Հրանդ Տինքի սպանութենէն անմիջապէս ետք զանազան շրջանակներ դիմում կատարած էին Շիշլիի քաղաքապետարանին, Տինքի սպանութեան վայրի անունը փոխել եւ կոչել «Հրանդ Տինք փողոց»։ Այս դիմումը աւելի ետք առաջարկուեցաւ նաեւ «Էրկենեքոն» պողոտայի համար։ Վերջապէս երբ Շիշլիի քաղաքապետարանի խորհուրդը այս մասին որոշում կայացուց, առաջարկը մերժուեցաւ Մայր քաղաքապետարանի կողմէ, նամակատան ցրուիչներուն մօտ շփոթի տեղի տալու ծիծաղելի պատճառաբանութեամբ։ Իսկ այժմ նոյն քաղաքապետարանը Շիշլիի շրջանային քաղաքապետարանին կը դիմէ այս թաղամասի մէջ գտնուող եւ ֆեթուլլահական խմբակը յիշեցնող կարգ մը տեղանուններուն փոխուելուն համար։ Անպատեհ համարուած փողոցներն են Կիւլպահար թաղամասի մէջ «Ըշըք» եւ Մեշրութիյէթ թաղամասի մէջ «Սամանեոլու» փողոցները։ Ներկայ պայմաններու տակ Շիշլիի քաղաքապետարանը այս պահանջը առիթ համարելով կրկին առաջարկեց մահափորձի զոհ գացած երկու լրագրողներու անունները։ Այսպէս «Ըշըք» փողոցը պիտի անուանուի «Ուղուր Մումճու» փողոց եւ «Սամանեոլու» փողոցը «Հրանդ Տինք փողոց»։ Անշուշտ նշենք, թէ Շիշլիի քաղաքապետարանի այս անուանակոչումը կը կարօտի Մայր քաղաքապետարանի վաւերացման։