Թուրքիոյ զինեալ ուժերու դէպի Աֆրին կատարած յարձակողական գործողութիւնը արդէն բոլորած է 54 օրեր եւ ըստ վերջին տեղեկութիւններու քաղաքը կը պատրաստուի պատերազմը ընդունիլ թաղերու փողոցներուն վրայ։ Այս մասին ստոյգ տեղեկութիւնները բաւական դժուար հասանելի են, քանի որ կը բացակային տեղւոյն վրայ լուր հաղորդող թղթակիցներ։ Թրքական մամուլը իր լուրերը կը խմբագրէ սպայակոյտի փոխանցած տեղեկութիւններուն հենելով։ Միւս կողմէ քրտական մամուլը նոյնպէս կը փոխանցէ մարտնչող միաւորումներու յայտարարութիւնները։ Արեւմտեան մամուլի համաձայն քաղաքը համարեա ամբողջութեամբ պաշարման տակ կը գտնուի եւ միակ անձը դէպի հարաւ բացուող ճանապարհն է, ուրկէ աֆրինցիներ կը հեռանան դէպի աւելի ապահով վայրեր։ Քաղաքացիներու այս հեռացումին կողքին լուրեր կը հասնին, թէ նոյն ճանապարհով քրտական նոր միաւորումներ կը փութան դէպի կրակի մէջ գտնուող քաղաք, ամրացնելու համար դիմադրութեան դիրքերը։
Շատ անգամ իրար հակասող այս լուրերու տարափին մէջ յստակ է այն, թէ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին խաղաղ մնացած, այդ իսկ պատճառաւ ալ բազմաթիւ գաղթականներու ապաստան դարձած Աֆրին հիմա թիրախն է թէժ պատերազմի մը սպառնալիքին։
Թուրքիոյ սպայակոյտը վերջին քանի մը օրերուն կը տեղեկացնէ, թէ կործանիչ ինքնաթիռներ կը ռմբակոծեն քաղաքի կեդրոնական հատուածի վրայ նախապէս ճշդուած կէտերը։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, գլխաւորութեամբ նախագահ Էրտողանի բացարձակ կերպով կը մերժեն խաղաղ քաղաքացիներու սպանութիւնը։ Իսկ միւս կողմէ քրտական մետիան նկարահանումներ կը սփռէ զոհուած երախաներու կամ առհասարակ քաղաքացիներու արիւնաքամ պատկերներով։ Ինչպէս ծանօթ է ՄԱԿ-ի ամբողջ Սուրիոյ տարածքին հռչակած զինադադարը ապարդիւն մնացած է յատկապէս Թուրքիոյ բանակին դէպի Աֆրին ուղղեալ յարձակումներու առումով։ Թուրքիա ի դէմ համաշխարհային ընդհանուր կարծիքի յամառօրէն կը պնդէ թէ զինադադարը չընդգրկէր Աֆրինի հատուածը, քանի որ այնտեղ ինք կը պայքարի իր երկրի սահմանին անվտանգութեան համար եւ ահաբեկիչներու դէմ։ Իրականութեան մէջ այս «ահաբեկիչներու դէմ» եզրը ի զօրու է բոլոր կողմերու համար, քանի որ Սուրիոյ մէջ մարտնչող ջոկատները միշտ իրար կը մեղադրեն ահաբեկչութեամբ։ Այս պայմաններու տակ տուժողը տարածաշրջանի ժողովուրդն է եւ Սուրիա իբրեւ բազմակրօն, բազմազգի եւ բազմամշակոյթ երկիր, միշտ յարմարութիւն ունի պառակտուելու։ Երեւոյթը տարբեր չէ նաեւ հարեւան Իրաքի մէջ։ Ձեւականօրէն որքան ալ հանդարտած թուի, հոն եւս կը տիրէ անապահով ընթացք։ Վերջերս Պաղտատի Մէշթելէ թաղին մէջ երեք հոգիանոց ասորի ընտանիք մը սպաննուած են անծանօթներու կողմէ։ Երկրի քրիստոնեայ առաջնորդներու համաձայն ոճիրը գործուած է այս երկրի քրիստոնեաներուն սարսափ պատճառելու միտումով։ Այս ոճիրի պատճառաւ քաղաքի եկեղեցիները սուգ յայտարարեցին։
Խորհրդարանի քրիստոնեայ երեսփոխաններու ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Սլեւա մտահոգիչ կը գտնէ ոստիկանութեան այս մասին պահած լռութիւնը։ Իրաքի քրիստոնեայ բնակչութիւնը օր ըստ օրէ կը նուազի յատկապէս ՏԱԻՇ-ի պատճառած սարսափի բերումով։ 1987-ին կատարուած մարդահամարի համաձայն երկրին մէջ 1,5 միլիոն քրիստոնեաներ կ՚ապրէին, որոնց թիւը այժմ կ՚ենթադրուի 400-600 հազարի միջեւ։