրի­նակով ան­գամ մը եւս ապա­ցու­ցած եղաւ իր եր­կե­րես դի­մագի­ծը։ Իրաւ ալ այս դի­մագի­ծը տես­նե­լով զար­մա­նալը տա­րօրի­նակ է։ Ու­րիշ ի՞նչ պէտք է սպա­սէինք, եր­կիր մը՝ որ իր քա­ղաքա­կան հա­շիւ­նե­րը կը տես­նէ սպառ­նա­լիք­նե­րով։ բնա­կան է որ սա­կար­կութիւննե­րով ալ հաս­նի նպա­տակ­նե­րու։

Աֆ­րի­նի ան­կումը վեր­ջա­կէտ մը չէ, այլ ընդհա­կառա­կը Օս­մա­նեան պե­տու­թեան վե­րակեն­դա­նացու­մը ցան­կա­ցող մտքի մը սկզբնա­կէտը։ Նա­խագահ Էր­տո­ղան ան­կումէն ան­մի­ջապէս ետք յայ­տա­րարեց իր նոր թի­րախ­նե­րը, որոնք կը ծա­ւալին Սու­րիոյ հիւ­սի­սային հա­տուածն ի վեր։

Իբ­րեւ թէ ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րելու նպա­տակով ճամ­բայ ելած բա­նակը հի­մա կը փոր­ձէ իր եր­թը շա­րու­նա­կել դէ­պի Սին­ճար, Արաբ­փունար, Թէլ Ապիատ, Ռես­լայն եւ մին­չեւ Ղա­միշ­լի։ Այ­սինքն Սու­րիա 1967-ին Իս­րա­յէլին զի­ջած Կո­լանի բլուրնե­րէն ետք պի­տի ու­նե­նայ բա­զում տա­րիներ գլխա­ցաւ պատճառելու ատակ նոր դիւանագիտական ճգնաժամ մը։

Խերով ըլլայ բոլորիս։