ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մարդկութիւնը եւ պետականութիւնը

Երբ անհատը ճարահատ մնայ իր հա­կառա­կոր­դին հետ մատ­նուած տա­րակար­ծութիւ­նը ոչ մի կերպ լու­ծե­լու, կը դի­մէ մար­դասպա­նու­թեան եւ ան­շուշտ կը դառ­նայ ոճ­րա­գործ, որ ծանր յան­ցանք է բո­լոր օրէնքնե­րու սահ­մա­նու­մին մէջ։ Իսկ երբ պե­տու­թիւն կո­չուած հա­մակար­գը մատ­նուի նոյն անե­լին, երբ չյա­ջողի բա­նակ­ցութիւննե­րու մի­ջոցաւ լու­ծում մը գո­յաց­նել առ­կայ խնդի­րը հար­թե­լու հա­մար կը դի­մէ բիւ­րա­ւոր­նե­րու մար­դասպա­նու­թեան եւ ինչ զար­մա­նալի է, որ դար­ձեալ աշ­խարհի բո­լոր օրէն­քի դիր­քե­րը կ՚ար­դա­րաց­նեն այդ ոճի­րը, մար­դասպա­նու­թիւնը դի­տելով իբ­րեւ պե­տու­թեան օրի­նական իրա­ւունք։ Թե­րեւս ճիշդ ալ այս պատ­ճա­ռաւ ազ­գե­րը կը ձգտին իրենց սե­փական պե­տու­թիւնը կեր­տե­լու։ Մեր ժա­մանակ­նե­րը բազ­մա­թիւ փոր­ձեր կը ներ­կա­յաց­նեն ապա­ցու­ցե­լու հա­մար, թէ մարդկա­յին զար­գա­ցու­մի իբր հե­տեւանք գո­յացած պե­տու­թիւն հաս­կա­ցողու­թիւնը ու­րիշ նշա­նակու­թիւն մը չու­նի, քան մար­դասպա­նու­թեան իրա­ւունք շնոր­հել։ Այս միտ­քե­րուն կը տա­րուինք թեր­թե­րէն հե­տեւե­լով մի ոմն Իրաք­ցի երի­տասարդ Ալիի տխուր պատ­մութեան։ Ալի իր երկրի մէջ տի­րող խռո­վու­թիւննե­րէ փախ­չե­լու հա­մար ապաս­տա­նած է քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհի եր­կիրնե­րէն Ֆին­լանտիա։ Իր ետին թո­ղած է ծննդա­վայ­րը եւ այդ ծննդա­վայ­րի հետ կա­պուած բո­լոր բար­դութիւննե­րը։ Կը փոր­ձէ նոր կեանք մը կազ­մել իրեն բո­լորո­վին ան­ծա­նօթ երկրի մը մէջ եւ յանձն կ՚առ­նէ այդ օտար երկրի հա­մակեր­պե­լու բազ­մա­տանջ պայ­քա­րը։ Սա­կայն քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհը մտա­հոգ է Ալիի իր երկրին մէջ յայտնու­թե­նէն։ Վախ ու սար­սա­փի մէջ է եւ չու­զէր, որ իր սո­վորու­թիւննե­րուն ու բար­քե­րուն ան­ծա­նօթ այս օտա­րակա­նը սպառ­նայ իր տա­րինե­րու ըն­թացքին գո­յացու­ցած կեն­ցա­ղին։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ Ալին ետ ուղղար­կեց դէ­պի իր եկած դժոխ­քը։

Շու­տով իրա­կանա­ցաւ Ալիի կան­խա­տեսու­թիւնը եւ վե­րադար­ձէն հա­զիւ օրեր անց Պաղ­տա­տի փո­ղոց­նե­րէն մէ­կուն վրայ ին­կաւ փամ­փուշտի մը կրա­կոցով։ Ի՛ նչ ցա­ւալի է, որ Ֆին­լանտիայի գաղ­թա­կանաց գրա­սենեակը այս լու­րին դի­մաց կա­տարեց հե­տեւեալ յայ­տա­րարու­թիւնը. «Ցա­ւալի եւ սար­սա­փելի պա­տահար մըն է, բայց մենք չենք կրնար բաժ­նել Ֆին­լանտիոյ սահ­մաննե­րէն դուրս կա­տարուած ոճի­րի մը պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը»։

Ճիշդ է այս ամաչ­կոտ չքմե­ղան­քը։ Պե­տու­թիւննե­րուն օրի­նական հա­մակար­գի մէջ իրաւ ալ ոչ ոք կրնայ մե­ղադ­րել Ֆին­լա­նիտիան։ Վեր­ջա­պէս ան պար­զա­պէս ան­ցանկա­լի հիւ­րը ետ շպրտած է իր երկրէն, որուն հա­մար ու­նի ամէն տե­սակի լիազօ­րու­թիւն։ Կ՚երե­ւի թէ նա­խորդ դա­րէն փո­խառ­նե­լով այս կա­րեւոր խնդիրն է, որ պի­տի զբա­ղեց­նէ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան միտ­քը։ «Ինչ է մար­դու իրա­ւունքնե­րու հաս­կա­ցողու­թիւնը եւ ինչ է պե­տակա­նու­թեան տե­ղի տուած ոճիր­նե­րու սահ­մա­նը։

Այս օրի­նակն ալ փաստ մըն է, որ­պէսզի տես­նենք թէ մար­դիկ ո պե­տու­թիւններ իրա­րու հա­կադ­րուած երե­ւոյթներ են եւ ին­չու չէ նաեւ կը սպառ­նան իրա­րու։ Ճիշդ այդ սպառ­նա­լու երե­ւոյթն է նաեւ Արեւմտեան աշ­խարհի Աֆ­րի­նի յար­ձա­կու­մին դէմ որ­դեգրած չէ­զոքու­թիւնը։ Իրաւ ալ այդ երկրին դէմ կա­տարուած զի­նեալ յար­ձա­կումնե­րու Թրքա­կան պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը բա­ցար­ձա­կապէս հա­մոզիչ չեն իրենց բո­լոր վար­կածնե­րով։ Բայց այդ ոչ հա­մոզիչ պայ­մաննե­րը, իսկ իբ­րեւ թէ քա­ղաքա­կիրթ եր­կիրնե­րու կող­մէ ըն­դունե­լի են եւ այդ հա­մոզու­մով ալ անոնք ար­շա­ւան­քի սկսած օրէն իսկ յայ­տա­րարե­ցին իրենց դիր­քո­րոշու­մը պնդե­լով թէ Թուրքիա իրա­ւունք ու­նի իր սահ­մաննե­րու անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու խնդրին մէջ։ Այդ պա­հուն ոչ ոք փոր­ձեց հարցնել, թէ ար­դեօք ինչ տե­սակի վա­տանգ մը կը սպառ­նայ այդ երկրի սահ­մաննե­րուն։

Այս հար­ցումը յստակ պա­տաս­խան մը չու­նի եւ եր­բեք պի­տի չու­նե­նայ։ Պե­տու­թիւննե­րը դիւ­րաւ կը հա­մակեր­պին իրա­րու սու­տե­րուն, քա­նի որ իրար կը տես­նեն նաեւ իբ­րեւ առեւ­տուրի գոր­ծընկեր­ներ։ Ան­հատնե­րը եր­բեք պե­տու­թիւննե­րուն հա­ւասար հա­րուստ չեն, որ­պէսզի իրենց գոր­ծած ոճիր­նե­րը հա­տու­ցեն առեւ­տուրի այս կամ այն մի­ջոց­նե­րով։ Անոնք գի­տեն զի­րար, կ՚օգ­նեն իրա­րու եւ կը հա­մաձայ­նին հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան դէմ իրենց շա­հերը ամ­րապնդե­լու գոր­ծին մէջ։ Իսկ մենք իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը փոր­ձած եւ օտար եր­կիրնե­րու մէջ վե­րըն­ձիւղուելու մի­ջոց­նե­րը որո­նած ժո­ղովուրդի զա­ւակ­ներ, ստի­պուած ենք բո­լորէն ու բո­լորէն աւե­լի գերզգա­յուն գտնուիլ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­ման խնդրին մէջ։

pakrates@yahoo.com