Հաստատ որ վաղը շատ ուշ է

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

 

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան մի­ջավայ­րի կա­­րեւո­­րագոյն երե­­ւոյ­­թը կը ներ­­կա­­­յանայ ընդդի­­մադիր­­նե­­­րուն ձայ­­նը անլսե­­լի դարձնե­­լու հա­­մար կի­­րար­­կուած զա­­նազան մի­­ջոց­­նե­­­րով։ Ար­­դա­­­րեւ եր­­կու օր առաջ գլխա­­ւոր ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թեան եւս եր­­կու ան­­դամներ ար­­տաքսուեցան խորհրդա­­րանէն իրենց դէմ յա­­րու­­ցուած դա­­տական գոր­­ծո­­­ղութեան աւար­­տին հաս­­նե­­­լով։ Երբ Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տի վրայ կ՚ապ­­րինք այս երե­­ւոյթնե­­րը պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքէ ներս եւս ան­­նա­­­խադէպ եղե­­լու­­թիւններ կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րուին եւ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ խո­­տոր ձայն բարձրաց­­նողնե­­րը մի առ մի կը չէ­­զոքա­­ցուին զա­­նազան եղա­­նակ­­նե­­­րով։ Ցա­­ւով կը տես­­նենք, թէ այդ եղա­­նակ­­նե­­­րու մէջ առա­­ջին կար­­գի վրայ կու գայ սպառ­­նա­­­լիք­­ներ ուղղե­­լու երե­­ւոյ­­թը։

Եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր չէր գոր­­ծադրուած Պոլ­­սոյ եկե­­ղեցի­­ներու մէջ քա­­հանա­­ներու տե­­ղաշար­­ժը։ Ինչպէս Սա­­հակ եպիս­­կո­­­պոս Մա­­շալեանի հրա­­տարա­­կած լու­­սա­­­բանու­­թե­­­նէն ալ յայտնի կը դառ­­նայ քա­­հանա­­ները կը ձեռ­­նադրուէին որոշ եկե­­ղեցիի մը վրայ եւ մին­­չեւ վերջ կը մնա­­յին նոյն պաշ­­տօ­­­նին։ Սա­­կայն Մես­­րոպ պատ­­րիար­­քի օրով սկսաւ կի­­րար­­կուիլ քա­­հանա­­ներու տե­­ղափո­­խու­­թիւնը։ Այսպէս քա­­նի մը տա­­րին ան­­գամ մը (միշտ վե­­րապա­­հելով կարգ մը բա­­ցառու­­թիւններ) պատ­­րիար­­քա­­­կան աթո­­ռի բո­­լոր քա­­հանա­­ները կը տե­­ղափո­­խուէին այլ եկե­­ղեցի­­ներ։

Վեր­­ջերս Արամ Աթէ­­շեանի վերստին պատ­­րիար­­քա­­­կան փո­­խանորդ նշա­­նակուելէ ետք սկսած է գոր­­ծադրուիլ քա­­հանա­­ներու տե­­ղափո­­խու­­թեան կա­­նոնը, որ այս ան­­գամ տե­­ղի կու տայ որոշ քա­­հանա­­ներու աք­­սո­­­րուե­­լու պնդու­­մին։ Հա­­մատա­­րած հա­­մոզ­­մամբ Աթէ­­շեան սրբա­­զան վրէժ կը լու­­ծէ տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թեան ժա­­մանակ իր դէմ քուէար­­կող քա­­հանա­­ներէն։ Այս մա­­սին ամե­­նաաղմկա­­լից փո­­փոխու­­թիւնը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Կե­­տիկ­­փա­­­շայի Սուրբ Յով­­հաննէս Եկե­­ղեց­­ւոյ երէց Տէր Զա­­ւէն քա­­հանայ Պը­­չաք­­ճըի Ենի­­գաբուի Սուրբ Թա­­դէոս Բար­­թո­­­ղոմէոս եկե­­ղեց­­ւոյ վրայ նշա­­նակուելով։ Նշենք որ Տէր Զա­­ւէն կա­­րեւոր թի­­ւով ծուխ ու­­նի Կե­­տիկ­­փա­­­շա թա­­ղի մէջ, որոնք ու­­շադրու­­թեամբ կը հե­­տեւին իր պա­­տարագ­­նե­­­րուն։ Պաշ­­տօ­­­նի այս փո­­փոխու­­թիւնը ան­­հանգստու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռած է այդ թա­­ղի մէջ եւ թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապետ Յա­­րու­­թիւն Շան­­լը յստակ դիրք որ­­դեգրած է յայ­­տա­­­րարե­­լով, թէ պի­­տի չվա­­րանի եկե­­ղեց­­ւոյ դռնե­­րը կղպե­­լէ, եթէ պատ­­րիար­­քա­­­րանը չհրա­­ժարի իր որո­­շու­­մէն։ Եւ ահա այսպէս թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապե­­տին այս յայ­­տա­­­րարու­­թե­­­նէն ետք Արամ արք. Աթէ­­շեան յօ­­ժարած է քա­­հանան իր ծու­­խին վե­­րեւ պա­­հելու, պայ­­մա­­­նաւ որ թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապե­­տը հրա­­ժարի իր պաշ­­տօ­­­նէն։ Մե­­զի հա­­սած լսումնե­­րու հա­­մաձայն ատե­­նապե­­տը տրա­­մադիր է հրա­­ժարե­­լու յա­­նուն եկե­­ղեց­­ւոյ երէ­­ցին իր պաշ­­տօ­­­նի գլու­­խը մնա­­լուն։ Ինչպէս կը տես­­նենք երկրի քա­­ղաքա­­կան մթնո­­լոր­­տը ազ­­դած է նաեւ մեր եկե­­ղեցա­­կան վար­­քին վրայ եւ յա­­նուն բո­­լոր ընդդի­­մադիր ձայ­­նե­­­րը լռեց­­նե­­­լու, կը գոր­­ծէ ան­­նա­­­խադէպ վար­­չա­­­ձեւ մը։ Վար­­չա­­­ձեւ՝ որ բնաւ մտա­­դիր չէ յար­­գե­­­լու հին աւան­­դութիւննե­­րը, այլ նպա­­տակ դրած է հաս­­նիլ իրեն հա­­մար ցան­­կա­­­լի ար­­դիւնքին։ Նշենք որ Յա­­րու­­թիւն Շան­­լը ՎԱ­­ՏԻՓ-ի կազ­­մին մէջ եւս այն միակ հա­­մար­­ձակ մարդն էր, որ առար­­կութիւն բե­­րաւ Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րի պար­­տադրած պայ­­մաննե­­րուն եւ յստա­­կօրէն յայ­­տա­­­րարեց, թէ խնդրի լուծման միակ մի­­ջոցն է պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թիւնը եւ կա­­րելի չէ ընդմիշտ շա­­րու­­նա­­­կել նշա­­նակուած փո­­խանոր­­դի մը մի­­ջոցաւ։

Եթէ Աթէ­­շեան սրբա­­զանին գոր­­ծադրած ճնշու­­մը քա­­հանա­­յի իր պաշ­­տօ­­­նին վրայ մնա­­լով սահ­­մա­­­նուած էր, ան­­դին կը խօ­­սուի նաեւ այլ տե­­սակի ճնշումնե­­րու մա­­սին եւս։ Որ­­քան որ կա­­րելի չէ եղածը պաշ­­տօ­­­նապէս յստա­­կեց­­նել եւ լրա­­տուու­­թեան վե­­րածել, կ՚ար­­ժէ խօ­­սիլ կարգ մը թիկ­­նա­­­պահ­­նե­­­րու հա­­մայնքա­­յին որոշ ան­­ձե­­­րու դէմ զգու­­շացման սպառ­­նա­­­լիք­­ներ կա­­տարե­­լու լու­­րը։ Այս լսումնե­­րու են­­թա­­­կանե­­րը թէեւ կը հաս­­տա­­­տեն լսումնե­­րը, բայց կը խու­­սա­­­փին եղած­­նե­­­րը հրա­­պարա­­կելէ։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով երկրի ներ­­կայ իրա­­վիճա­­կը բո­­լորո­­վին հասկնա­­լի է այդ զգու­­շա­­­ցու­­մը, բայց ան­­դին մե­­զի կը մնայ ամե­­նայն լրջու­­թեամբ վե­­րանա­­յիլ առ­­կայ իրա­­վիճա­­կին եւ այժմէն դի­­մել այս ըն­­թացքը կան­­խե­­­լու մի­­ջոց­­նե­­­րուն։ Եթէ բա­­ւակա­­նին զգօն չենք, մօտ ապա­­գային շատ պի­­տի ափ­սո­սանք այ­սօ­րուայ մեր թե­րացումներուն համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ