Ստեփանակերտի գետափնեայ Նուէր ճաշարանը մեզի համար պատրաստած է երկար սեղան։ Տասնվեց աթոռ աջ կողմ, տասնվեց աթոռ՝ ձախ։ Իսկ աթոռ մը սեղանին գլուխը։ Բարձրաձայն է մեր աշակերտական խումբի ներկայութիւնը- ունինք մեներգուհի մը եւ բազմաթիւ ասմունքողներ։ Բաց երկնքի տակ մեր առաջին ձայնն է «Ճաշակեսցուք»ը։ Անոր կը հետեւի դգալներու եւ պատառաքաղներու անհամբեր զնգիւնը։ Երբ մատուցողներու այլահնչիւն բարբառը կը հասնի մեր ականջներուն, մտքի մէջ կ՚արթննան «ձայն» բառի հարուստ երանգապնակը. Արցախի, Գորիսի, Սալմաստի եւ Վանի մէջ՝ «ծէն», Ռոտոսդոյի մէջ «ցան», Ասլանպէկի մէջ «ձա», դէպի հարաւ՝ Տիգրանակերտի մէջ «ցէն», Զէյթունի մէջ «ծէն», դէպի հիւսիս՝ Թիֆլիսի եւ Համշէնի մէջ «ձէն», Կարնոյ, Ալաշկերտի եւ Մշոյ մէջ «ձ՛էն», Հաճնոյ, Սեբաստիոյ եւ Սուետիոյ մէջ «ձ՛ան»։
Սեղանի քրքիջները շշուկի կը վերածուին, պարոն Նուէրը՝ ճաշարանատէրը, կը դանդաղեցնէ իր մատուցումը ու մետաղեայ սպասեղէնները հանգիստի կը դրուին պնակներու վրայ, երբ Նանօրը՝ Վարարակ գետակի կարկաչի՞ւնն էր պատճառը, թէ՝ դարաւոր ծառերու սօսափիւնը, չենք գիտեր, կը սկսի երգել… «Ձայն տուր ո՜վ ծովակ, ինչո՞ւ լռում ես…»։ Դասարանի մէջ քիչ անգամ չէր, որ աղջնակը փորձած էր այդ երգը, սակայն երբեք այսքան տխրաձայն չէր հնչած ան մեզի համար։
Հայկական գրականութեան մէջ ժողովուրդի ձայնը լսելի դարձաւ տաղերգու Կոնստանդին Երզնկացիով, 1200-ական թուականներուն։ Եկեղեաց գաւառի մէջ, ուր էր Երզնկան, յեղափոխութիւն մըն է որ տեղի ունեցաւ, վերածնունդ մը։ Երկնային եւ հոգեւոր ձայնը գրաբարի, իջաւ երկիր, որպէս ռամկօրէն եւ որպէս սոխակ թառեցաւ վարդի վրայ ու գեղգեղեց գեղեցիկը։ «Ահա եղեւ պայծառ գարուն… Ձայնըն քաղցրիկ գայր պլպուլուն», «Քաղցր է ու շիրին իւր ձայն», «Հազար դասս դասով՝ քաղցրաձայնեն զանլըռելին»։ Յարգելի ընթերցող, այժմ ձեզ կը հրաւիրեմ խոր ակնածանքով ականջ տալու մեր պատմական գաւառներու քնարական ձայներուն, որոնք լռութեան դատապարտուած են յաւիտենապէս. «Արի խօսինք ջորած նազլու, քընց բիւլբիւլն էր ձէնով նազլու», Քոսա Երէց Բասենցի, «Քաղցր կու գայ ձայն պլպուլին», «Ձայնդ է կաքւոյ նման», Յովհաննէս Թլկուրանցի, «Գովեմ զգոյն վարդին, որ աննման է, Բլբուլն ի հետ նորա, որ քաղցրաձայն է», Առաքել Բաղիշեցի, «Ձայն ունիս քաղցր ու բարակ», Կարապետ Բաղիշեցի, «Թէ ձայն ունիս եղուշ-մեղուշ, բանդ լսողացն գայ անուշ, ապա թէ ձայնդ չէ քնքուշ, մարդկան թուի որպէս զփուշ», անյայտ բանաստեղծ, 16-րդ դար, «Կաքաւ քաղցրաձայն, հեռուստ կու ձայնես», Ղազար Սեբաստացի, «Նստեալ ի վրայ վարդին եւ գովէր զնայ… Եւ գունզգուն ձայնիւ եղանակէր նա», Խաչատուր Խարբերդցի, «Աշուն էր, եղաւ գարուն, ձայն անուշ երետ հաւերուն», Ստեփանոս Վարագեցի։ Սիրոյ ձայն հնչեց նաեւ Վանայ ծովէն՝ Աղթամարէն։ Գրիգորիս տաղասացն էր ան. «Վարդն կ՚ասէ. Պլպուլ երգէ՛, Քաղցր ձայնիւ եղանակէ, ով որ քո ձայնդ լսէ, նայ հիանայ, զմեզ երանէ»։ Կարի՞նը, այդ բարձրադիր եւ բարձրաձայն քաղա՞քը։ Պիտի չմոռնանք։ Ձայն մըն ալ հնչեց Էրզրումէն- Յովհաննէս Կարնեցին էր ան. «Ինձ լսեցոյ՛ զձայնդ անուշակ, ձայնիդ յղկեցայ», «Թռչոյն ձայնդ համեղ քաղցրալուր, կարօտ եմ քոյ խօսակցութեանդ»։ Այս տաղասացը սակայն մերժուեցաւ եւ երգեց «ձայնիւ ցաւալի»։ Նանօրը այժմ լսելի կը դարձնէ Սմբատ Շահազիզի մելամաղձոտ ձայնը. «Ես լսեցի մի անոյշ ձայն, իմ ծերացած մօր մօտ էր…»։
«Ձայն» բառը, անսալով լատինական առածին, թէ «Խօսքը կը թռչի, գիրը կը մնայ», որոշեց մտնել մամուլի տակ։ 1801 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ կոթողային հրատարակութիւն մը. «Ձայնքաղ շարական»։ Այդ հրատարակութենէն ետք, հայկական գաղութներու մէջ սկսան լոյս տեսնել «ձայն»աւոր գիրքեր. «Ձայն Քրիստոսի», Վենետիկ, 1810, «Ձայնաբանութիւն համառօտ», Զմիւռնիա, 1858, «Ձայն Սեբաստացւոյ», Կ. Պոլիս, 1869, «Դասագիրք եկեղեցական ձայնագրութեան հայոց», Էջմիածին, 1874, «Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառ։ Ձայնագիտութիւն», Վիեննա, 1899, «Քնար։ Ձայնագրեալ երգարան», Ս. Պետերբուրգ, 1907։
Հայկական քնարը մեզի կարծել տուաւ, թէ հայրենի ձայնը քաղցր է եւ սփոփող։ Բայց օր մը յայտնուեցաւ Եղիշէ Չարենցը ու յիշեցուց, թէ քարքարոտ է մեր երկիրը եւ անհիւրընկալ։ Աշակերտները միաբերան կ՛արտասանեն, ի՛նչ որ քանի մը օր առաջ Կամարի տակ արտասանած էին. «... Արեւն ամրան ու ձմեռուայ վիշապաձայն բուքը վսեմ… Ո՛ւր էլ լինեմ չե՛մ մոռանայ ես ողբաձայն երգերը մեր…»։
Մեր ականջը, ընդունեցէք որպէս երկնատուր ձիրք, կամ հայկական բնաշխարհի պարգեւ՝ շնորհիւ «իւն» մասնիկի, զանազանեց ձայներու հարիւրաւոր տեսակներ։ Առիւծի մռնչիւն, ուղտի կառաչիւն, արագիլի կափկափիւն, նոր ածող հաւու գըռթգռթիւն... Շուներու համար ունինք ձայնի ինը տարբերակ։ Բացի աքաղաղի արձակած ձայնէն, ունինք յաղթական աքաղաղի եւ աքաղաղի թեւերու յատուկ ձայներ։ Մարդկային ձայնե՞ր։ Ունինք նորածինի լացի, անընդհատ լացի, բարձրաձայն լացի, ողբի, խմբական ողբի, վիշտի, սաստիկ հառաչանքի, հոգեվարքի յատուկ ձայներ- ճուոց, թզկլտուք, վայնասուն, կոծ, կական, ջայլ, հառաչանք, կառաչանք, թառաչանք եւ խռնդիւն։ Բայց եղած ենք նաեւ ծայր աստիճան զգայուն եւ երազկոտ։ Փա՞ստը։ Ունինք նաեւ խաղացող աղջիկներու, քնարի լարերու, մեղմ հովու, հոսող վտակի, աղբիւրի, կանանչ տերեւներու, չոր տերեւներու, մետաքսեայ զգեստի, ծնծղայի եւ բուրվառի յատուկ ձայներ- ճվլտոց, թրթում, հծծիւն, կարկաչիւն, խոխոջիւն, սօսափիւն, խշրտիւն, շրշիւն, զանգիւն եւ շխռտոց։
Հովերէն եւ ծովերէն եկած ձայները խորապէս տպաւորած ըլլալ կ՚երեւին երիտասարդ Մեծարենցը. «Կ՚ալեկոծին տարփոտ ձայներն իրիկուան… Կը պլլըուին այդ ցնծաձայն նուագին»։ («Իրիկուան ձայներ») Իսկ Աւետիք Իսահակեանէն լսեցինք, թէ ինչպէ՛ս բանաստեղծ դարձաւ.
«Աստղունք լուսնին ձայն տուին…
Հաւքերն ինծի ձայն տուին…
Ես վեր ելայ ոգի առած,
Զարկի սրտիս լարերին»։
Օրը պէտք է որ վերջանայ Կոմիտասով։ Հոռովել։ Երկձայն։ Առաջին ձայն՝ Նանօրը, երկրորդ ձայն՝ անոր խռպաձայն դասատուն։ Ձայնակցութեան ժամանակ կը մտաբերեմ «Անլռելի զանգակատուն»ը։ Հոն կայ հարուստ եւ պատկերաւոր ձայնադարան. «Սոխակի ձայն», «Կլկըլան ձայն», «Ձայնեղ գուսան», «Խազեր ձայնուժի», «Ձայնեղ երգիչ-տիրացու», «Պարագլխի ձայն», «Ծորուն ձայն», «Կենդանի ձայն», «Զանգակաձայն դուստրեր»։ Սեւակը նաեւ Կոմիտասին ակնարկելով գրեր է. «Մի գիշերում դու ձայնով նուաճեցիր Վիեննան»։
Գեղեցիկ գաղափար է ձայնով նուաճելը՝ քաղաքներ եւ սիրտեր։ Ձայնդ անսպառ՝ «Ձայն»։