Եշիլգիւղի ժողովը եւ այլ ճշմարտութիւններ

Իսթանպուլի կուսակալութենէն եկած գրութիւնով մը կրկին անգամ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ նշանակուած Արամ արք. Աթէշեան նախորդ ուրբաթ երեկոյ Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ ժողով մը կատարեց։ Աթէշեան այս ժողովը ներկայացուց, որպէս շրջող անհիմն պնդումներու պատասխան տալու առիթ։ Ժողովին ներկայ էին եկեղեցւոյ երէց Տէր Կորիւն քահանայ Ֆեներճեան, թաղական խորհուրդի անդամներ եւ այլ թաղերու վարչայիններ։ Արամ սրբազան բացատրութիւններ տուաւ Սանասարեան խանի օրինական զարգացումներուն, համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններուն, քահանաներու պաշտօնավայրերու փոփոխութեան եւ այլ հարցերու մասին։

Աթէշեան սրբազանի ելոյթին կը տիրապետէր սպառնական ոճ մը, որ կարելի է բնական համարել իր հասցէին ուղղեալ համատարած քննադատութիւններէ ետք։ Սրբազանը խօսելով քահանաներու պաշտօնավայրերու փոփոխութեան խնդրին, անգամ մը եւս յայտնեց թէ այդ նիւթին շուրջ միակ լիազօրութիւնը իրեն կը պատանի եւ բնաւ նպատակ չունի այդ լիազօրութիւնը ուրիշներու հետ կիսելու։ Անշուշտ, որ սրբազանի ելոյթներուն մէջ ուշադրութեան յատուկ արժանի էին կարգ մը պնդումներ, որոնց իրաւացիութիւնը բաւական վիճելի կը թուի։ Այս մասին յատուկ լրատուութիւն մը պատրաստած է նաեւ թերթիս աշխատակից Ույկար Կիւթեքին եւ այդ աշխատութիւնով վիճելի կը դառնայ Արամ արք. եպիսկոպոսի Սանասարեան խանի եկամուտը ամբողջովին Պատրիարքարանին փոխանցելու մտադրութիւնը։ Արդարեւ Ույկար Կիւլթեքին պրպտելով նախկին գործադրութիւնները կը հաստատէ այս հիմնադրամի յատուկ որոշ իրողութիւններ։ Օրինակի համար Սանասարեան խանի հիմնադրութեան կարգադրութիւնը մեծապէս կը տարբերուի մեր նախահանրապետական շրջանի այլ հիմնադրամներու կարգ ու կանոնէն։ Մանաւանդ կայ փաստացի աղբիւր ըստ որու 1920-1928 թուականներու միջեւ խանի եկամուտը ամբողջովին յատկացուած է Կեդրոնական վարժարանի մատակարարման։ Մինչդեռ Արամ սրբազան Եշիլգիւղի ժողովին կը յայտնէր, թէ խանի եկամուտը պիտի տրամադրուի Պատրիարքարանին եւ այսպէսով վերացած պիտի ըլլայ մեր համայնքին շատ ծանր մէկ բեռը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ