Յամառիլ նոյն սխալին վրայ՝ 1922-էն ի վեր

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, նոր վար­չա­կար­գին առա­ջին գոր­ծե­րէն մէ­կը ուղղագ­րութեան փո­փոխու­թիւնը եղաւ։ Հա­յերէ­նի ուղղագ­րութեան վե­րաբե­րեալ մինչ այդ գի­տական կամ հան­րա­յին քննար­կումներ կ՚ըլ­լա­յին, եր­կա­կի կամ բազ­մա­կի գրե­լաձե­ւեր, հնչիւ­նա­յին հա­մակար­գի պատ­մա­կան զար­գա­ցու­մի ար­դիւնքին յա­ռաջա­ցած խօ­սելա­կեր­պեր տուն կու տա­յին մտա­յին մար­զանքնե­րու, սա­կայն նո­րահաս­տատ պե­տու­թեան որոշ­մագրով մը կա­տարա­ծը ուղղա­կի հա­րուած մը, կոշտ մի­ջամ­տութիւն մըն էր ան­կասկած, քա­նի որ հա­յերէ­նի ուղղագ­րութեան շուրջ ըն­թա­ցող բուռն քննար­կումներն ու բա­նավէ­ճերը ուղղագ­րութեան փո­փոխու­թիւնը անհրա­ժեշ­տութիւն մը, ան­յա­պաղ իրա­գոր­ծե­լի օրա­կար­գա­յին նիւթ մը նկա­տած չէին եր­բեք, եւ արեւմտա­հայ ու արե­ւելա­հայ մտա­ւորա­կանու­թիւնը գո­նէ այս նիւ­թին մէջ հա­մակար­ծութեան մէջ էր։

1921-ին Սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նի լու­սա­ւորու­թեան ժո­ղովրդա­կան կո­միսար, այ­սինքն կրթու­թեան նա­խարար Աշոտ Յով­հաննի­սեան բա­ցէիբաց կը յայ­տա­րարէր, թէ ուղղագ­րութեան հար­ցը քա­ղաքա­կան է «եւ հայ լե­զուի ուղղագ­րութեան ռե­ֆոր­մի խնդի­րը Հա­յաս­տա­նի յե­ղափո­խական իշ­խա­նու­թեան հեր­թա­կան խնդիր­նե­րից մի­նը։ Մեր օրե­րում այդ խնդի­րը քննու­թեան չի դրւում սկզբունքի տե­սակէ­տից։ Ռե­ֆոր­մի խնդի­րը կա­րօտ է միայն տեխ­նի­կական մշակ­ման»։ Նա­խարա­րի այս խօս­քե­րէն կը հասկցուի, որ ուղղագ­րութեան փո­փոխու­թիւնը ար­դէն իսկ որո­շուած էր, կը մնար միայն յստա­կեց­նել ինչպէ­սը։ 4 մարտ 1922-ին նոր նա­խարար Պօ­ղոս Մա­կին­ցեան ամ­բողջու­թեամբ կ՚ըն­դունի լե­զուա­բան Մա­նուկ Աբե­ղեանի նա­խապէս ներ­կա­յացու­ցած ուղղագ­րութեան փո­փոխու­թեան բո­լոր առա­ջարկնե­րը եւ զա­նոնք կը հաս­տա­տէ դեկ­րե­տով մը։

Նոր ուղղագ­րութեան նպա­տակն էր ձայ­նա­ւոր­նե­րու, յ կի­սաձայ­նի եւ վ բա­ղաձայ­նի նկատ­մամբ վե­րաց­նել գրել-կար­դա­լու եւ ուղղագ­րութեան ուսման դժուարու­թիւննե­րը, որոնք լե­զուի բնա­կան հնչիւ­նա­փոխու­թեամբ յա­ռաջա­ցած էին գրու­թեան մէջ։ Այդպէ­սով հա­յերէ­նի գրու­թիւնը, գո­նէ Սո­վետա­կան Միու­թեան եւ հե­տագա­յին նաեւ արե­ւելեան ճամ­բա­րի եր­կիրնե­րու սահ­մաննե­րէն ներս, կը վե­րածուի հնչիւ­նա­կան պարզ գրու­թեան՝ հա­մապա­տաս­խա­նելով ար­տա­սանու­թեան։

«Խորհրդա­յին Հա­յաս­տան» պաշ­տօ­նաթեր­թին մէջ այդ շրջա­նին կը տպագ­րուին յօ­դուած­ներ, որոնք կ՚ող­ջունեն նոր ուղղագ­րութիւ­նը՝ ըստ սո­վետա­կան հռե­տորա­բանու­թեան կղե­րամիտ ու պահ­պա­նողա­կան հա­մարե­լով աւան­դա­կան ուղղագ­րութեան կողմնա­կից­նե­րը, որոնք նուազ հե­ղինա­կու­թիւններ չէին այդ տա­րինե­րուն։ Օրի­նակ՝ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը, որ Մա­կին­ցեանին ուղղեալ նա­մակին մէջ կը գրէր հե­տեւեալը. «Ես որ­պէս հայ գրող եւ հայ գրող­նե­րի միու­թեան նա­խագա­հը՝ գա­լիս եմ յայտնե­լու իմ զար­մանքը եւ բո­ղոքե­լու էն վար­մունքի դէմ որ ու­նե­ցել է Հա­յաս­տա­նի լուսժող­կո­մը էն կա­րեւոր խնդրում»։ Աւե­տիք Իսա­հակեան՝ նո՛յնպէս։ «Ամէն բան լաւ է գնում Հա­յաս­տա­նում (Երե­ւանից եկած թեր­թե­րը կար­դում եմ), միայն մի բան է գէշ - ուղղագ­րութիւ­նը, աշ­խա­տեցէք փո­խել», կը գրէր ան Մար­տի­րոս Սա­րեանին ուղղեալ նա­մակին մէջ։ Պե­տական օրէն­քով ուղղագ­րութիւ­նը փո­խուած էր, բայց դժգո­հու­թիւննե­րը չէին դադ­րեր։ Մտա­ւորա­կան­նե­րը չէին ըն­դուներ նոր ուղղագ­րութիւ­նը։ Նոյ­նիսկ Սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նի այդ ժա­մանա­կուան ղե­կավար Ալեք­սանդր Միաս­նի­կեան, որու նա­խագա­հած կա­ռավա­րու­թիւնը ըն­դունած էր որո­շու­մը, բա­րեկա­մի մը ուղղեալ նա­մակի մը մէջ «նե­րեցէք պահ­պա­նողա­կանու­թիւնս,- կ՚ըսէր,- մին­չեւ այ­սօր, ի ցաւ, չեմ սո­վորել կար­գին գրել նոր ուղղագ­րութեամբ»։

Դժգո­հու­թիւններ կը բարձրա­նային նաեւ Հա­յաս­տա­նէ դուրս։ Մխի­թարեան Հ. Վար­դան Հա­ցու­նի «Բազ­մա­վէպ»ին մէջ Սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նի ղե­կավար­նե­րուն վճիռ­նե­րը կը նկա­տէր «հա­տու եւ անո­ղոք» ու կը գրէր. «Գու­ցէ վեր­ջին սե­րունդն ենք՝ որ Հա­ցեկաց­ւոյն գրչով կը գրենք, եւ որ տե­ղի պի­տի տայ Երե­ւանի մէջ խնկար­կուած մոս­կո­վեան գրչին։ Այդ եր­կու գրիչ­նե­րը զի­րար չեն հասկնար, չեն կա­րող պատ­ճա­ռաբա­նել իրա­րու հետ»։ Իսկ Վա­հան Թէ­քէեան «Ժո­ղովուրդի ձայ­նը-Ժա­մանակ»ի մէջ նոր ուղղագ­րութիւ­նը կ՚որա­կէ «ան­ճոռնի բան», «ամ­բա­րիշտ փորձ»։ Արե­ւելա­հայու ու արեւմտա­հայու խնդիր մը յա­րու­ցել չու­զե­լով հան­դերձ, Թէ­քէեան «տա­րօրի­նակ» կը նկա­տէ Արա­րատէն ան­դի

ն ապ­րող հա­յերը, որոնք «ինքնի­րեն­նին ամ­բողջ հա­յու­թեան ճա­կատա­գիրը կը տնօ­րինեն… եւ ինքնի­րեն­նին կը փո­խեն նաեւ անոր լե­զուն, բնաւ հոգ չը­նելով թէ զայն խօ­սող ու գրող -եւ իրենցմէ լաւ խօ­սող ու գրող- ու­րիշ հա­յեր եղած են ու կան»։ Իսկ Պո­լիս հրա­տարա­կուող «Ճա­կատա­մարտ» «բար­բա­րոսու­թիւն» կը նկա­տէ կա­տարուածը եւ «հայ լե­զուն հայ ժո­ղովուրդին վեր­ջին մա­սունքն» ու «միակ նուիրա­կանու­թիւնը» յայ­տա­րարե­լով՝ կ՚եզ­րա­կաց­նէ. «Պէտք է, նոյնքան կտրուկ հրա­մանագ­րով մը, վերջ տալ այս անո­րակե­լի բար­բա­րոսու­թեան։ … Այ­լա­պէս, պի­տի մղուինք եզ­րա­կաց­նել, թէ Երե­ւանի վա­րիչ­նե­րը աս­պա­րէզ իջած են, պար­զա­պէս լրաց­նե­լու հա­մար մեր թշնա­մինե­րուն պա­կաս թո­ղածը»։

Սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն կող­մէ պար­տադրուած ուղղագ­րութեան փո­փոխու­թիւնը ձա­խաւեր ծրա­գիր մըն էր ան­շուշտ, մե­ռած՝ ծնե­լուն պէս։ Մա­կին­ցեան քա­նի մը տա­րի անց՝ 1925-ին կը խոս­տո­վանէր, թէ ուղղագ­րա­կան այդ փո­փոխու­թիւնը աս­տի­ճան մըն էր պար­զա­պէս՝ «դէ­պի լա­տինա­կան գի­րը անցնե­լու գոր­ծը դիւ­րացնե­լու հա­մար»։ Որով­հե­տեւ իրեն հա­մար մես­րո­պեան այ­բուբե­նը «ան­կիւնա­ւոր, տգեղ եւ աչ­քե­րի հա­մար վնա­սակար» էր ու պէտք էր ան­մի­ջապէս «ար­խի­ւը նե­տել»։ Ըստ իրեն, «… Հայ խորհրդա­յին իշ­խա­նու­թեան չոր­րորդ տա­րեդար­ձի այս տօ­նը ամե­նեւին մթագ­նած չեն լի­նի՝ խոս­տո­վանե­լով ան­յա­ջողու­թիւնը ուղղագ­րա­կան ռե­ֆոր­մի գոր­ծում»։

Ու­րեմն ուղղագ­րութեան փո­փոխու­թիւնը կա­տարուած էր քա­ղաքա­կան հե­ռան­կա­րով մը։ Նոյն ճա­կատագ­րին ար­ժա­նացած ռու­սե­րէնի, պե­լառու­սե­րէնի, ուքրա­ներէ­նի ուղղագ­րա­կան փո­փոխու­թիւննե­րը, այլ նաեւ Խորհրդա­յին Միու­թեան մեծ ու փոքր ժո­ղովուրդնե­րուն հա­մար պատ­րաստուած ու պար­տադրուած 68 լա­տինա­տառ այ­բուբեն­նե­րը շուրջը մտա­ծելու կամ վեր­լուծե­լու երկրորդ տե­սու­թիւն մը չէն տար մե­զի։ Բո­լոր այս փո­փոխու­թիւննե­րը հրա­հան­գուած էին Հա­մայ­նա­վար կու­սակցու­թեան կեդ­րո­նական կո­միտէէն ու պէտք է կի­րառուէին Սո­վետա­կան Միու­թեան տա­րած­քին՝ հուսկ յան­գե­լու հա­մար կիւ­րե­ղեան այ­բուբե­նին։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խացու­մէն վերջ, սփիւռքա­հայ մտա­ւորա­կան­ներ, գրա­գէտ­ներ բազ­միցս ար­տա­յայ­տուեցան այս նիւ­թի շուրջ, քա­նի մը թեր­թեր ու պար­բե­րական­ներ բա­ցառիկ թի­ւեր պատ­րաստե­ցին, 4 Մարտ 1922-ի որո­շու­մը ջնջե­լու խնդրան­քով Հա­յաս­տա­նի նա­խագա­հին գրուեցան բաց նա­մակ­ներ, դի­մումներ, որոնք բո­լորն ալ մնա­ցին «ձայն բար­բա­ռոյ յա­նապա­տի»։ Սփիւռքա­հայ մտա­ւորա­կան­նե­րը այս նիւ­թին շուրջ ու­նին միաս­նա­կան կե­ցուածք մը, սա­կայն նոյ­նը կա­րելի չէ ըսել Հա­յաս­տա­նի մտա­ւորա­կան­նե­րու հաս­ցէին, որոնց մէկ մա­սը 1998-ին «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւն» թեր­թին մէջ ստո­րագ­րե­ցին «Յա­նուն միաս­նա­կան ուղղագ­րութեան» վեր­նագրեալ հա­մախօ­սական մը, ուր կ՚ըսուէր. «Սա ո՛չ միայն լե­զուա­կան կամ լե­զուա­բանա­կան հարց է, այ­լեւ՝ խո­րապէս քա­ղաքա­կան, ուստի եւ «լե­զուա­բան»-«ոչ լե­զուա­բանի», «մաս­նա­գէտ»-«ոչ մաս­նա­գէտ» բա­նակ­ռուի, լրագ­րա­յին բա­նավէ­ճի կամ այդ եղա­նակով լու­ծե­լիք խնդիր էլ չէ, այլ, կրկնում ենք, հրա­տապ լու­ծում պա­հան­ջող քա­ղաքա­կան օրախնդիր»։ Իսկ մտա­ւորա­կան­նե­րու ու­րիշ հա­տուած մը կա­տաղի ձե­ւով կ’ըսէ, թէ «Սփիւռքը իրա­ւունք չու­նի Հա­յաս­տա­նին պար­տադրե­լու իր ուղղագ­րութիւ­նը»։ Չեն գի­տակ­ցիր, որ հար­ցը սխալ է դի­տել Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րու դի­տան­կիւնէն, թէ հար­ցը Հա­յաս­տա­նի ու Սփիւռքի կամ արե­ւելա­հայե­րէնի ու արեւմտա­հայե­րէնի հարց չէ, այլ հա­յոց լե­զուի, մշա­կոյ­թի, քա­ղաքակրթու­թեան ամ­բողջին վե­րաբե­րող ախտ մը… Ախտ մը, որ մեր երե­ւակա­յածէն շատ աւե­լի վնաս­ներ հաս­ցուցած է մեր ժո­ղովուրդին ու անոր մշա­կոյ­թին։

Եզ­րա­փակեմ լե­զուա­բան Մա­նուկ Աբե­ղեանի 1913-ին «Արա­րատ» հան­դէ­սին մէջ տպագ­րած «Մեր ուղղագ­րութեան մա­սին» յօ­դուա­ծի հե­տեւեալ բա­ժինով. «… ուղղագ­րութիւ­նը միու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ, որ­պէսզի նոյն լե­զուն խօ­սող մար­դիկ կա­րողա­նան մէկ­մէ­կու գրած հեշ­տութեամբ վեր­ծա­նել։ Բա­ցի այդ՝ բա­ռերի պատ­կերնե­րը դա­րէ դար էլ չպի­տի մեծ փո­փոխու­թիւննե­րի են­թա­կայ լի­նին, որ­պէսզի յա­ջորդ սե­րունդնե­րը չկտրուեն նա­խորդնե­րի հետ գրի մի­ջոցով մտա­ւոր հա­ղոր­դակցու­թիւն ու­նե­նալուց։ Եթէ չլի­նի ու­րեմն ուղղագ­րութեան այս ընդհա­նուր եւ տե­ւական միու­թիւնը, չի կա­րող գո­յու­թիւն ու­նե­նալ եւ մի ընդհա­նուր գրա­կան լե­զու։ Հա­յերէ­նի հա­մար աւե­լի մեծ է այս պայ­մա­նի նշա­նակու­թիւնը, քա­նի որ մենք ու­նենք այ­սօր եր­կու գրա­կան լե­զու­ներ, որոնք նոյ­նա­նում են գո­նէ միակերպ ուղղագ­րութեամբ։ Ուստի հենց սկզբից պի­տի ասեմ, որ եթէ որե­ւէ փո­փոխու­թիւն պէտք է մեր ուղղագ­րութեան մէջ աւե­լի խառն դրու­թիւն մտցնի եւ մեր գրա­կան լե­զու­ներն իրա­րուց աւե­լի հե­ռաց­նի, աւե­լի լաւ է, որ չլինի»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ