Շնորհաւոր Մարտի 8

Կանանց համաշխարհային օրը ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տա­րի եւս կը յի­շատա­կուի օրա­կար­գի բե­րելով կի­ներու դէմ բռնու­թիւնը եւ մա­նաւանդ ալ մար­դասպա­նու­թեան հաս­նող ատե­լու­թիւնը։ Աշ­խարհի ներ­կայ հո­լովոյ­թին մէջ բա­ւական յու­սա­հատեց­նող է այն պատ­կե­րը, որ կի­ներ ԻԱ դա­րուն տա­կաւին կը հար­կադրուին արա­կան բռնու­թեան դէմ պայ­քա­րելու եւ ամե­նահիմ­նա­կան մար­դու իրա­ւունքնե­րէն հա­մարուող ապ­րե­լու իրա­ւունքը պաշտպա­նելու հա­մար։

Թուրքիա մաս­նա­ւորա­բար վեր­ջին տա­րինե­րուն կը պար­զէ բա­ւական տխուր պատ­կեր մը, քա­նի որ սո­վորա­կան երե­ւոյթ դար­ձած է կի­ներու սպա­նու­թիւնը իրենց ամե­նամօտ­նե­րուն ձե­ռամբ։ Այդ ամե­նամօ­տը մերթ կը յայտնուի ամու­սի­նի, ծնո­ղի կամ եղ­բօր կեր­պա­րան­քով։ Խնդի­րը ու­նի թէ իրա­ւական եւ թէ կրօ­նաբա­րոյա­կան երե­սակ։ Շա­տեր իրենց վրայ իրա­ւունք կը տես­նեն կի­ներու կեան­քին մի­ջամ­տե­լու հա­մար։ Բո­լոր այս խո­րապատ­կե­րին մէջ բնա­կանա­բար Կա­նանց հա­մաշ­խարհա­յին օրը կը վե­րածուի բո­ղոքի ցոյ­ցի եւ այդպէ­սով ալ կը հան­դի­պի քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րու ար­գելքնե­րուն։ Այս տա­րի ալ զա­նազան քա­ղաք­նե­րէ ներս կու­սա­կալու­թիւննե­րը ար­գելք հան­դի­սացած են կի­ներու մէկ­տե­ղու­մին, պատ­ճա­ռաբա­նելով անվտան­գութեան ինչ-ինչ հա­ւանա­կանու­թիւններ։

«Ակօս» կու գայ իր ձայ­նը միաց­նել տմար­դութեան դէմ պայքարող բոլոր կանանց եւ իրենց հետ կ՚աղաղակէ՝ Կեցցէ՛ կիներուն համաշխարհային զօրակցութիւնը։

 


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ