ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Աթէշեանական պայքարը ամէնուր է այլեւս։
Եկեղեցիներուն մէջ…
Փողոցները…
Պատերուն վրայ…
Համերգասրահներէն ներս…
Համացանցով ու մամուլով, կարելի ու անկարելի բոլոր միջոցներով…
Հսկայ սուտի մը կ՚առաջնորդեն մեզ բոլոր այն լուրերը, որոնք կը պնդեն, թէ տեղապահը երթալէն ետք վերջ գտած է տագնապը։
Տագնապը սկսած է տեղապահին երթալէ՛ն վերջ…
Տագնապ մը, որմէ ոչ ոք պիտի կարենայ զերծ մնալ։
Տագնապ մը, որ կը սպառնայ ողջ թրքահայութեան։
Տագնապ մը, որ կը սպառնայ Հայց. եկեղեցւոյ ներկային ու ապագային։
Ժամանակն անցած է ալ մտային մարզանքներով վերլուծելու, հարցին ետեւն ու առջեւը քննելու։ Խօսքը սպառած է ինքզինք։
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական գահը այսօր պարապ է։
Թուրքիոյ հայութիւնը այսօր չի կրնար պատրիարքական ընտրութիւն կատարել եւ ընտրել իր պատրիարքը, որ ըստ վաղեմի աւանդութեան եւ հաստատեալ օրէնքներու կը համարուի իր պաշտօնական ներկայացուցիչը։
Ինչո՞ւ։
Չորս տառերէ բաղկացած սա պարզ հարցականին պատասխանը չունինք այսօր։
Ինչո՞ւ չի կայանար պատրիարքի ընտրութիւնը։
Հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն ոմանք՝ ոչինչ ըսելու համար։ Երբեմն նոյնիսկ ծածկելու համար իրենց իսկ անտեղեակութիւնը։ Քանի որ անոնք ալ չեն գիտեր, անոնք ալ չունին այս պարզ հարցումին պատասխանը։
Ինչո՞ւ այսօր չենք կրնար պատրիարք ընտրել։
Ինչո՞ւ։
Այն մարդը, որ այս հարցումին պատասխանը տալու պարտաւոր է, վարպետ լոլոզող մըն է։ Հասկցա՛նք ալ…
Կը խօսի ամէն ինչի մասին, իր ըրած կամ չըրած հազար ու մի արարք կը գովազդէ, զեվզեկոյցներ կը հրապարակէ, ես դերանունին հոլովական բոլոր ձեւերը նոյն նախադասութեան մէջ կը գործածէ, սակայն ան իսկ չունի պատասխան մը։ Չկրնար ըսել, թէ այսօր ինչո՛ւ չենք կրնար պատրիարք ընտրել մե՛նք, Թուրքիոյ հայերս։
Եւ դժբախտաբար հասարակութիւնը այլեւս ուրիշ հարցում չունի իրեն տալիք։
Եւ ան ալ, ա՛ն՝ որ բռնագրաւած է գահը, գիտնալով թէ որեւէ այլ հարցով հետաքրքրուող կամ զբաղող չկայ՝ ուզածը կ՚ընէ, ուզածին պէս։
Թաղային խորհուրդի ատենապետ մը հաւատացեալները նուիրեալ քահանայէ մը զրկելու սպառնալիքներով հրաժարեցնողը, ապա «չեմ սպառնացած» յայտարարելով քահանան երկու օր ետք նոյն եկեղեցւոյ վերադարձնողը կարծես ինքը չէ։
Իր դրացին էր կարծես աշխարհականներու վայել անհոգութեամբ մը սեղան նստողն ու ոգելից խմիչքներու ներգործութեան տակ եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցողը։
Չեմ ըսեր կաթողիկոսին ու հանրութեան «պիտի հրաժարիմ» խոստանալով չհրաժարիլը, այլազգիներու ճնշումով ստացած իշխանութիւնը, կատարած գործարքներէն ստացած միջնորդչէքերը եւ հազար ու մի այլ բամբասանքներ, որոնք կը պտտին իր անունին շուրջը։
Համայնքը, թաղային եւ չես գիտեր ինչ խորհուրդներու ատենապետներ ու տեսակ-տեսակ, տարբեր մակարդակներով ջոջեր, որոնց լայնախոհութեան ու ազատականութեան սահմանները բարձրաստիճան եպիսկոպոսի մը անհաշուետու ծախսերը, համայնքային գանձարանին կողոպուտը, բռնութեամբ իշխելու ախորժակը, ինքնագլուխ վարքուբարքը առանց հարցի ու հարցումի կ՚ընդունի, կ՚ըմբոստանայ ու պահպանողականութիւն միտքը կը բերէ, երբ ուրիշներ փորձեն հաշիւ պահանջել, հաշուեյարդարի ենթարկել եկեղեցական աւանդութիւնները, ազգային կեանքի կայունութիւնն ու յարաբերական խաղաղութիւնը խանգարող այդ մարդուն սանձարձակութիւնը։
Ե՜ւ հասարակ ջոջը մէկէն, ինքնըստինքեան, անիմանալի մղումով մը կը նոյնանայ բողոքելիին եւ ոստիկան կանչելով, գաղտնի ոստիկաններ հոս ու հոն ուղարկելով կ՚ուզէ հարց փակել, բողոքարկուն վախցնել, ենթարկել իրեն։
Բողոքարկուն մէկը չէ, երկուքը չէ սակայն…
Ո՞ր մէկը պիտի հետապնդես, ա՛յ ջոջ…
Համերգասրահին մէջ «անկի՛րթ» գոռոցող, «ընտրութի՛ւն» աղաղակող, «հրաժարէ՛» պահանջող քանի՞ հայորդի պիտի կարենաս վախցնել, խե՜ղճ ջոջ…
Եւ ո՛չ մէկը խաբեցէք անցեալը օրինակ ցոյց տալով, «մենք ասանկ բաներ չէինք գիտեր» ըսելով, «ասա՞նկ պիտի ըլլայինք» ըսելով։
Չէ՞ք լսեր մեր պատմահօր ողբը, Ե. դարէն։
«Կրօնաւորները կեղծաւոր, ցուցամոլ, սնափառ, պատուամոլ, քան թէ աստուածասէր։
«Վիճակաւորները հպարտ, դատարկապորտ, դատարկախօս, ծոյլ, գիտութիւններն ու վարդապետական գրուածքներն ատող, առեւտուր եւ կատակերգութիւններ սիրող։
«Աշխարհականները ամբարտաւան, ստահակ, մեծախօս, աշխատանքէ խուսափող, յարբեցող, վնասակար, ժառանգութենէ փախչող։
«Իշխանները ապստամբ, գողերուն գողակից, կաշառակեր, կծծի, ժլատ, ագահ, յափշտակող, երկիր աւերող, աղտեղասէր, ստրուկներուն համախոհ»։
Դուք ձեզ չէ՞ք տեսներ այս տողերուն մէջ։ Ձեզի յարմար ածական մը չէ՞ք գտներ հոն։ Ո՞չ։ Ուրիշներո՞ւն կը վերագրէք այդ մակդիրները։
Աթէշեանական պայքարը ամէնուր է այլեւս։
Մենք մեր կողմը վաղուց հռչակած ենք։
Իսկ դո՞ւք։ Ճշդա՞ծ էք ձեր կողմը…