Թերթիս նախորդ թիւին մէջ անդրադարձած էինք «Անի՝ քարին քերթուածը» խորագրեալ ցուցահանդէսի մասին։ Նաեւ նշած էինք, թէ այս համարով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Անիի աւերակներու ամրացման ծրագրի երկու կարեւոր գիտաշխատողներ՝ վերանորոգման ճարտարապետ Եաւուզ Էօզքայա եւ Նորվեկիոյ մշակութային ժառանգի ինստիտուտի փոխ նախագահ Արմէն Կազարեանի հետ Բագրատ Էսդուգեանի եւ Եդուարդ Տանձիկեանի կատարած հարցազրոյցը։
Սկսինք «ի՞նչ տեսակ ցուցահանդէս մըն է այս» հարցումով։
Եաւուզ Էօզքայա- 2006 թուականէն ի վեր Անիի մէջ նախագիծեր կը մշակենք։ Վերջին հինգ տարիներուն ալ սկսած ենք այս նախագիծերու գործադրութեան։ Այդ ծիրէն ներս Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերանորոգման համար որոշեցինք բնական քարէ օգտուիլ։ Եկեղեցւոյ շինութեան մէջ օգտագործուած քարէն առատօրէն կը գտնուէր այդ տարածքին վրայ։ Սակայն Կարսի մէջ այդ քարը մշակելու յարմարութիւն ունեցող աշխատանոցներ չկային։ Արմէն առաջարկեց Հայաստանցի քարտաշի մը անունը, որ նաեւ ճարտարապետ էր։ Ինք եկաւ Կարս եւ յայտնեց, թէ այդ նոյն քարը կայ նաեւ Հայաստանի մէջ ու հոն յաւելեալ կերպով կարելի է նաեւ քարը մշակել։ Այս առաջարկը բաւական համոզիչ թուեցաւ բոլորին եւ միասնաբար Երեւան գացինք։ Սա իմ առաջին այցելութիւնն էր դէպի Հայաստան։ Վիզայի կարգադրութիւններուն համար մեզի օգնական եղաւ մշակոյթի նախարարութեան մէջ աշխատող տիկին մը, որուն անունը մեզի փոխանցած էր սիրելի Օսման Քաւալան։ Իրենց պարզեցինք մեր նպատակը եւ քարի կարիքը, իսկ հայաստանցիներ աւելի լրացուցիչ տեղեկութիւններ պահանջեցին մեզմէ։ Ահաւասիկ այդ պահուն գոյացաւ խնդրոյ առարկայ յաւելեալ տեղեկութիւնները աշխատանոցի մը դրութիւնով փոխանցելու գաղափարը։ Ես այս կարիքը փոխանցեցի Օսման Քաւալային եւ ան ալ իսկոյն ձեռնարկեց սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպման գործին։
Ուրեմն ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ կայացաւ նախ։
Ե.Էօ- Ո՛չ, մեր Երեւանի հանդիպումը կայացած էր 2016-ի ամրան, իսկ ցուցահանդէսի գաղափարը ծագեցաւ 2017-ին։ Միջոցները ապահովելու ջանքերով ահա եւս անցան ժամանակներ եւ հազիւ հիմա Քաւալայի բացակայութեան է որ կը կատարենք ցուցահանդէսի բացումը։
Ուրեմն ցուցահանդէսը պիտի կրկնուի նաեւ Երեւան։
Ե.Էօ.- Այո, այս հանգրուանէն ետք կ՚անցնինք Երեւան եւ ապա Օսլօ։ Աւելի ուշ տարբեր տեղեր եւս ցուցահանդէսը կրկնելու մտադիր ենք։
Քարերը Երեւանէն փոխադրելը աւելի հեշտ պիտի ըլլա՞յ։
Ե.Էօ.- Աւելի հեշտ առանց վարանումի։ Կարսի մէջ քանի որ այդ հնարաւորութիւնը չունինք շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ մշակուած քարերով աշխատիլ։
Իսկ ի՞նչ վիճակի է եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը այս պահուն։
Ե.Էօ- Նախ նշեմ, որ մեր աշխատութիւնը կեդրոնացած է Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վրայ, որուն կէսը 1957-ին ամբողջովին փլած է։ 2012-ին այդ փլատակը դասաւորեցինք, թուարկեցինք եւ գրանցեցինք։ Այժմ կ՚ուզենք եկեղեցւոյ մնացորդացը ամրացնել նման վնասի մը կրկնութիւնը կանխելու համար։
Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնն ալ ներգրաւուա՞ծ է այս գործին։
Ե.Էօ.- Մշակոյթի նախարարութիւնը ներգրաւուած է նորոգման խնդրին հետ առնչուած, ո՚չ թէ ցուցահանդէսին։ Արդէն առաջին նախագիծը իրենք է, որ պահանջեցին 2008 թուականին։ Սակայն այդ օրէն այս օր բաւական լուրջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։
Մեր միտքը կառչած մնաց քարերու նիւթին, քանի որ ցամաքային սահմանը փակ է երկու երկիրներու միջեւ։ Ինչպէ՞ս պիտի տեղափոխէք քարերը։
Ե.Էօ.- Ճիշդ է որ խոչնդոտ մըն է այս, քանի որ քարերը անմիջապէս մեր դիմացն են, բայց մենք անոնց պիտի տիրանանք Վրաստանի ճանապարհով։
Հապա ի՞նչ է Նորվեկիոյ ինստիտուտի դերակատարութիւնը այս բոլորին մէջ։
Ե.Էօ.- Այս մասին առաջին անգամ Օսման Քաւալան էր, որ յայտնեց թէ նորվեկիացիներ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են այս ծրագրի նիւթական բեռը հոգալու համար։ Այդ առաջարկը եկած ատեն մենք արդէն որոշ ճանապարհ հարթած էինք։ Սակայն հին քաղաքի անմիջական հարեւանութեամբ կար գիւղեր եւ վանքեր, ուր մինչեւ միջնադարեան շրջան բնակութիւն եղած էր։ Այդ տարածքը Անիի հետ ծաղկած էր։ Այս մասին հատուկենտ տեղեկութիւններ ունէինք, որոնց վրայ լուրջ աշխատութիւն չէր կատարուած։ Այս յայտնութիւնը շահեկան թուեցաւ նաեւ նորվեկիացիներուն եւ իսկոյն սկսանք ծրագրել «Ani in Contekst» խորագիրով։ Նախագիծը թարգմանուեցաւ հայերէնի եւ թրքերէնի։ Ութօրեայ աշխատանոց մը կատարեցինք, որուն հովանաւորն էր Նորվեկիոյ ինստիտուտը։ Փորձեցինք յստակեցնել միջնադարեան Անիի կեանքը։ Ունէինք արդէն գիտցուածներ եւ աւելի մեծ թիւով ալ անյայտներ։ Նշեմ որ այս աշխատութեան մէջ բաւականին օգտուեցանք նաեւ Բարս Թուղլաճըի ուսումնասիրութենէն։
Արմէն Կազարեան- Պարոն Եաւուզը համառօտեց, թէ այս ծրագիրը ինչպէս սկսաւ։ Ան ինչ որ պատմեց Ս. Փրկչի վերակերտման, ամրացման մասին, շատ կարեւոր գործ ըրած է։ Այս կ՚ըսեմ անոր համար, որ Անիի մէջ առաջին անգամ յուշարձանի գրագէտ ամրացում կը կատարուի։ Այդ ոչ թէ լիակատար վերաշինութիւն է, այլ ամրացում որպէսզի մնացածն ալ չփլի։ Եաւուզ եւ Օսման Քաւալայի միջոցաւ ծրագրին մասնակցեցան համաշխարհային մասնագէտներ։ Եւ նաեւ ինձ հրաւիրեցին որպէս գիտական խորհրդատու։ Այսօր կը հասկնամ թէ որքան բախտաւոր եղած եմ նման մարդկանց հետ աշխատելով։ Այդ բախտի խորգին իմ եւ Օսման Քաւալայի ծանօթութիւնն է 2008 թուականին։ Անատոլու Քիւլթիւրը Գօչ համալսարանին մէջ կազմակերպած էր գիտական աշխատանոց մը։ Հրաւիրուած էին տեղացի, Հայաստանէն եւ Վրաստանէն գիտնականներ։ Ինձ ալ հրաւիրեցին եւ այդպէսով ծանօթացայ այս շրջանակի հետ, որ նոր կը ստեղծուէր։ Իրար անծանօթ մարդիկ էինք այդ ժամանակ։ Հոն Եաւուզ պէյը ինծի պատմեց Անիի վերականգման մասին առաջին նախագիծերուն, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցւոյ, Մանուչեհրի մզկիթի եւ Ապուղամրենց եկեղեցիի աշխատութիւններուն մասին, որոնք հետագայում նորոգուեցան։ Սա արդէն մեծ քայլ էր համեմատուած տասնըհինգ տարի առաջ կատարուած վերականգման ձախորդ աշխատանքներուն հետ։ Պարիսպները եւ Պարոնի պալատը շատ վատ ձեւով ամրացուցած էին։ Ես մեծ հաճոյքով աշխատեցայ իրենց հետ, քանի որ շատ գրագէտ շրջապատ էր։ Նաեւ բացի Անիի վերականգման աշխատանքներէն, մի քանի այլ ծրագիրներու մէջ ինձ ներգրաւեցին իմ ընկերները, յատկապէս Օսման Քաւալան։ Թուրքիայի եօթը պատմական վայրերուն արշաւախումբեր կազմակերպել եւ ստուգել թէ ինչ կատարուած է պատմամշակութային ժառանգի հետ։ Շատ կարեւոր էր Մուշ, Բալու եւ Խարբերդ այցելել։ Թէեւ ժամանակի առումով շատ մարդկանց հետ չեմ կրցած հանդիպիլ, բայց կարեւոր փորձ մըն էր։ Կարեւոր էր նաեւ այն իմաստով թէ ծանօթացանք հայ վարպետի հետ, քարի գործով կը զբաղէր ու միաժամանակ ճարտարապետ էր Աւետեան Արայիկը։ Աւելցնեմ թէ սա շատ դժուար գործ էր թէ քաղաքական եւ թէ մարդկային առումով։ Բայց կարծես թէ ստեղծուեց այս ընկերական շրջանակը, ինչ որ շատ կարեւոր է։ Եւ այդ շրջապատի մի մասն ալ կը կազմէ Պոլսի «ՀայՃար»ի ճարտարապետները։ Պարոն Զաքարիա Միլտանօղլուի եւ ընկերներուն ներդրումը շատ արդիւնաւէտ էր։
Ձեր երկուքին ալ կ՚ուզեմ հարցնել, կատարուածը վերաշինութիւն է՞, թէ ոչ մնացածին պահպանման համար ամրացում։
Ե.Էօ.- Երկրորդը անշուշտ։ Եկեղեցին վերակառուցելը շատ յաւակնոտ եւ երկարատեւ աշխատութիւն պահանջող մօտեցում է։ Անիի մէջ պահպանման ծրագիրը դեռ նոր կը սկսի։ Այդպիսի ծրագիր մը չկար, վարչական ծրագիր չկար, այդ բոլորը նոր կը ձեւաւորուին։ Հազիւ անկէ ետք է որ վերջնական նկարագիրը պիտի որոշուի։ Մենք շտապ կանխամիջոցները ուսումնասիրեցինք եւ ներկայացուցինք։ Ցոյց տուինք փլուզման ենթակայ հատուածները։ Առաջարկեցինք երկաթեայ ցօղերով ամրացնելու փոխարէն քարեր հիւսելով եւ հարազատ տեսքը պահելով ամրացնել։ Յետոյ տանիքի համար առաջարկեցինք պահպանման միջոցներ։ Աւելի ճիշդը պահպանող ծածկոյթ մը առաջարկեցինք։ Սա առաջին հանգրուանի կանխամիջոցներն են։ Այնքան բացթողումներ եղած են որ, հարիւր տարի անցեր է, Նիկողայոս Մարրի առաջին շրջանի աշխատութիւններու վրայէն եւ անկէ վերջ ոչինչ։ Այդ պատճառաւ հանգրուաններ առաջարկեցինք։ Վերջնական հանգրուանին եթէ որոշում կայացուի վերակառուցման համար, որ մեր կեանքը չի բաւեր այդ հանգրուանը տեսնելու, կը կատարուի։ Մենք այժմ եղածը պահպանելու կը ջանանք։
Տարիներ առաջ լսած էի Հայաստանցի ճարտարապետ Վարազդատ Յարութիւնեանի բանախօսութիւնը։ Ան կը պատմեր թէ վերակառուցման կամ ամրացման ժամանակ պակասած քարերը պէտք է տարբեր քարի տեսակով լրացնել, որպէսզի տարբերուի բնօրինակը եւ վերաշինուածը։ Իսկ դուք կը խօսիք նոյն տեսակ քարեր գործածելու մասին։
Ե.Էօ.- Հասկցայ ձեր հարցումը։ Նիւթը կը վերաբերի Վենետիկեան կանոնադրութեան։ Այդ կանոնադրութիւնը սակայն յարատեւօրէն կը վիճառկուի եւ կ՚այժմէանայ։ Շինանիւթ մը միայն իրեն հետ հաշտուող նիւթի հետ կրնաք միացնել։ Պեթոն կամ կրանիտի գործածութիւնը կրնայ վնասել ձեր պատմական քարին։ Նախապէս տարբերութիւնը շեշտելու համար առաջարկուեցան այս բոլորը։ Մենք ալ ունինք նոյն մտահոգութիւնները, որուն համար տարբեր միջոցներ ունինք։ Միջոցներէն մէկն է քարերէն մէկուն աւելի խոր, միւսին աւելի դուրս ցցուած կերպով հիւսուիլը։ Անոր կողքին մենք նախապատուութիւն տուինք անջատող մակերեսին։
Ա.Կ.- Նոյն քարը օգտագործես իսկ նոյնը չստացուիր, տարբերութիւնը կ՚երեւի։ Նոյնիսկ նոյն հանգի տարբեր շերտերէն եկած քարերը կը տարբերուին իրարմէ։ Ես ալ կողմնակից եմ որ երեւայ տարբերութիւնը։ Անշուշտ ոչ շատ ուժեղ, աչքը անհանգստացնելու աստիճան։
Թուրքիան շրջած էք, Անիի նման ուրիշ ուրտեղի՞ համար կ՚ուզէիք թէ նման աշխատանք տարուի։
Ա.Կ.- Անիի չափով նմանը չկայ։ Ոչ միայն հայկական յուշարձաններու առումով։ Այսպիսի քաղաք բազմաթիւ եկեղեցիներով, պարսպապատերով Պոլսէն մինչեւ Անի այդ տեսակի, այդ մակարդակի նմանը չկայ։ Անին մայրաքաղաք էր ի սկզբանէ։ Որպէս մայրաքաղաք կառուցուած էր։ Անիի արժէքը համաշխարհային է։ Կապատովկիոյ եկեղեցիները շատ լաւն են։ Յուզիչ են, զարմացնող են ժայռափորները եւայլն։ Բայց մշակութային արժէքի տեսակէտէ Անին իմ կարծիքով շատ աւելի բարձր է։ Կարելի է բաղդատել Բիւզանդական Կոստանդնուպոլսի հետ։ Միջնադարեան արեւելքի քրիստոնեայ տարածքներու մէջ փաստօրէն գոյութիւն ունէր երեք բարձրութիւններ՝ Կոստանդնուպոլիսը, Երուսաղէմը եւ Անին։ Կային նաեւ մահմետական քաղաքներ։ Ի հարկ է ամբողջութեամբ քրիստոնեայ չէր ոչ մի քաղաք, բայց հիմնական քրիստոնեայ ոչ մի մեծ քաղաք Անիի ճարտարապետական նշանակութիւնը ունի։ Յիշենք որ ճարտարապետութեան կոթական ոճը հազիւ ԺԳ դարուն կը յայտնուի Եւորպայի մէջ։ Իսկ անոր կիրարկումը կը տեսնենք շուրջ երկու դար աւելի կանուխ Անիի մայր տաճարի վրայ։ Ես հիմա մի ուսումնասիրութիւն կ՚ընեմ, ուր կը համեմատեմ Անին կոստանդնուպոլսոյ հետ։ Նոյնիսկ Սմբատեան պարսպապատերը Թհէոտոսիոս կայսեր պատերին հետ։ Ուրիշ տեղ մենք չենք տեսներ նման երկշերտ պատեր եւ աշտարակներ որոնց մէջ մի քանի յարկաբաժիններ կան։ Արեւելեան հին սովորոյթի համաձայն այդ աշտարակները միշտ վեհաշուք էին եւ հանդիսաւոր։ Իսկ Անիին պատերը աւելի հանդիսաւոր են։ Միշտ սրբատաշ են եկեղեցիներու նման։ Ոչ թէ միայն պաշտպանութեան ամրոց էին, այլ նաեւ մայրաքաղաքի նշան։ Եւ պատերու մէջ բազմաթիւ խաչքարեր կան։ Բազմաթիւ կենդանիներու կերպարներ եւայլն։ Այս ալ կը նշանակէ թէ որպէս սրբութիւն մօտեցած են այդ պատերուն եւ այդ քաղաքին։
Ե.Էօ.- Յիշեցնեմ թէ մայր տաճարի ճարտարապետ Տրդատ Պոլիս կը հրաւիրուի Սուրբ Սոֆիայի գմբեթի վերաշինութեան համար։ Սա կը նշանակէ նաեւ Անիի ճարտարապետութեան եւ ճարտարագիտութեան բարձր մակարդակը։ Հայեր ապրելով երկրաշարժի գօտիին վրայ, շինարարական գիտութիւնն ալ համապատասխան կերպով զարգացած է։ Անիի կարեւոր յատկութիւններէն մէկն ալ այն է որ լքուած է եւ չէ վերանորոգուած մինչեւ օրս։ Ան լքուած է ԺԳ դարէն եւ պահպանուած ու հասած է մեր օրերուն։ Կոստանդնուպոլիսը այժմ չկայ, քանի որ անընդհատ վերակառուցուած է։ Այդ առումով Անին կարելի է համեմատել հին յունական Եփեսոսի, Բերկամոնի նման քաղաքներուն հետ, կամ Փալմիրայի հետ։ Եւ հետաքրքիր էր մի ռուս ժուրնալիստ թէ գրող Մորալիովը յօդուած գրած էր կոչելով Անին «Փալմիրա»։