ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ
Ինչպէս որ Ապրիլ ամիսը հայոց համար մեծ նշանակութիւն ունի, ատրպէյճանցիներու համար ալ յատուկ նշանակութիւն ունի Փետրուար ամիսը։ Յատկապէս վերջին եօթը տարիներուն կը հետեւիմ այն իրողութեան, թէ Ատրպէյճանի քարոզչամեքենան Խոճալուի դէպքերը օրակարգի բերելու համար լայն կը բանայ իր քսակը։ Խոճալուի յիշատակումի ձօնուած միջոցառումի մը առաջին անգամ վեց տարի առաջ Պոլսոյ Թաքսիմի հրապարակին վրայ մասնակցած էի։ Միջոցառումին ներկայ էր նաեւ, այդ շրջանին Ներքին գործոց նախարարը, որու անունը յիշել իսկ աւելորդ կը համարեմ։ Հազարաւոր մարդիկ ձեռքերնին հայոց ուղղեալ հայհոյանքներ պարունակող թուղթերով հաւաքուած էին, իբրեւ թէ Խոճալուի զոհերը յիշատակելու։ Լինտան սփիւռքահայ մըն էր եւ սփիւռքահայի մը յատուկ քաջութեամբ առաջ մղուեցաւ հաւաքոյթը նկարահանելու համար։ Հետաքրքրական ապրումներ էին, որոնք նաեւ արձանագրուած են իմ տեսախցիկի վրայ։ Ինչ հետաքրքրական էր, որ անոնք կը փորձէին մեզ համոզել Խոճալուի դէպքերուն իրողութեան, իսկ մենք նոյն հաստատ կամքով կը պատմէինք 15-ի կոտորածներու մասին։ Զրոյցը աւարտին հասած էր մեր ջանքերու տուած արդիւնքով։ Այդ նկարահանումը կարելի է դիտել (http://www.dailymotion.com/video/xp58ht)։
Յաջորդող տարիներուն ինչպէս որ կը հետեւէի Հայաստան-Թուրքիա խնդիրներուն, գրեթէ նոյն համեմատութեամբ հետեւեցայ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խնդիրներուն եւս։ Թուրքիոյ հեռուստակայանի համար կը գտնուէինք Թպիլիսի, ուր մեզի սեղանակից եղած էր Ատրպէյճանցի կին գործատէր։ Խօսքի ընթացքին զիս մեղադրեց իր երկրին մասին հարեւանցի տեղեկութիւններով խօսելուս համար։ Այս խօսքերը լուրջի առի եւ դիմեցի Ատրպէյճանի հիւպատոսարան վիզա ստանալու համար։ Ոչ թէ վիզա չտուին, այլ ուղղակի դիմումս մերժեցին։ 2015-ին կրթաթոշակէն օգտուելով այցելեցի Ղարաբաղ։ Ղարաբաղի մէջ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցայ տեղւոյն իշխանութիւններու հետ եւ այդ հանդիպումները հրապարակուեցան թէ «ԻՄՃ» հեռուստակայանի եւ թէ «T24» կայքէջի վրայ։ Անգամ մը եւս գրգռած եղայ ատրպէյճանցիներու հանդուրժողութեան սահմանները։ Ինչպէ՞ս կարելի էր Արտաքին գործոց նախարար կոչել Լեռնային Ղարապաղի Արտ գործ նախարարը կամ ինչպէ՞ս կրնայի նախագահ ըսել, այդ երկրի նախագահին համար։ Եւ այս ծանր մեղադրանքներով ես ալ մաս կազմեցի Ատրպէյճանի նշանաւոր սեւ ցանկին։ «T24»ի մէջ լոյս տեսած գրութիւններուս համար ծանրօրէն մեղադրուեցայ Ատրպէյճանի պատգամաւորներու կողմէ։ Անունս Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ հնչած էր։ Ինչ մեծ պատիւ։ Խոստովանիմ որ տակաւին չեմ հասկցած եւ ցանկութիւն ունիմ հարեւան երկրի քաղաքացիներուն հետ ուղղակի կերպով շփուելու։
Նախորդ շաբաթ բոլոր այս յուշերը վերակենդանացան շնորհիւ Եւրոխորհրդարանի մէջ կատարուած միջադէպի մը։ Ատրպէյճանցիներ հայերու կազմակերպած միջոցառումը խանգարել փորձեցին դահլիճ բերելով Խոճալուի յիշատակման մասին վերտառութիւն մը։ Այդ օր ես աշխատանքի մէջ էի, հետեւաբար կը բացակայէի սոյն միջոցառումէն։ Իրականութեան մէջ ժողովի դահլիճ մտնողները Եւրոխորհրդարանի մէջ պաշտօններ ստանձնած ատրպէյճանցիներն էին, որոնց ըրածները ընդհանրապէս կ՚անտեսուէր եւրոպական իշխանութիւններու կողմէ։ Վերջապէս միջոցառումը տեղի ունեցաւ եւ ամէն ոք կրցաւ իր խօսքը լսելի դարձնել։
Սակայն այս բոլորի մէջ ամենաիմաստալիցը մնաց Ղարաբաղի Արտգործ նախարարութեան խօսնակ Արմինէ Ալեքսանեանի ելոյթը։ «Մանուկներուն հայերը սատանայի մը կերպարով ծանօթացնող համակարգէն անշուշտ որ դժուար է լուծում մը ակնկալել։ Մենք մեր երախաները երբեք չենք թունաւորած նման արհամարհանքով։ Թշնամի բառը չենք օգտագործած ատրպէյճանցիներու դէմ, այլ օգտագործած ենք -հակառակորդ- բառը։ Այս ժողովը խաղաղ միջոցներ որոնելու համար կազմակերպուած է ու եթէ իրենք ալ կ՚ուզեն լուծումի մը յանգիլ, պէտք է համապատասխան առաջարկներով ներկայանան ժողովին»։ Ալիքսանեանի այս խօսքերը ոեւէ քաղաքական գործիչի մը խօսքերը չէ։ Ան կը խօսի ղարաբաղցիի յատուկ ինքնավստահութեամբ։
Անցեալին ես ալ ինծի հայհոյանքներով գրողներուն կը պատասխանէի «բարեկամ» ըսելով։ Ճիշդ է որ մենք հայերս հարեւանները թշնամի տեսնել չենք ուզեր, բայց եւ այնպէս ունինք մեր ներքին հարեւանի հետ բարեկամութիւն հաստատողը թշնամացնելու յատկութիւն մը։ Տակաւին երկու օր առաջ Հայաստանի մէջ կարեւորագոյն հասարակական ներդրումներ կատարած Թիւֆէնքեան հիմնադրամի վարիչ Ռաֆֆի Տուտագլեան Պէյրութի հայկական թաղամասի մէջ անյայտ անձերու յարձակումին ենթարկուեցաւ ու ծեծուեցաւ։ Այստեղ «անյայտ անձեր» եզրը պաշտօնական յայտարարութիւնն է, որուն հաւաստիութիւնը կը թողում ընթերցողներու գնահատման։
Եւրոպա եկած օրէս սկսեալ գրութիւններուս կամ տեսանիւթերուս հայհոյալից մեկնաբանութիւններ կը տեղան ազգանունը «ով» մասնիկով վերջացող մարդկանց կողմէ։ Դժուար չէ այս յարձակումներուն Ատրպէյճանի Եւրոպայի մէջ տարած լոպիական աշխատութիւններու հետ զուգահեռութիւնը տեսնել։ Բայց նոյն համեմատութեամբ տեղւոյն հայ հասարակութեան ալ ատելութեան նշաւակ կը դառնանք պարզապէս թուրքերու կամ ատրպէյճանցիներու հետ խօսած ըլլալնուս հետեւանքով։
Ի՞նչ կրնանք ըսել։ Հասկացողութիւն պիտի ցուցաբերենք, թէ ատրպէյճանցի եւ թէ հայ երիտասարդներուն։ Անոնք Եւրոպայի կեդրոնին ձիարշաւի մը մրցող ձիերն են։
Յետոյ ռուս մասնակից մը խօսք կ՚առնէ ու կտրուկ կը վճռէ. «Պարապ բանավէճերու մէջ էք։ Մենք ինչ որ ըսենք այն կ՚ըլլայ»։ Քանի մը օր անց Եւրոխորհրդարանը կ՚անտեսէ Ատրպէյճանի Ազատութիւններու տեղեկագիրը եւ մենք հարեւան երկրի լեզուն խօսելու ունակութիւն ունեցողներս կը մնանք մեր մենութեան մէջ։ Առանց որեւէ կողմի հաճելի թուելու։ Ահա մեր ներքին ատրպէյճանցին ու իր հոգերը։