Յիշատակը միշտ թարմ մնաց

Համայն պոլսահայոց համար տխուր թուական մըն է Մարտի 7։ Այն օր կարծես թէ բովանդակ պոլսահայութիւնը շանթահարուած ըլլար Հայաստանէն հասնող մահուան գոյժով։ Անհաւատալի առկածի մը զոհը դարձած էր պոլսահայութեան այնքան սիրելի պատրիարք հայրը Շնորհք Արք. Գալուստեան։ Անսպասելի էր եկած լուրը, քանի որ մինչեւ այդ մենք առհասարակ մեզ լաւ տրամադրող լուրեր ստանալու սովոր էինք հայրենի երկրէն։ Այս անգամ եկող լուրը ակնթարթի մէջ ամբողջ ժողովուրդ մը մատնեց սգաւորի հոգեվիճակին։ Իրաւ մենք որքան սիրած էինք Շնորհք Գալուստեանը հայր կոչել։ Կախարդական անմիջականութիւն մը կար իր ու իր հօտի միջեւ։ Անմիջականութիւն մը, որուն արժանի չեղան իր յաջորդները։ Ճիշդ է, որ պոլսահայութիւնը մեծ ակնկալութիւններ ունէր նաեւ Մեսրոպ պատրիարքէն։ Ճիշդ է ան ալ նոյն անմիջականութեամբ դիտուած էր որպէս իր բարոյական հօր բնական յաջորդը։ Սակայն հարկ է նշել, թէ Մութաֆեան սրբազան իր կարգին ապրեցաւ լուրջ վերիվայրումներ։ Այդ տարիներուն մեր մտքին մէջ դրոշմուած էր Ռոպէր Հատտէճեանի իմաստուն խօսքը. «Աթոռը կը շինէ»։ Սպասեցինք եւ տակաւին մեծ սիրով կրնայինք սպասել աթոռի այդ յատկութեան։ Վերջապէս յիշենք որ փոթորկոտ վերիվայրումներու շրջան մըն էր, որ կը բոլորէինք եւ իրաւունք չունէինք այդ շրջանին մէջ անհամբերութենէ ծագած խնդիրներ ունենալու։ Իսկ այսօր համատարած հիասթափութիւն կը տիրէ մեր բոլորին մօտ։ Սպառած ենք մեր յոյսերը։ Գիտենք, որ այն ինչ թէ կ՚ակնկալէինք Մեսրոպ Սրբազանէն այսօր միտքով իսկ անցնելիք բան չէ։ Վերջապէս Մեսրոպ մեր եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ վերջին վանականն էր։ Իրմէ ետք եկողները նոյնիսկ սակարկութեան նիւթ դարձուցին վանականութիւնը, պայման բերելով թէ եթէ պատրիարք ընտրուին ժամը 17.00-էն ետք չեն մնար Պատրիարքարան։ Այս ալ իր կարգին չափանիշ մըն է ահաւասիկ։ Ո՞վ, ինչպէ՞ս պիտի արդարացնէ այդ գահին պահանջած պատշաճութիւնը։ Աթոռ մը, որ թէ փշոտ է եւ թէ հեզասահ։

Այսօր երբ ազգովին կը մտմտանք այդ աթոռի արժանի գահակալը ճշդելու լուրջ խնդրին շուրջ, ալ աւելի կը յստականայ Շնորհք պատրիարքի բացակայութեան տեղի տուած մեծ պարապութիւնը։

Միայն մէկ բան կայ, որ կրնայ մխիթարական ըլլայ, գիտենք որ ազգը ներկայացնող աթոռները երբեք երկար թափուր չեն մնար։ Կու գայ պահը եւ մենք դարձեալ այս դարաւոր աթոռին վրայ կը տեսնենք արժանիքներով օժտուած գահակալը։ Իր շնորհիւ պիտի գտնենք մեր երբեմնի կորած միասնականութիւնը։ Այսպէս պիտի շարունակենք մեր երթը դէպի դարերու խորքը։ Սա եկեղեցի չէ միայն եւ ո՛չ ալ պարզ աղօթատեղի ժողովուրդը կը սպասէ իր պատրիարքին, որուն դիւրաւ պիտի կրնայ դիմել «հայրիկ» ըսելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ