ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մեր պարերը, մեր երգերը

Պատահական պարտադրանքով երկու օր իրարայաջորդ կերպով վայելեցինք հայկական ազգային պարարուեստի բարձրորակ ներկայացումներ։ Մեր դատողութեամբ երկուքն ալ «ազգային» էին եւ երկուքն ալ «բարձրորակ»։ Սակայն իրականութեան մէջ կարեւոր գիծերով կը տարբերէին իրարմէ։ Տարբերութիւնը կու գար ազգագրականի եւ գե­ղարուես­տա­կանի շփո­թու­թե­նէն։ Այդ շփո­թու­թիւնը մօտ 40 տա­րուայ ան­ցեալ ու­նի պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թեան մօտ։ Երբ 1970-ական­նե­րու սկիզ­բը Խա­չիկ Աբե­լեանի մի­ջոցաւ առա­ջին ան­գամ լայն բե­մերու վրայ ըմ­բոշխնե­ցինք հայ­կա­կան պա­րը, չէինք անդրա­դար­ձած ազ­գագրա­կան բնոյթ ու­նե­ցող­նե­րուն եւ ժա­մանա­կակից պա­րու­սոյցնե­րու հե­ղինա­կու­թիւն եղող պա­րի յօ­րինումնե­րուն, կամ աւե­լի ծա­նօթ բա­ցատ­րութեամբ քո­րէոկ­րա­ֆիանե­րուն։ Իսկ այ­սօր շնոր­հիւ Թա­­թուլ Ալ­­թունեանի անուան եր­­գի-պա­­րի հա­­մոյ­­թի, Մա­­րալ պա­­րախումբի եւ Կա­­րին պա­­րային ան­­սամպլի իրա­­րայա­­ջորդ ներ­­կա­­­յացումնե­­րուն, յստա­­կօրէն նկա­­տեցինք եր­­կուքին տար­­բե­­­րու­­թիւնը։ Նշենք որ, հա­­րազա­­տու­­թեան առու­­մով ոչ մէկ տար­­բե­­­րու­­թիւն պի­­տի տես­­նենք այդ եր­­կուքի մի­­ջեւ։ Այս հաս­­տա­­­տու­­մով ալ հա­­կասած պի­­տի ըլ­­լանք Կա­­րին խումբի պա­­րու­­սոյց Գա­­գիկ Կի­­նոսեանի հաս­­տա­­­տու­­մին։ Ան յօ­­րինուած պա­­րերը ապազ­­գա­­­յին հա­­մարած էր նոյ­­նիսկ անոնց վե­­րագ­­րե­­­լով սո­­վետա­­կան կա­­ղապար մը։ «Ստա­­լին վրա­­ցի էր եւ այդ տա­­րինե­­րուն վրա­­ցական ոճը պար­­տադրուեցաւ բո­­լորին» կ՚եզ­­րա­­­կաց­­նէր ան։ Միւս կող­­մէ Թա­­թուլ Ալ­­թունեանի անուան եր­­գի-պա­­րի ան­­սամպլի ոճը ազ­­դուած կ՚երե­­ւէր ան­­կա­­­խու­­թեան շրջա­­նի ընդհա­­նուր տրա­­մադ­­րութե­­նէն եւ պա­­րերու մէջ կը նկա­­տուէր չա­­փազան­­ցուած ռազ­­մա­­­տեն­­չութիւն մը։ Երե­­ւոյթ՝ որ նաեւ ծա­­նօթ է հայ եր­­գի բնա­­գաւա­­ռէ ներս եւս։ Թե­­րեւս ըն­­կե­­­րային հո­­գեբա­­նու­­թեան առու­­մով հասկնա­­լի բա­­ցատ­­րութիւններ ու­­նե­­­նայ, բայց խոս­­տո­­­վանինք որ մենք կը շա­­րու­­նա­­­կենք երա­­զել 1970-ական տա­­րեթի­­ւերու պա­­րերու հմայ­­քը։

Ճիշդ է որ խորհրդա­­յին գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւնը նոր հո­­րիզոն­­ներ բա­­ցաւ մեր դի­­մաց։ Այդ հո­­րիզոն­­նե­­­րը տար­­բեր բնա­­գաւառ­­նե­­­րու մէջ տուին իրենց ար­­դիւնքնե­­րը։ Այդ ար­­դիւնքնե­­րէն պէտք է հա­­մարել նոյն ինքն Երե­­ւան մայ­­րա­­­քաղա­­քը։ Բո­­լորս գի­­տենք, թէ հիմ­­նադրու­­թեան տա­­րեթի­­ւով Հռո­­մէն ան­­գամ աւե­­լի մեծ ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող Երե­­ւան Ի. դա­­րու սկզբին աննշան աւա­­նի մը երե­­ւոյ­­թը ու­­նէր։ Այն ինչ, որ իբ­­րեւ քա­­ղաքա­­շինու­­թեան յա­­ջող օրի­­նակ կը ներ­­կա­­­յանայ մեր առ­­ջեւ, ամ­­բողջո­­վին կը պատ­­կա­­­նի խորհրդա­­յին շրջա­­նին։ Ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան կող­­քին քան­­դա­­­կագոր­­ծութիւ­­նը, նկար­­չութիւ­­նը, երաժշտու­­թիւնը, գրա­­կանու­­թիւնը ո՛չ միայն հսկայ ար­­ժէքներ նուիրե­­ցին մեր ժո­­ղովուրդին, այլ նպաս­­տե­­­ցին ժո­­ղովուրդի զար­­գացման։ Այ­­սօր Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանին «Կին­­տօ­­­ներու պար» երաժշտա­­կան պատ­­կե­­­րը եւ Վա­­նուշ Խա­­նամի­­րեանի այդ երաժշտու­­թեան վրայ յօ­­րինած պա­­րը «օտար» հա­­մարե­­լու հա­­մար ոչ մէկ պատ­­ճառ ու­­նինք։ Ինչպէս որ չենք կրնար օտար հա­­մարել Արամ Խա­­չատու­­րեանի «Գա­­յիանէ» պա­­լէի բա­­ժին­­նե­­­րէն «Լեզ­­կինքա»ն կամ «Մոլ­­տա­­­ւացի­­ներու պար»ը։ Սո­­վետի գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւնը գե­­տին պատ­­րաստեց, թէ ազ­­գա­­­յին մշա­­կոյ­­թի բար­­գա­­­ւաճ­­ման եւ թէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին գե­­ղեց­­կութեան բո­­լորին հա­­սանե­­լի ըլ­­լա­­­լուն։ Ար­­դեօք կա՞ն ատրպէյ­­ճանցի­­ներ, որոնք Քա­­րա Քա­­րայե­­ւը մե­­ղադ­­րեն Տոն Կի­­խոտ յօ­­րինե­­լու կամ ռու­­սեր Մո­­յիսէ­­յեւի պա­­րախումբը «Կալ­­մուխնե­­րու պար» պա­­րելուն հա­­մար։

Վեր­­ջա­­­պէս չենք կրնար ու­րա­նալ, թէ հայ ազ­գագրա­կան երաժշտու­թեան մեծ վար­պետ Հայ­րիկ Մու­րա­տեանը այդ նոյն սո­վետա­կան շրջա­նի արուես­տա­գէտ է։ Ու­րեմն մենք առանց վա­րանե­լու նոյն հա­մակ­րանքով կը մօ­տենանք, թէ ժո­ղովուրդի առօ­րեայէն հա­սակ առած գեղ­ջուկ եր­գե­րուն, կա­լերգնե­րուն կամ հո­րովել­նե­րուն եւ թէ Ալեք­սէյ Հե­քիմեանի, Խա­չատուր Աւե­տիսեանի եւ այլ ան­հա­մար եր­գա­հան­նե­րու մե­րօրեայ յօ­րինումնե­րուն ու Ազատ Ղա­րիպեան կամ Վա­նուշ Խա­նամի­րեանի նման հսկա­ներուն ստեղ­ծած պա­րերուն։ Բո­լորն ալ մերն են եւ չեն հա­կադ­րուած մէ­կը միւ­սին դէմ։

pakrates@yahoo.com