ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
13Մարտ երեքշաբթի երեկոյ Պոլսոյ կարեւորագոյն մշակոյթի կեդրոններէն Տեփոյի մէջ կայացաւ «Անի՝ քարին քերթուածը» ցուցահանդէսը։
Ինչպէս անունն ալ կը վկայէ այս ցուցահանդէսը ձօնուած է հայոց պատմական մայրաքաղաք Անիին եւ կը կրէ՝ «մշակոյթներու խաչմերուկին վրայ ճարտարապետական գանձ մը» ենթախորագիրը։ Իրականութեան մէջ ցուցահանդէսը ամբողջական ծրագրի մը ծանօթագրութեան մասնիկ մըն է։ Իսկ ծրագիրը կը վերաբերի Անիի կիսափուլ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ կանգուն մնացած հատուածին ամրացման աշխատութեան։
«Երբ առաջին անգամ վայրին վրայ քննարկեցինք վերակառուցման եղանակները, որոշեցինք օգտագործել եկեղեցւոյ շինութեան մէջ օգտագործուած քարատեսակը։ Այդ քարը առատօրէն կը գտնուէր տարածաշրջանի մերձակայ վայրի վրայ։ Սակայն շուտով տեսանք, որ Կարսի մէջ այդ քարը մշակելու յարմարութիւնները կը պակսին։ Մեզ հետ էր Հայաստանէն եկած քարտաշ մը, որ խորհուրդ տուաւ սահմանի հանդիպակած կողմէն քարեր փոխադրել։ -Մեր կողմը, թէ նոյն քարը կայ եւ թէ կարելի է տեղւոյն վրայ մշակել ու ապա փոխադրել Անի-։ Հետաքրքրական էր իր առաջարկը։ Սակայն գործը այսպէսով ունեցաւ երկու երկիրներու համագործակցութեան կարիքը։ Այս պատճառաւ ես անձամբ այցելեցի Երեւան եւ Հայաստանի մեր գործընկերներուն պարզել փորձեցի, թէ ինչ ընել կ՚ուզենք։ Այդ պահուն զգացի, որ բերանացի բացատրութիւնը անբաւարար է, ուստի հարկ եղաւ ահա այս ցուցահանդէսը եւ անոր յաջորդող ասուլիսը, իբրեւ բացատրութիւն մեր ձեռնարկած գործին մասին»։
«Ակօս»ի խմբագրատան մէջ ահա այս նախադասութիւններով կատարուածը կը նկարագրէր վերաշինութեան մասնագէտ ճարտարապետ Եաւուզ Էօզքայա։ Իր պատմածներէն յայտնի կը դառնար, որ նախատեսուածը ո՛չ թէ եկեղեցին վերակառուցել է, այլ կիսափուլ տաճարի մնացորդացին ամրացումը։
Ինչպէս նման բնոյթի բազմաթիւ ձեռնարկներ, այս աշխատութիւնն ալ կը վայելէր մշակոյթի նախաձեռնութիւններու կարեւոր գործիչ Օսման Քաւալայի նեցուկը։ «Մեր անցած ճանապարհին մէջ շատ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Օսման Քաւալան։ Նորվեկիոյ մշակոյթի ժառանգի ուսումնասիրութեան ինստիտուտի ներգրաւումը իր միջոցաւ կայացաւ։ Ինք էր, որ անուն առ անուն նշեց Հայաստանի մէջ Մշակութային նախարարութեան կազմէն իմ խօսակիցները։ Նոյնիսկ այս ցուցահանդէսի նախապատրաստութեան ընթացքին Քաւալա ինք անձամբ կը ճշդէր տեղադրուելիք տեսանիւթերը» կ՚աւելցնէ Եաւուզ Էօզքայա։
Ծրագրի մաս կազմող մասնագէտներէն է տոքթ. Արմէն Կազարեան, որ ներկայիս կը զբաղեցնէ ռուսական ճարտարապետական եւ շինարարական գիտութիւններու ակադեմիայի հնադարեան եւ միջնադարեան քաղաքաշինութեան բաժնի պետի պաշտօնը։ Արդարեւ Կազարեան եւս բացատրութիւններ տուաւ կատարուած ամրացման աշխատանքին մասին։ Երկու մասնագէտներու հետ ալ զրուցեցինք խմբագրատան մէջ, որուն աւելի ընդարձակ պատճէնը պիտի հրատարակենք թերթիս յաջորդ թիւին մէջ։
Ինչպէս մեր հիւրերը մատնանշեցին 14 Մարտ չորեքշաբթի երեկոյ այս անգամ Ճէզայիր շէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որուն ատենախօսներն էին Նորվեկիոյ մշակոյթի ժառանգի ուսումնասիրութեան ինստիտուտի նախկին տնօրէն Քարսթէն Փալուտան Միւլլեր, տոքթ. Արմէն Կազարեան, Եաւուզ Էօզքայա եւ Վետաթ Աքչաէօզ։ Այս վերջին անունը արդէն ծանօթ է «Ակօս»ի ընթերցողներուն Անիի աւերակներու մասին իր ուսումնասիրութիւններով եւ հրատարակութիւններով։ Նշենք որ երեքշաբթի երեկոյ ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին մեծ թիւով արուեստասէրներ, որոնք ուշադրութեամբ հետեւեցան Արա Կիւլէրի, Մարտին Մանուկեանի, Մուրատ Կերմենի եւ Վետաթ Աքչաէօզի լուսանկարներուն ու Իւմիտ Քըվանչ, Էնկին Աքհիսար եւ Նեսլիհան Քոյունճուի նկարահանումներուն։ Ցուցահանդէսի տեւողութեան լուսանկարիչ Էրհան Արըք կը նկարէր բացման հանդէսէն դրուակներ, որոնք ապա պիտի փոխանցուէին իբրեւ պատանդ բանտարկուած Օսման Քաւալային։