ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Մեծ Պասի միջին շաբաթը «Միջինք» կը կոչուէր։ Այդ օրը ձէթով բաղարջ կը թխէին։ Սրա մէջ ոեւէ ուլունք, մատանի կամ դրամ կը դնէին.ում բաժին հասներ՝ տան դովլաթը նրա գլուխն է կ՚ըսէին։ Իսկ թէ դանակը ուլունքին կանգ առնէր՝ դովլաթը տնեցոց բոլորինն էր, այլ վայրերում՝ երկրագործութեանը, գութանինն է կ՚ըսէին, այսինքն բարիքը հողէն կու գար, տարին բերքառատ կը սպասուէր։
Բաղարջը կը կոչուէր «միջինք», «միջունք» կամ «կլոճ»։ Նոր Պայազետում Միջինքի խմորը տղաները կը հունցէին՝ ոտքերով։ Նոր Նախիջեւանում «պալից» կը թխէին. սա երեսը մեղրաջուր արած, մէջը ուռուցիկ հաց մըն էր։ Մշոյ բաղարջը «հարեգիլ» կը կոչուէր՝ ընկոյզով ու չամիչով էր զարդարուած։
Եթէ ընտանիքում այդ տարի մարդ էր մահացել, միջինք չէին թխեր, կը սպասէին, որ բարեկամները բերէին։ Ընդհանրապէս՝ միջինքին թխուած հացերէն պարտադիր բաժին կը հանէին աղքատներուն։ Թխուած բաղարջներով անպայման կը փոխանակուէին նոր նշանուած հարս ու փեսայի ընտանիքները։
Էրզրումում Մեծ պահքի օրերին հաց կը թխէին, ապա գիշերը մի տաք հաց ցած կը նետէին երդիկէն ու այսպէս կարտասանէին. «Ով տաք հաց, դու առ Աստուած ելնես, այս ցաւն ու զօռը մեր տնէն-տեղէն վերացնես։ Ով տաք հացի պահապան հրեշտակներ, լսեցէք, առ Աստուած միջնորդ եղէք»։
Վանում երեկոյեան տանտիկինները ձեռքը կ՚առնէին թոնիրը խառնելու երկար փայտը եւ մրոտած ծայրով տան չորս անկիւններում խաչեր կը գծէին՝ ասելով. «Պուպուշիկ դուրս, Պուպուշիկ դուրս», ապա նոյնը կը կրկնէին մառանում եւ ամբարում՝ հաւատալով, որ պուպուշիկները, որոնք տան անկիւններում թաքնուած գանգրահեր փոքրիկ սատանայաճտեր էին, կը թողնեն կը փախչեն։
Գանձակում Միջինքի Չորեքշաբթի երեկոյեան մինչեւ լոյս «լիս» կը վառէին։ Երեկոն յայտնի էր «լիճք» անունով։ Նախ ամանի մը մէջ ջուր կը լցնէին, ապա քիչ մը ձէթ կ՚աւելցնէին, բամբակից պատրոյգ կոլորէին եւ կը դնէին մէջը ու կը վառէին «ի յիշատակ քառսուն մանկանց»։
Առաւօտեան կանթեղի մէջ մնացած ջուրը օճախը կամ թոնիրը կը լցնէին, քանի որ մեղք կը համարուէր արդար ջուրը անսուրբ տեղ մը թափելը։
Այլ վայրերում «լիճքը» եկեղեցում՝ մեծ կոնքի մէջ կը վառէին, իսկ առաւօտեան կոնքի մէջ մնացած ջուրը կը բաժնէին մարդկանց միջեւ։ Վերջիններս այդ ջուրը կը քսէին հիւանդ ականջին, աչքին ու այլ վէրքերին կամ կը խառնէին բաղարջի խմորին։
Միջինքի ուրբաթ երեկոն «Քառսուն մանկունք» կը կոչուէր։ Այդ երեկոյ նոր նշանուած աղջկայ տուն կու գային անոր չափահաս ընկերուհիները։ Նրանք սկուտեղ կը պատրաստէին, որ կը բերէին իրենց հետ։ Սկուտեղի մէջ կը դնէին հալուայ, գաթայ, խեծաղ եւ 20-30 կոպեկ։
Նշանած աղջկայ տանը ամէնքը ծունր կը դնէին եւ ամէն անգամ քառասուն հատ ունեցող համրիչէն մինը կը ձգէին։ Ծնկի գալիս նրանք կ՚արտասանէին.
«Քառսուն մանուկը լճին,
Թագն ու պսակը ճտին,
Ինչ օր տուիր բաղնեցպանին,
Անոր կէսն ա ինծի տուր»։
Ջաւախքում կ՚ըսէին նաեւ.
«Քառսուն մանուկ, քառսուն կուս,
Քառսուն մանկանց մեղայ ես,
Ինչ օր տուիր բաղնեցպանին,
Անոր կէսն ա ինծի տուր»։
Կամ՝
«Լիճը լճին՝
Քառսուն մանուկը ճտին»։
Երբ համրիչը մի ամբողջ շրջան քաշած կը լինէին, այսինքն 40 անգամ ծունր դրած կ՚ըլլային, նախապէս պատրաստած քառասուն քարէն մինը մի կողմ կը դնէին եւ կը շարունակէին արարողութիւնը։
Երբ կէսին կը հասնէին, այսինքն 20.40.800 ծունր դրած կ՚ըլլային, սաստիկ խոնջած կը նստէին եւ իրենց բերած հացը կ՚ուտէին եւ նորէն կը դառնային արարողութեանը։
Երբ 40.40.1600 ծունր դրած կ՚ըլլային, այսինքն՝ համրիչը 40 անգամ ամբողջական շրջան քաշած կ՚ըլլային, «սաստիկ յոգնած, մատների կոճերը ուռած» նորէն կը նստէին տանտիրոջ հացը կ՚ուտէին ու կը պառկէին քնելու։
Առաւօտեան աղջիկները միմիանց գլուխ կը լուանային՝ ի յիշատակ 40 մանկանց խեղդուելուն, ապա հաց կ՚ուտէին եւ տան տիրոջից զոյգ մը գուլպայ նուէր ստանալով՝ կը շտապէին եկեղեցի, ապա կը ցրուէին ամէնքն իրենց տներով։ Ամբողջ այդ օրը «կիրակի» կը պահէին։
Քանի որ Միջինքը ժամանակային առումով կը կիսէր Պասը, եւ դաշտերը արդէն կանաչացած կ՚ըլլային, ուստի այն կը համարուէր նաեւ «գարնան աւետաբերը» եւ մարդկանց «կը հրաւիրեր» դաշտերն ու այգիները՝ զբօսնելու։
Նորահարսերը ամուսնու տնէն առաջին անգամ Միջինքին դուրս կու գային։ Սկեսուրը կը հրաւիրէր իր եւ նորահարսի մօր բարեկամներին եւ պասի ուտեստներով, զուռնայ դհոլով, երգ ու պարով (այստեղ նոյնպէս կը պարէին միայն տղամարդիկ) խումբը դուրս կու գար դաշտերը։
Վանում տան արու զաւակը մինչ արեւածագը կու գնար դեռեւս ձիւնապատ, բայց արդէն կանաչին տուող իրենց ցորենի արտը եւ կ՚աւետէր. «Աշխարհն լոյս տալու եկողը թող քեզ էլ լիութիւն տայ»։