Դէպի լիակատար մատենագրութիւն

13 Մարտ Երեքշաբթի օր թերթիս այցելութիւն կատարեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի գիտաշխատող Արմէն Խաչատրեան։ Ան երկշաբաթեայ աշխատանքային այցով Իսթանպուլ ժամանած էր եւ առիթէն օգտուելով հանդիպումներ ունեցաւ պոլսահայ գրական շրջանակներու եւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի հետ։ 

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ


Լ.Ք.- Պո­­լիս առա­­ջի՞ն ան­­գամ կ՚այ­­ցե­­­լէք։
ԱՐՄԷՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ- Ո՛չ։ Առա­­ջին ան­­գամ Պո­­լիս այ­­ցե­­­լած եմ 2010 թո­­ւակա­­նին՝ պոլ­­սա­­­հայ ըն­­կերնե­­րուս հրա­­ւէրով։ Առա­­ջին այ­­ցե­­­լու­­թիւնս լայն ար­­ձա­­­գանգ գտաւ Պոլ­­սոյ հայ հա­­մայնքին մէջ, որուն անդրա­­դար­­ձած էր մին­­չեւ ան­­գամ տեղ­­ւոյն հայ­­կա­­­կան մա­­մու­­լը։ Ատ­­կէ ետք զա­­նազան առիթ­­նե­­­րով, նաեւ օդա­­փոխու­­թեան հա­­մար քա­­նիցս Պո­­լիս այ­­ցե­­­լած եմ տար­­բեր տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին։ Եւ ամէն ան­­գամ երբ Պո­­լիս կու գամ, կար­­ծէք թէ առա­­ջին ան­­գամ կու գամ...
Լ.Ք.- Հա­­յաս­­տա­­­նի Ազ­­գա­­­յին Գրա­­դարա­­նի մէջ ձեր ստանձնած պաշ­­տօ­­­նը կրնա՞ք պատ­­մել։
Ա.Խ.-Ինչպէս գի­­տէք, Հա­­յաս­­տա­­­նի Ազ­­գա­­­յին Գրա­­դարա­­նը աշ­­խարհի ամէ­­նէն մեծ պա­­հոցն է հայ տպա­­գիր ար­­տադրան­­քի։ Վեր­­ջին տա­­րինե­­րու դրու­­թեամբ հոն կը հա­­շուո­­ւի աւե­­լի քան 6,3 մի­­լիոն միաւոր, ի թիւս որոնց՝ գիր­­քեր, լրա­­գիր­­ներ, քար­­տէզներ, պաս­­տառներ, ատե­­նախօ­­սու­­թիւններ, ձայ­­նա­­­նիշեր, նա­­մակա­­նիշեր, մա­­տենա­­նիշ­­ներ, բա­­ցիկ­­ներ, օրա­­ցոյցներ, թղթադ­­րամներ, տե­­սալ­­սո­­­ղական եւ ելեկտրո­­նային կրիչ­­ներ (CD, DVD) եւ այլն։
Այս պատ­­կա­­­ռելի հա­­յագի­­տական կա­­ռոյ­­ցին մէջ կը պաշ­­տօ­­­նավա­­րեմ 2015 թո­­ւակա­­նէն ի վեր՝ որ­­պէս գրա­­դարա­­նավար-մա­­տենա­­գէտ։ Գլխա­­ւոր աշ­­խա­­­տանքս որ կա­­տարած եմ, եղած է հայ գիր­­քի մա­­տենա­­գիտու­­թեան դաշ­­տին մէջ, որուն վե­­ցերորդ հա­­տորեակին հա­­մախմբա­­գիրը եւ սրբագ­­րի­­­չը եղայ։ Ատ­­կէ զատ, կը պատ­­րաստեմ հա­­յերէն տպա­­գիր «Աս­­տո­­­ւածա­­շունչ»ի հա­­մահա­­ւաք գրա­­ցանկ մը, որ տա­­կաւին հա­­մալրման փու­­լին մէջն է։
Լ.Ք.- Ի՞նչ առի­­թով հոս կը գտնուիք։
Ա.Խ.- Հա­­յաս­­տա­­­նի Ազ­­գա­­­յին Գրա­­դարա­­նի Մա­­տենա­­գիտու­­թեան եւ գրա­­դարա­­նագի­­տու­­թեան բա­­ժինը տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րէ ի վեր հե­­տամուտ եղած է աշ­­խարհով մէկ սփռո­­ւած հա­­յերէն եւ հա­­յատառ գիր­­քե­­­րու ցան­­կագրման, մա­­տենա­­գիտօ­­րէն նկա­­րագրման, ցու­­ցակնե­­րու ճշգրտման եւ նմա­­նաբ­­նոյթ հե­­տազօ­­տական այլ աշ­­խա­­­տանքնե­­րու կա­­տար­­ման։
Ընդհան­­րա­­­պէս նա­­խընտրե­­լի է, որ մա­­տենա­­գէտը գիր­­քը ան­­ձամբ շօ­­շափէ, թեր­­թա­­­տէ, ու­­սումնա­­սիրէ, որ­­մէ ետք մա­­տենա­­գիտա­­կան նկա­­րագ­­րութիւ­­նը կա­­տարէ առ աչօք (de visu), քա­­նի որ ան պա­­տաս­­խա­­­նատու կը դառ­­նայ իր աշ­­խա­­­տան­­քին հա­­մար։ Միայն այն պա­­րագա­­յին, երբ գիր­­քը առ­­հա­­­սարակ չէ գտնո­­ւած որեւէ տեղ, սա­­կայն այդ մա­­սին կայ յի­­շատա­­կու­­թիւն հե­­ղինա­­կաւոր մա­­տենա­­գէտ­­նե­­­րու (Զա­­մինեան, Զարբհա­­նալեան, Ղա­­զիկեան, եւն) աշ­­խա­­­տու­­թեանց մէջ, մենք նոյ­­նութեամբ կը կրկնենք անոնց նկա­­րագ­­րա­­­ծը՝ յղում կա­­տարե­­լով այդ աղ­­բիւրնե­­րին։ Հնա­­տիպ շրջա­­նի գիր­­քե­­­րը նկա­­րագ­­րե­­­լիս պա­­տահած են, որ այդ գիր­­քե­­­րու մա­­սին փո­­խան­­ցո­­­ւած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը, որ­­քան ալ որ թե­­րի ըլ­­լան, հիմք հան­­դի­­­սացած են անոնց նկա­­րագ­­րութիւննե­­րուն հա­­մար՝ նկա­­տի ու­­նե­­­նալով խորհրդա­­յին ժա­­մանակ­­նե­­­րու ճամ­­բորդա­­կան խո­­չըն­­դոտնե­­րը եւ այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նեան գրա­­դարան­­նե­­­րու մէջ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ կա­­տարե­­լու անհնա­­րինու­­թիւնը...
Մա­­տենա­­գիտա­­կան թե­­րի կամ սխալ նկա­­րագ­­րութիւ­­նը կրնայ դուռ բա­­նալ սխալ եզ­­րա­­­կացու­­թեան կամ թե­­րի ու­­սումնա­­սիրու­­թեան։ Տար­­բեր ան­­ձեր տար­­բեր ձե­­ւով գիր­­քե­­­րը կը նկա­­րագ­­րեն, մինչդեռ Ազ­­գա­­­յին Գրա­­դարա­­նը այդ նպա­­տակաւ սկզբունքներ մշա­­կած է։ Բացի աս­­կէ՝ տեղ­­ւոյն վրայ աշ­­խա­­­տիլը ժա­­մանա­­կի ահ­­ռե­­­լի խնա­­յողու­­թիւն կ՚ըլ­­լայ։ Փոր­­ձը ցոյց տո­­ւած է, որ հե­­ռահար նա­­մակագ­­րութեամբ գոր­­ծին ար­­դիւնքը կը տու­­ժէ։ Մա­­տենա­­գիտա­­կան եւ հե­­տազօ­­տական աշ­­խա­­­տանքնե­­րը այս կեր­­պով կը դան­­դա­­­ղին եւ ի վեր­­ջոյ՝ ապար­­դիւն կը մնան։
Ան­­ցեալ տա­­րի Ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նէն եր­­կու աշ­­խա­­­տակից­­ներ այ­­ցե­­­լեցին Իս­­թանպու­­լի Աթա­­թիւրքի անո­­ւան գրա­­դարա­­նը եւ հոն ու­­սումնա­­սիրե­­ցին հայ­­կա­­­կան տպա­­գիր հա­­ւաքա­­ծոնե­­րը։ Այդ մի­­ջոցին հա­­յերէն նոր գիր­­քեր յայտնա­­բերո­­ւեցան, որոնցմէ մաս մը ան­­յայտ էին հայ գիր­­քի մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րուն։ Խոր­­հե­­­ցանք որ Պոլ­­սոյ հայ­­կա­­­կան գրա­­դարան­­նե­­­րու մէջ եւս կրնան պահ­­պա­­­նուած ըլ­­լայ հա­­յերէն գիր­­քեր, որոնք ոչ միայն չեն գտնո­­ւիր հա­­յաս­­տա­­­նեան գրա­­դարան­­նե­­­րու մէջ, այ­­լեւ կը բա­­ցակա­­յին հայ գիր­­քի մա­­տենա­­գիտու­­թե­­­նէն։ Ուստի այդ նոյն ծրագ­­րին շա­­րու­­նա­­­կու­­թեամբ է, որ Պո­­լիս կը գտնո­­ւիմ։
Լ.Ք.- Գտա՞ք այնպի­­սի գիր­­քեր։
Ա.Խ.- Այո՛, բա­­ւական գտած եմ եւ զա­­նոնք ման­­րակրկիտ կեր­­պով ու­­սումնա­­սիրած։
Պէտք է ըսել, որ սոյն հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան առա­­ջին հանգրո­­ւանը եղաւ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանի գրա­­դարան-մա­­տենա­­դարա­­նը, որ 2004 թո­­ւակա­­նանէն ի վեր կը կրէ Սուրբ Աթո­­ռոյ երա­­նաշ­­նորհ գա­­հակալ­­նե­­­րէն Մա­­ղաքիա Պատ­­րիարք Օր­­մա­­­նեանի անու­­նը։ «Օր­­մա­­­նեան» գրա­­դարան-մա­­տենա­­դարա­­նի հա­­յերէն հա­­ւաքա­­ծոն կը պա­­րու­­նա­­­կէ շուրջ 16478 միաւոր տպա­­գիր ար­­տադրանք։ Այ­­դուհան­­դերձ, յի­­շեալ գրա­­դարա­­նը չու­­նի հան­­րա­­­յին ծա­­ռայու­­թիւններ, քա­­նի որ ան գրա­­դարա­­նային կազ­­մա­­­կեր­­պեալ վի­­ճակի մը մէջ չէ, եւ տա­­կաւին դա­­սաւոր­­ման աշ­­խա­­­տանքնե­­րու մէջ գտնո­­ւելու պատ­­ճա­­­ռաւ ըն­­թերցաս­­րա­­­հի դրու­­թեամբ մատ­­չե­­­լի չէ որե­­ւէ ըն­­թերցո­­ղի հա­­մար։
Առի­­թէն օգ­­տո­­­ւելով՝ կ՚ու­­զեմ իմ խո­­րազ­­գած շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնս յայտնել Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­կան Ընդհա­­նուր Փո­­խանորդ Գերշ. Տ. Արամ Ար­­քեպս. Աթէ­­շեանին՝ իր ջերմ ըն­­դունե­­լու­­թեան եւ սի­­րալիր հիւ­­րընկա­­լու­­թեան հա­­մար, «Օր­­մա­­­նեան» գրա­­դարան-մա­­տենա­­դարա­­նի տե­­սուչ Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեանին՝ իր պատ­­րաստա­­կամ ըն­­դա­­­ռաջու­­մին եւ փոխ-գոր­­ծակցու­­թեան հա­­մար, ինչպէս նաեւ՝ սոյն գրա­­դարան-մա­­տենա­­դարա­­նիս միակ պաշ­­տօ­­­նէին՝ իր բա­­րեացա­­կամ աջակ­­ցութեան հա­­մար։ Մաս­­նա­­­յատուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն կը յայտնեմ «Հրանտ Տինք» հիմ­­նադրա­­մին, որ հո­­գաց իմ ճամ­­բորդա­­կան ծախ­­սե­­­րը՝ ճա­­նապար­­հորդա­­կան դրա­­մաշ­­նորհ մը տրա­­մադ­­րե­­­լով ին­­ծի...
Լ.Ք.- Հայ կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքի մա­­տենա­­դարան­­նե­­­րէն գիր­­քեր գտա՞ք։
Ա.Խ.- Դժբախ­­տա­­­բար, կարճ ժա­­մանա­­կաւ կը գտնո­­ւիմ Պոլ­­սոյ մէջ, եւ այս եր­­կու շաբ­­թո­­­ւան ըն­­թացքին կա­­րելի չէր մէկ ան­­գա­­­մէն բո­­լոր հայ­­կա­­­կան գրա­­դարան­­նե­­­րը այ­­ցե­­­լել եւ մա­­տենա­­գիտա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ կա­­տարել։ Նշեմ որ, ոչ միայն Հայ կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքին մէջ, այ­­լեւ առ­­հա­­­սարակ՝ պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքին այ­­լե­­­ւայլ շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ հա­­յերէն գիր­­քե­­­րու նկա­­տելի պա­­շար­­ներ կան, որոնց ու­­սումնա­­սիրութիւնը­­ ժա­­մանա­­կի կը կա­­րօտի։
Լ.Ք.- Ձեր պատ­­րաստած նո­­րայայտ գիր­­քե­­­րու ցու­­ցա­­­կը ի՞նչ կա­­րեւո­­րու­­թիւն կրնայ ու­­նե­­­նալ։
Ա.Խ.- Մա­­տենա­­գիտա­­կան ցու­­ցակնե­­րը, աղ­­բիւրա­­գիտա­­կան ար­­ժէք ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով, կա­­րեւոր են յատ­­կա­­­պէս՝ գի­­տաշ­­խա­­­տող­­նե­­­րու, ու­­սումնա­­սիրող­­նե­­­րու եւ գրքա­­գէտ­­նե­­­րու հա­­մար։ Հայ գիր­­քի մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րը ջանք թա­­փած են, որ­­պէսզի իրենց տե­­սադաշ­­տէն չվրի­­պի որեւէ հա­­յերէն գիրք, որ այ­­լեւս պատ­­մութեան կը պատ­­կա­­­նի։ Սա­­կայն ինչպէս միւս գի­­տական հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րը, մա­­տենա­­գիտու­­թիւնը եւս զերծ չէ բաց­­թո­­­ղումնե­­րէ։
Հա­­յաս­­տա­­­նի Ազ­­գա­­­յին Գրա­­դարա­­նը ներ­­կա­­­յիս հրա­­տարա­­կու­­թեան կը պատ­­րաստէ «Նո­­րայայտ անուններ («Հայ գիրք» եւ «Հայ մա­­մուլ» հա­­մահա­­ւաք մա­­տենա­­գիտա­­կան ցան­­կե­­­րում չնե­­րառո­­ւած գրքեր եւ պար­­բե­­­րական­­ներ)» մա­­տենա­­շարին առա­­ջին պրա­­կը, որուն հա­­մախմբա­­գիրն է գրա­­դարա­­նիս մե­­ծար­­գոյ տնօ­­րէն տիար Տիգ­­րան Զար­­գա­­­րեան։ Ան միաժա­­մանակ «Հայ գիրք» եւ «Հայ­­կա­­­կան շա­­րու­­նա­­­կական հրա­­տարա­­կու­­թիւններ» նա­­խագ­­ծե­­­րի ղե­­կավարն է, որուն ամէ­­նօրեայ լայ­­նա­­­ծաւալ աշ­­խա­­­տանքնե­­րու շնոր­­հիւ մեծ թափ առած է Ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նի հա­­յերէն տպա­­գիր հա­­ւաքա­­ծոնե­­րու թո­­ւայ­­նացման գոր­­ծընթա­­ցը։
Լ.Ք.- Հրա­­պարա­­կուած ցան­­կի մէջ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած գիր­­քե­­­րուն թո­­ւայ­­նա­­­ցուած ձե­­ւը պի­­տի կրնա՞նք գտնալ։ Ինչպէ՞ս։
Ա.Խ.- Ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նի տե­­սիլքն է աշ­­խարհաս­­փիւռ հայ գիր­­քը մատ­­չե­­­լի եւ տրա­­մադ­­րե­­­լի դարձնել ըն­­թերցո­­ղին։ Հա­­յաս­­տա­­­նի գրա­­դարան­­նե­­­րէն բա­­ցակայ գիր­­քե­­­րը կը փոր­­ձենք ըն­­թերցո­­ղին հա­­սանե­­լի դարձնել գէթ թո­­ւայ­­նացման ճամ­­բով՝ միաժա­­մանակ հա­­մալ­­րե­­­լով առ­­կայ մա­­տենա­­գիտա­­կան ցու­­ցակնե­­րը։ Գիր­­քը իր ար­­ժէ­­­քը ձե­­ւով մը կը կորսնցնէ եթէ չհաս­­նի ըն­­թերցո­­ղին։
Հար­­կաւ թէ իմ պատ­­րաստած նո­­րանուն գիր­­քե­­­րու ցան­­կը պէտք է փո­­խան­­ցեմ Ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նի ղե­­կավա­­րու­­թեան՝ ի տնօ­­րինու­­թիւն։ «Օր­­մա­­­նեան» գրա­­դարան-մա­­տենա­­դարա­­նի տե­­սուչ Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեանի փո­­խանցմամբ՝ ապա­­գային կա­­րելի պի­­տի ըլ­­լայ իմ յայտնա­­բերած գիր­­քե­­­րուս թո­­ւային պատ­­ճէննե­­րը նոյնպէս ստա­­նալ՝ նկա­­տի ու­­նե­­­նալով, որ այդ գիր­­քե­­­րը ար­­դէն իսկ տպա­­րանէն ելած ատե­­նը հան­­րութեան սե­­փակա­­նու­­թիւնը դար­­ձած են։ Զա­­նոնք թո­­ւայ­­նացնե­­լու հա­­մար հե­­ղինա­­կային իրա­­ւունքի հարց ալ պի­­տի չծա­­գի, քա­­նի որ այդ գիր­­քե­­­րը բա­­ւական հին են եւ այդ իմաս­­տով օրէն­­քի խախ­­տում մը, կար­­ծեմ թէ, պի­­տի չըլ­­լայ։
Լ.Ք.- Ձեր աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը աւար­­տին հա­­սա՞ն, թէ կրկին պի­­տի գաք։
Ա.Խ.- Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանի գրա­­դարան-մա­­տենա­­դարա­­նի մէջ մա­­տենա­­գիտա­­կան աշ­­խա­­­տանքնե­­րուս մէկ մա­­սը միայն կրցայ իրա­­կանաց­­նել։ Ժա­­մանակ շատ ծախ­­սե­­­ցի յատ­­կա­­­պէս որո­­նողա­­կան աշ­­խա­­­տանքնե­­րու եւ բաղ­­դա­­­տական ստու­­գումնե­­րու վրայ։ Եր­­բեմն գրա­­ցան­­կե­­­րու վրայ նկա­­րագ­­րա­­­կան անճշդու­­թիւններ կը պա­­տահին, որոնք կը դժո­­ւարաց­­նեն փնտռտուքս։ Ստի­­պուած կ՚ըլ­­լամ այդ գիր­­քե­­­րը եւս պա­­տուի­­րել, որ­­պէսզի հասկնամ անոնց բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնը։ Սա­­կայն եւ այնպէս, առ­­կայ հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րու պայ­­մաննե­­րով, իմ մա­­տենա­­գիտա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնս ար­­դիւնա­­ւէտ կը գնա­­հատեմ։ Կը յու­­սամ թէ մօտ ապա­­գային պի­­տի կա­­րենամ կրկին Պո­­լիս այ­­ցե­­­լել եւ լրաց­­նել անա­­ւարտ մնացած հետազօտական աշխատանքներս։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ