Պատճառներու վերլուծումը մի կողմ թողելով, իբրեւ հաստատում կարելի է պնդել որ մեր համայնքային դպրոցներէ ներս թերացում կը տիրէ գեղարուեստի եւ գրականութեան հանդէպ։ Չենք յաջողած մանուկներու կամ պատանիներու մօտ այս ոլորտներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն գոյացնելու։
Այս հաստատումը հիմք ունենալով շատ կարեւոր կը տեսնենք Քրիստին Սալերի Հիմնադրամի կազմակերպած նկարչութեան մրցումը։ Սոյն մրցումը բոլորելով եօթնամեայ ճանապարհ, աւանդութիւն մը դարձած է մեր դպրոցներէ ներս եւ իւրաքանչիւր կրկնութիւն աւելի մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Մասնակից աշակերտութիւնը տարիքային սահմանումով բաժնուած է երեք շերտերու։ Առաջին խումբին մաս կը կազմեն քաղաքիս հայ դպրոցներու Ա. եւ Դ. դասարաններ յաճախողները։ Երկրորդ խումբը կ՚ընդգրկէ Ե. եւ Ը. դասարաններու աշակերտները։ Այս բաժիններուն համար իւրաքանչիւր ուսման հաստատութիւն կը ներկայանայ երկու աշակերտով։ Երկրորդական բաժին ունեցող հինգ դպրոցներ կը ներկայանան երեքական աշակերտով։
Հիմնադրամը մասնակիցներուն խրախուսման համար նախատեսած է նաեւ դրամական պարգեւ, բոլոր բաժիններու առաջիններուն 1,500, երկրորդներուն 1,000 եւ երրորդներուն 750 ԹԼ արժողութեամբ։ Բացի այս, վերջին երկու տարիներուն յատկապէս տաղանդը գնահատելու միտումով մրցանակ մըն ալ շնորհուած է Քրիստին Սալէրիի դստեր՝ Ռեհան Սարըպայի կողմէ։
Մրցումը պիտի կայանայ 24 Մարտ Շաբաթ Մխիթարեան վարժարանի մէջ։
Իսկ գեղանկարիչներ Արթին Տեմիրճի, Իտա Գահրաման, Ժպիտ Պերպերեան, արուեստաբան Մայտա Սարիս եւ Ռեհան Սարըպայէ բաղկացող դատակազմին գնահատականը պիտի հրապարակուի 12 Մայիս Շաբաթ օր ժամը 15.00-ին նոյն վայրի մէջ։
Պոլսահայ գեղանկարչութեան մէջ բարձունք մըն է Քրիստին Սալերի եւ իր հարազատներուն այս նախաձեռնութիւնը ամբողջովին կը պատշաճի անոր վաստակը անմահացնելու հեռանկարին։