11Մարտ կիրակի երեկոյ Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարալ» պարախումբի ներկայացումը, որուն կարեւոր մասնակցութիւն բերած էր Հայաստանի «Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի պարի համոյթ»ը։ Հայաստանի այս առասպելական խումբը իր հիմնարկութեան 80-ամեակը կը նշէ կարգ մը հիւրահամերգներով, որոնց առաջինը կը կայանայ «Մարալ»ի ներկայացումով։
Հիւր խումբը Պոլիս եկած էր 64 անդամներով, որոնց կարգին էին գեղարուեստական վարիչ Ժիրայր Ալթունեան, պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեան եւ տնօրէն Գրիգոր Ոսկանեան։
Ներկայացուեցաւ երկու խումբերու անջատ կատարումներով մշակուած յայտագիր մը, որուն առաջին ներկայացումը՝ «Նաւասարդ» ի սկզբանէ կու տար տօնական տրամադրութիւն։ Ապա մենակատար Էտկար Խաչատրեան երգեց մեծն Չարենցի անմահ տողերով Աշոտ Սաթեանի յօրինումը՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»։
«Մարալ» պարախումբը ներկայացուց Սայաթ Նովայի հանրածանօթ «Քամանչա» երգի մեղեդիներով պարը, որուն մէջ իբրեւ մենակատար հանդէս եկաւ խումբի վաստակաւոր պարուհիներէն Սարեմ Շեշետեան։
«Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի պարի համոյթ»ի վաստակաւոր պարուսոյց Ազատ Ղարիպեանի պոլսեցի հանդիսատեսի կողմէ ալ շատ սիրուած մէկ բեմադրումն է «Սեւանի ձկնորսներու պար»ը, որ կատարուեցաւ յաջողութեամբ։
Խաչատուր Աւետիսեան եւ Վանուշ Խանամիրեան անունները անգամ մը եւս միասին հնչեցին «Վաղարշապատ» պարի կատարումով։ «Հոյ իմ նազանի եարը» Թաթուլ Ալթունեանի մշակումով երգի պարի անսամպլի խորհրդանշական գործերէն մէկն է, քանի որ կը կատարուի երգչախումբի, նուագախումբի եւ պարախումբի ներդաշնակութեամբ։ Այս շատ ժողովրդականացած գործի ներկայացումը կատարուեցաւ «Մարալ»ի թերատի պարողներու միջոցաւ։ Այս գործի բեմադրութեան մէջ խումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չաբքան իր ժողովուրդին կը ներկայանար պարուսոյցի կոչումի կողքին յաւելելով մանկավարժի կոչումը եւս։ Իսկապէս ալ սփիւռքի սիրողական խումբերը իրենց յարատեւութեան համար անհրաժեշտութիւն կը համարեն սերունդներու յաջորդականութիւնը ապահովել։ «Մարալ» յաջողած է այդ առաքելութեան մէջ եւս։
Յայտագրի առաջին մասը շարունակուեցաւ «Շալախօ», «Խաղ պար», «Հայոց աղջիկներ» եւ «Լեզկինքա» պարերով։ Մինչ այդ Էտկար Խաչատրեան մեներգեց Ալեքսէյ Հեքիմեանի այնքան սիրուած «Բարի Արագիլ» երգը։
Յայտագրի երկրորդ մասին «Բերդ պար»ին անմիջապէս յաջորդեց Ժիրայր Ալթունեանի մշակած «Լոռուայ պատկերներ» բեմադրութիւնը, որ դարձեալ կը վայելէր երգչախումբի խիստ ներդաշնակ երգեցողութիւնը «Անուշ» օփերայէն ընտրուած հատուածներով։
Երկորդ մասը ալ աւելի ոգեւորիչ դարձաւ Էտկար Յովհաննէսեանի Պարոյր Սեւակի խօսքերով յօրինած «Երեւան Երեբունի» երգով որուն յաջորդեցին Սայաթ Նովայի շունչով կատարումներ՝ «Յիս քու ղիմեթն չեմ գիտի», Արամ Խաչատուրեանի՝ «Սուսերով պար», Խաչատուր Աւետիսեանի՝ «Հովիւի կանչը» եւ ապա «Հոտաղներու պար»ը, Առնօ Պապաճանեանի «Ողբանուագ ըստ Սայաթ Նովայի» յօրինումի բեմադրութիւնը, Ռաֆայէլ Աբրահմաեանի՝ «Ելէք հայկազունք» երգը, Գէորգ Մանասեանի՝ «Գառնանային անուրջներ»ը եւ վերջապէս ժողովրդական «Թամզարա»ն՝ Ռուբէն Ալթունեանի մշակումով։
«Մարալ»ի ձեռնարկը հայկական երգ ու պարի իսկական վայելք մըն էր, որուն փայլը ալ աւելի կը շեշտուէր «Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի պարի համոյթ»ի մասնակցութեամբ։