Հայոց բառերու ամենէն համբուրելին
Ձեռք... Մեր բառերու ամենէն ձեռներէցն ու ձեռնհասը եւ ան, որ իր տասը մատներուն վրայ ունէր տասը ունակութիւն։ Այսօր կը շարունակենք Հաղպատի մէջ սկսած մեր մտորումները, ձեռքէն եկած չափով ներկայացնելու համար այս միավանկի պատմութիւնը։
Վանքի Ս. Նշան եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ խորհրդաւոր ստուեր մը հրապուրեր էր մեզ։ Սայաթ-Նովան էր ան, մէկ ձեռքին քամանչա բռնած, միւս ձեռքին՝ Աստուածաշունչ մատեան։ Կարծես «ձեռք» բառի երկու բնութիւններն ըլլային ուրուագծուած՝ աշխարհիկը եւ հոգեւորը։ Խաչ եւ սաղմոսագիրք բռնած մեր մատենագիրները, ինչպէս Սահակ Պարթեւն ու Գրիգոր Նարեկացին՝ ըմբռնեցին անոր հոգեւոր բնութիւնը։ Սուրբ Սահակը Ծաղկազարդին նուիրուած օրհներգին մէջ գրեց. «Փրկեաց զմեզ ի ձեռաց մահու»։ Իսկ «ձեռք»ի ընտիր բառակապակցութիւնները գտանք «Նարեկ»ի մէջ. «ձեռն մաքուր», «ձեռն գթութեան», «ամենապարգեւ ձեռք», «օրհնութեան ձեռք», «բարեմատոյց ձեռք», «ձեռք փրկութեան», «երկնաստեղծ ձեռք», «նորոգող ձեռք», «արդարակշիռ ձեռք»։ Կը յիշէ՞ք Սայաթ-Նովայի պատկերը։ Անոր բնօրինակն ալ Նարեկացիի մտայղացումն էր, ինքնանկար մը, ուր բանաստեղծը բռնած է երկու թաս, մէկը արիւնով լեցուն, միւսը՝ կաթով. «Ըմպանակք երկու յերկոսին ձեռին, մինն՝ արեամբ եւ միւսն՝ կաթամբ»։
Սակայն, յարգելի ընթերցող, 1200-ական թուականներուն տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն մը։ Հայոց լեռներու վրայ, ձորերու մէջ, գիւղերէ ներս սկսան շրջագայիլ տաղասացներ, որոնք կը սիրէին բռնել՝ շաքար շրթունք, լուսին երես, ճերմակ ծոց եւ այն ամէնը, որ երկրային հաճոյքներ էին սրտագրաւ։ «Ձեռք»ը այդ օրերուն մօտեցաւ եարին, գրկեց զայն, կամուրջը անցաւ ու առա՜ւ «պախչէ»ներ տարաւ։ Այդ տաղասացներէն մէկն էր Սարգիս Հալէպցին։ Ան նկարագրեց գաղցրատես գեղեցկուհի մը.
Աջ ձեռն ունի մոմ վառած,
վիզն եւ ծոցն եւ սիրտն է ի բաց,
Ի միւս ձեռն իլի գինի ապակի ամանով լցած։
Աշխարհիկ աւանդոյթը սիրտեր այրեց նաեւ Վան քաղաքի մօտ, Այգեստանի մէջ։ Կոմիտաս Վարդապետի ձայնագրութեան կը պարտինք այդ շրջանի «Վարդն ի բացուէ» երգի այս տողիկը. «Իմ եար պախչէն կայնէ՝ երկու ձեռն ի ծոց»։ Վարդապետը սիրահարուած՝ ի՛նքն ալ գրեց տողիկ մը. «Տեսայ կարմիր փշոտ վարդ, աւա՜ղ, ձեռքս ծակոտեց»։ Վարդի գրական պատկերէն տպաւորուած ըլլալ կ՛երեւի նաեւ Աւետիք Իսահակեանը. «Տեսայ եարըս վարդը ձեռին»։ Մեր բանաստեղծներու ամենէն քնարականի, Վահան Տէրեանի սիրային բանաստեղծութիւններու մէջ տեսանք «քնքոյշ», «անծանօթ», «թոյլ» եւ «մահաբեր» ձեռքեր։ Իսկ Դանիէլ Վարուժանը, «Հարճը» բանաստեղծութեան նախաբան ընտրեց, Մովսէս Խորենացիէն մէջբերում մը. «Յոյժ գեղեցիկ էր, եւ երգէր ձեռամբ»։ Մինչ, բառը ծնունդ կու տար անթիւ դարձուածքներու։ Կ՚արժէ յիշել այդ հնագոյն օրինակները, որոնք այսօր իսկ գործածելի են. «առ ձեռն», «երկուց ձեռաց աջողակ», «ձեռն հաւանութեան», «ձեռն մխել», «լուանալ զձեռս», «ձեռին կատակ՝ գռեհկաց կատակ»։ Իսկ ժամանակակից դարձուածքները, որոնց թիւը 250-ի կը հասնի՝ «ձեռք անցնել», «ձեռք բարձրացնել», «ձեռք քաշել», «ձեռքը բաց», «ձեռքը ծուռ», «ձեռքը խնդրել», «ձեռքը-ոտքը թուլանալ», «ձեռքէն գալ»՝ մեր աշխարհաբարի համեմներն են։ Հարուստ ենք նաեւ այն գիրքերով, որոնք կը կոչուին «Ցուցակ ձեռագրաց», գրուած՝ համբուրելի ձեռքերու կողմէ։ Նկատեցի՞ք, թէ «ձեռք»ը, առատաձեռն բառ, շնորհիւ ժողովուրդի երեւակայութեան, նշանակեց ոյժ, մարդուժ, կարողութիւն, օգնութիւն, ամուսնական հաւանութիւն, իշխանութիւն, զօրութիւն, զինուոր, տիրապետութիւն, հովանաւորութիւն, գրելաձեւ (Ասիկա Ալիծին ձեռքն է), առարկաներու ամբողջութիւն (Մէկ ձեռք հագուստ), բախտաթուղթի տրցակ, անգամ (Երկու ձեռք խաղացինք), եւ դաշնակ նուագողի աջ կամ ձախ ձեռքի գրուածք (Այս երգի ձախ ձեռքը խրթին է)։
Բայց, յարգելի ընթերցող, օր մը օտար ձեռքեր, անհաղորդ մեր հոգիին՝ կոյսի եւ գեղեցիկի բոյրէն խենթացած, մոլուցքով յօշոտեցին մեր սրբութիւնները։ Ո՞վ էր ան։ Ի՞նչ ուղղութիւն ունէր։ Պատասխանեց Յովհաննէս Թումանեանը.
Ձեռքերն արնոտ գընում է
նա դեռ կամկար,
Ու հեռու է մինչեւ Մարդը իր ճամփան։
Նոյն օրերուն Սիամանթօն, հոգեւոր աշակերտը Նարեկացիի, «ձեռք» բառին տուաւ դժոխային պաշտօն մը. որդեսպանութիւն։ «Խեղդամահը» բանաստեղծութեան մէջ Կիլիկեցի հայուհի մըն է, որ կ՚աղաղակէր. «Սա ձեռքերս կը տեսնէ՞ք, կը տեսնէ՞ք սա ձեռքերս. Ես էի որ ասոնցմով նկուղին մէջ, իմ նորածինըս խեղդեցի... Դուք ալ գոնէ զի՛ս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են»։ Երբ վերադարձան խաղաղ օրերը, հայ բանաստեղծը վերսկսաւ գովերգել ձեռքերը՝ «Մօր ձեռքերը»։ Պարոյր Սեւակն էր ան։ «Այս ձեռքերը՝ մօ՜ր ձեռքերը, հինաւուրց ու նո՜ր ձեռքերը»։ Իսկ Պոլսոյ մէջ, մերօրեայ բանաստեղծուհի մը, Նուէր Սիլահլըն, «ձեռք»ին վերադարձուց սէրը. «Աջ ձեռքս ու ձախ ձեռքս ձեռք ձեռքի տուին ու քու ձեռքերդ բռնեցին»։
Մեր միտքը թռիչք մը եւս կը կատարէ։ 1759 թուականն է։ Սայաթ-Նովան ձեռք կը քաշէ աշխարհիկ կեանքէն, կը ձեռնադրուի քահանայ, կը դառնայ Տէր Ստեփանոս, կը կարգուի վանքի լուսարար, կը ձեռագրէ երկու մատեան, մէկը՝ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը։ Ի՞նչ փոյթ, թէ ան «Արութին» էր ծնած, «Սայաթ-Նովա» էր աշուղացած եւ «Տէր Ստեփանոս» էր ապաշխարած։ Ցմահ երգեց ձեռքով ու երգեց սէրը։ Ազնուագոյն խօսքերը եկան Եղիշէ Չարենցէն.
Երազ տեսայ. Սայաթ-Նովէն մօտս էկաւ սազը ձեռին,
Հըրի նման վառման գինու օսկեջըրած թասը ձեռին,
Նըստեց, անոյշ երգեր ասաւ՝ հին քամանչի մասը ձեռին,
Էնպէս ասաւ, ասես ունէր երկընքի ալմասը ձեռին։
Գիւղի մուտքին, կը յիշէ՞ք, հանդիպեր էինք սեղանիկներու վրայ ձեռահիւս կտորներ վաճառող տիկիններու։ Անոնց խոստացեր էինք առեւտուր ընել։ Անշուշտ, թէ Հաղպատէն ձեռնունայն պիտի չհեռանայինք։ Ուստի, ելլենք դուրս, մօտենանք ձեռնոցներուն եւ անձեռոցներուն, մէկ ձեռք առնենք, ապա «ձեռնունակ» այդ տիկիններուն եւ մեր համբուրելի բառին ըսենք՝ «Ձեռքերդ դալար»։