ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Մեծ Պահքը իր շրջանը կը գլորէ առաջին կիրակիէն մինչ եօթներորդը, եւ այս կիրակիները հայերս յատուկ անուններով յիշած ենք՝ Բուն Բարեկենդան, Արտաքսում, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ։ Պահքի այս «ուղին» մեզ կը տանի երանելի դրախտավայրը, ապա անցնելով յայտնի դրուագների միջով՝ կը բոլորէ «ոսկէ շղթան»՝ աւետելով Քրիստոսի յարութիւնը։
Բուն Բարեկենդան, ասել է թէ՝ բարի կեանք, կենդանութիւն։ Ընդհանրապէս պահքերին նախորդող օրը Բարեկենդան կանուանեն, իսկ Բուն Բարեկենդան կ՚ըսենք, քանի որ այն Մեծ Պահքին կը նախորդէ։ Կը համարուի, որ Բուն Բարեկենդանը մարդու երջանկութեան յիշատակն է, այն երջանկութեան, որ կը վայելէին Ադամն ու Եւան դրախտում։
Բարեկենդանին թոյլատրելի են զուարճանքները, համեղ ու առատ ուտեստները, զանազան խաղերն ու պարերը, խինդ ու ուրախութիւնը։ Այս առումով այն կը յիշեցնէ դրախտային կեանքը, ուր առաջին մարդոց թոյլատրուած էր ուտել ու վայելել ամէն ինչ, բացի բարու եւ չարի իմացութեան ծառի պտղից, որն ալ այս դէպքում կը խորհրդանշէ Մեծ Պահքը։
Արտաքսում՝ «…եւ արտաքսեց նրան Աստուած Եդեմի պարտէզից…»։ Այո՛, այս կիրակին մեզ կը յիշեցնէ առաջին մարդոց պատուիրազանցութեան մասին, երբ Ադամն ու Եւան Սատանայի սուտ խօսքերին ունկնդիր եղան եւ ճաշակեցին իմացութեան ծառի պտուղը։ Այդ ժամ Աստուած ասաց. «Ահա Ադամը դարձաւ մեզ նման մէկը, նա գիտի բարի եւ չարը։ Արդ, գուցէ նա ձեռքը մեկնի, քաղի կենաց ծառից, ուտի եւ անմահ դառնայ»։ Եւ Աստուած արտաքսեց նրանց, բնակեցրեց դրախտի դիմաց, ապա քերովբէներին եւ բոցեղէն սրին հրամայեց օր
ու գիշեր հսկել դէպի կենաց ծառը տանող ուղիները։
Անառակի կիրակին կը պատմէ յայտնի առակը. մարդ մը երկու որդի կ՚ունենայ, կրտսեր որդին կը վերցնէ իր բաժին ունեցուածքը եւ կը հեռանայ հօր մօտեն։ Շվայտ կեանքով կ՚ապրէ եւ կը վատնէ ողջ ունեցուածքը։ Քոռ ու փոշման տուն կը դառնայ, հայրը, սակայն, սիրով կ՚ընդունի նրան եւ մեծ խնջոյք կը կազմակերպէ։ Աւագ որդին կը տարակուսէ, չէ որ ինք միշտ հօր կողքին եղած էր, բայց երբեք նման պատուի չարժանացաւ։ Բայց հայրը կ՚ըսէ թէ պէտք է ուրախանալ, քանի որ ով մեռած էր, կենդանացաւ։
Այսպէս անառակի կիրակին մեզ կը խրատէ, որ Աստուած մեծ ուրախութեամբ իր գիրկը կ՚առնէ զղջացողներուն, իսկ թէ մէկը աւագ որդու պէս կը կարծէ թէ ինք արդար է, պէտք է զգուշանայ իր անձի մասին մեծամիտ կարծիք ունենալէն։
Տնտեսի կիրակին մեզ կը յիշեցնէ անիրաւ տնտեսի մասին առակը։ Մեծահարուստ մը կ՚իմանայ որ տնտեսը կը վատնէ նրա ունեցուածքը եւ կը որոշէ ազատել աշխատանքէն։ Տնտեսը իր օգտին աւելիով գրածը կը շնորհէ պարտապաններին, որմէ ետքը տէրը կը գովէ տնտեսին։ Ասել կ՚ուզէ՝ գովելի է հրաժարումը, որովհետեւ հրաժարումով ու ինքնազսպութեամբ կը հասնեն փրկութեան, սա է պահքի իմաստը։
Դատաւորի կիրակիի խորհուրդը կը գտնենք այրի կնոջ եւ դատաւորի մասին առակի մէջ։ Այրի կին մը կը խնդրէ Աստուծմէ որպէսզի չերկնչող դատաւոր մը իր դատն առնէ։ Դատաւորը կնոջ ցանկութիւնը կը կատարէ։ Քրիստոս կ՚ըսէ՝ եթէ անարդար դատաւորը կնոջ դատը տեսաւ, ապա Աստուած առաւել եւս կը կատարի բոլոր խնդրողների աղօթքները։ Արդ, այս կիրակի կը յորդորուի անընդմէջ աղօթել եւ ձգտել առ Աստուած։
Գալստեան կիրակին կը յիշեցնէ Քրիստոսի առաջին գալստեան մասին եւ կը յուշէ Նրա երկրորդ գալուստը։ Գալստեան կիրակին կու գայ բարեպաշտութեամբ եւ ճշմարիտ հաւատով Տիրոջ հրաշափառ գալստեանը սպասելու կոչով։
Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, նաեւ՝ արարչագործութեան առաջին օրը, երբ Աստուած արարեց երկիրն ու երկինքը եւ լոյսը տարածուեց աշխարհում, ապա՝ առաջին ժամանակաշրջանը, երբ դրախտային ծաղիկները պատեցին երկիրը։
Բայց թէեւ Մեծ Պահքի շրջանը եօթ շաբաթէն բաղկացած է, այդու հանդերձ «կիրակիները» թիով շատ աւելին են։
Շատ վայրերում Մեծ Պասի առաջին շաբաթը «կիրակի» կը պահէին, ասել է թէ՝ այս կամ այն բանը անելը մեղք կը համարէին։ Մարաշում Բարեկենդանի օրերին կը պահէին այդ կիրակիները, Արցախում՝ Մեծ Պասի երկրորդ շաբաթուայ մէջ։
Զոր օրինակ՝ երկուշաբթի օրը կրնային «կրակի կիրակի» պահել, դրժողը կամ նրա հագուստը, որեւէ իրը կրակի բաժին կը դառնար։ Ապա երեքշաբթի օրը «ջրի կիրակի» կը պահէին, կը նշանակէ լուացք չէին կրնար անել, չէին լողնար եւ այլն, ապա թէ ոչ՝ հեղեղը տունը կը տանէր կամ ջրի հետ կապ ունեցողը կը խեղդուէր։ Այդ օրը հաց կը թխէին Պահքի ողջ շրջանի համար։ Չորեքշաբթի «մկան կիրակին» էր, ով այդ օրը աշխատեր, մուկը նրա հասկը, ցորենը եւ այլն կը կտրէր։ Առաւօտ կանուխ կանայք եկեղեցի կը գնային, այլապէս կը զրկուէին ճախարակ մանելու ունակութենէն։
Կային «թալալոսի կիրակի»՝ այդ օրը աշխատողները ուշագնաց կ՚ըլլային, «գալիք»՝ այդ օրը աշխատողները ողջ տարի արկածների զոհ կը դառնային, «ճանճնոց», «անէծք մօր», Արցախում՝ «գայլ կերածի եւ կատաղած շան»՝ գայլը կ՚ուտէր կամ կատղած շունը կը կծէր, «սել տարածի»՝ հեղեղը կը տանէր…