Սարեանը միշտ աստուածային էր

Սէր բաշխող մարդիկ յատուկ փայլ մը կ՚ունենան։ Նախորդ շաբաթ, երբ խմբագրատան դռնէն մտաւ Տիգրան Մաթուլեանի դէմքին վրայ ահա այդ փայլն է, որ նշմարեցի։ Քանի յառաջացաւ մեր զրոյցը անդրադարձայ, որ այդ փայլը ինծի ալ փոխանցուած էր։ Գիտեմ որ բարիքը բաշխելով կը շատանայ, ինչպէս լոյսը։ Այդ պահուն այնպէս կարծեցի, որ ես ալ Մաթուլեանի պլպլացող մոմի լոյսէն բաժին մը վերցուցած եմ իմ սրտիս։

Հայաստանէն ժամանած գեղանկարիչ Տիգրան Մաթուլեան «Անխօս Հեքիաթներ» խորագրեալ ցուցահանդէսի շրջանակով ու 32 պաստառներով Յունաստանի հիւպատոսարանի «Սիսմանոկլիոյ Մեկարօ» շէնքին մէջ կը ներկայանայ պոլսեցի արուեստասէրներուն։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Փարոս» պարբերականի կողմէ եւ տեղադրութիւնն ալ ստանձնած է այս պարբերականի խմբագիր Մայտա Սարիս։ Ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ 21 Փետրուարին եւ այցելուներ պիտի ընդունի մինչեւ 9 Մարտ։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Լուսյէն Քոփար- Եթէ ու­զէք սկսինք արուես­տի ու­­սումով։

Տիգ­­րան Մա­­­թու­­­լեան- Ու­­­սումնա­­­րանը աւար­­­տե­­­­­­­լէ ետք Լաթ­­­վի­­­­­­­ա գա­­­ցի։ Այնտեղ եր­­­կու տա­­­րի նկա­­­րիչի արուես­­­տա­­­­­­­նոցի մէջ հմտա­­­ցայ։ Ին­­­ծի հա­­­մար արուես­­­տի երկրորդ դպրոց մը եղաւ, ուր ծա­­­նօթա­­­ցայ Եւ­­­րո­­­­­­­պական նկար­­­չութեան ոճին։ 1991 թուէն այս կողմ ես զիս կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեմ գե­­­ղան­­­կա­­­­­­­րիչ։ Այդ տա­­­րինե­­­րուն ար­­­դէն իմ գոր­­­ծե­­­­­­­րը կը ցու­­­ցադրուէին իբ­­­րեւ ժա­­­մանա­­­կական արուեստ։

Լ.Ք.- 2011-ին մաս­­­նակցած էիք «Իս­­­թանպու­­­լեան Ընտրա­­­նի» ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սին, ուր կը ներ­­­կա­­­­­­­յացուէին ձեր գոր­­­ծե­­­­­­­րէն նմոյշներ եւս։ Իսկ այս Պոլ­­­սոյ մէջ ձեր առա­­­ջին ան­­­հա­­­­­­­տական ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսն է։ Յա­­­ջոր­­­դող ան­­­հա­­­­­­­տական ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսներ ալ ու­­­նե­­­­­­­ցա՞ծ էք։

Տ.Մ.- Այս, Երե­­­ւանի մէջ 2012-ին ան­­­հա­­­­­­­տական ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս մը բա­­­ցի։ Երկյար­­­կա­­­­­­­նի տա­­­րած­­­քի մը վրայ ցու­­­ցադրուեցան իմ գոր­­­ծե­­­­­­­րը։ Աւե­­­լի ետք ու­­­րիշ նկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու հետ խառն ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսնե­­­րու մաս­­­նակցե­­­ցանք։ Այս տա­­­րի մտա­­­դիր ենք Երե­­­ւանի մէջ աղջկանս հետ միաս­­­նա­­­­­­­բար ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս մը սար­­­քե­­­­­­­լու, ուր ինք կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ քան­­­դակնե­­­րը ու ես ջրա­­­ներկ գոր­­­ծերս։

Լ.Ք.- Ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսնե­­­րու հա­­­սոյ­­­թէն որոշ բա­­­ժին մը կը տրա­­­մադ­­­րէք կա­­­րիքա­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րուն։ Այս խնդի­­­րը քիչ մը կրնա՞ք ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նել։

Տ.Մ.- Առա­­­ջին ան­­­գամ Լոս Ան­­­ճէ­­­­­­­լըսի ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սէն գո­­­յացած գու­­­մա­­­­­­­րէն բա­­­ժին մը նուիրած էի, այդ քա­­­ղաքի տկար աշա­­­կերտնե­­­րուն յա­­­տուկ դպրո­­­ցին։ Քա­­­ղաքա­­­պետը պա­­­տուա­­­գիր մը շնոր­­­հեց այս առ­­­թիւ։ Նոյ­­­նը կրկնուեցաւ Նիւ Ճըր­­­զիի մէջ, ուր ես ու աղ­­­ջիկս հայ­­­կա­­­­­­­կան դպրո­­­ցին նպաս­­­տած էինք։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն եկած նկա­­­րիչի մը ամե­­­րիկեան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րուն օժան­­­դա­­­­­­­կելը կրնայ ոմանց հա­­­մար տա­­­րօրի­­­նակ թուիլ։ Բայց պի­­­տի ըսեմ, որ բա­­­րեգոր­­­ծութեան զա­­­նազան մի­­­ջոց­­­ներ կան։ Բա­­­րեգոր­­­ծութիւ­­­նը ո՛չ թէ նիւ­­­թա­­­­­­­կան, այլ հո­­­գեւոր զգա­­­ցում է։ Նախ պէտք է ու­­­նե­­­­­­­նաս բա­­­րիք ընե­­­լու տրա­­­մադ­­­րութիւ­­­նը, նիւ­­­թա­­­­­­­կանը ապա ձե­­­ւով մը կը ճա­­­րուի։

Լի­­­բանա­­­նի մէջ յայտնի քունկֆուի մաս­­­նա­­­­­­­գէտ մը գի­­­տեմ, որուն հետ շատ հե­­­տաքրքրա­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տանք մը տա­­­րինք։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի սահ­­­մա­­­­­­­նամերձ տա­­­րած­­­քի երի­­­տասարդնե­­­րը մարմնա­­­մար­­­զութեան ուղղե­­­լով հե­­­ռու պա­­­հեցինք սխալ սո­­­վորոյթնե­­­րէ։ Ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս մը կա­­­տարե­­­ցինք, որուն եկա­­­մու­­­տով գիւ­­­ղերու մէջ դպրոց­­­ներ հիմ­­­նուեցան։ Իմ լի­­­բանան­­­ցի բա­­­րեկամս այդ դպրոց­­­նե­­­­­­­րու մէջ քունկֆուի մար­­­զումներ կա­­­տարեց ու իր պատ­­­րաստած տղա­­­քը ան­­­ցեալ տա­­­րի Փե­­­քինի մէջ քունկֆուի մրցումնե­­­­­­­րուն մաս­­­նակցե­­­ցան եւ վե­­­րադար­­­ձան բազ­­­մա­­­­­­­թիւ մե­­­տայլնե­­­րով։

Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Պոլ­­­սոյ այս ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սի հա­­­սոյ­­­թէն ալ բա­­­ժին պա­­­հուած է Գալ­­­ֆա­­­­­­­յեան որ­­­բա­­­­­­­նոցին։

Իմ կեան­­­քիս նպա­­­տակը երա­­­խանե­­­րուն օգ­­­նել է։ Միշտ կ՚եր­­­թամ յա­­­տուկ հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոց­­­ներ կամ դպրոց­­­ներ, կ՚օգ­­­նեմ, կը նկա­­­րեմ անոնց հա­­­մար։ Մէկ մէկ կը հարցնեն։ «Դժուար չէ՞ որ այդ երա­­­խանե­­­րուն մօտ կ՚եր­­­թաս»։ Կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեմ, թէ սկիբ­­­զը դժուար էր, բայց հետզհե­­­տէ հա­­­րազատ գործ մը դար­­­ձաւ ին­­­ծի հա­­­մար։ Ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին փո­­­խադար­­­ձա­­­­­­­բար կը ճանչնանք զի­­­րար ու կը դառ­­­նանք հա­­­րազատ­­­ներ։

Աշ­­­խարհի բո­­­լոր եր­­­կիրնե­­­րուն օգ­­­նութեան կա­­­րօտ երա­­­խանե­­­րուն իմ գոր­­­ծե­­­­­­­րով զօ­­­րակ­­­ցիլ կ՚ու­­­զեմ։ Ֆիլմ մը նկա­­­րած եմ, ուր ին­­­ծի հետ աշ­­­խա­­­­­­­տած են երա­­­խաներ, որոնք յաղ­­­թած են լէօքե­­­միա հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը։ Ահա այդ բու­­­ժուած երա­­­խանե­­­րը ինձ հետ նկա­­­րեցին բուժման կա­­­րիք ու­­­նե­­­­­­­ցող այլ երա­­­խանե­­­րու հա­­­մար։ Եւ այդ աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան բո­­­լոր հա­­­սոյ­­­թը տրա­­­մադ­­­րե­­­­­­­ցինք լէօքե­­­միայէ տա­­­ռապող երա­­­խանե­­­րու բուժման հա­­­մար։

Հա­­­մոզուած եմ, թէ Աս­­­տուած մար­­­դուն ստեղ­­­ծեց, որ բա­­­րիք կա­­­տարէ։ Այստեղ ալ որո­­­շեցի գո­­­յացած հա­­­սոյ­­­թի 20 տո­­­կոսը յատ­­­կացնել այդ ման­­­կա­­­­­­­տան, որ սիրտս հան­­­գիստ ըլ­­­լայ։ Իմ ու­­­ղին այսպէս է։ Օգ­­­նութեան շատ կամ քի­­­չը չկայ, Կայ հո­­­գով հան­­­գիստ մարդ։

Լ.Ք.- Իսկ ինչպէ՞ս կը բնու­­­թագրէք ձեր գե­­­ղարուես­­­տա­­­­­­­կան ոճը։

Տ.Մ.- Ման­­­կութեան տա­­­րինե­­­րուս զիս տա­­­րին նկար­­­չա­­­­­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տանոց մը։ Բո­­­լորը կը նկա­­­րէին։ Արուես­­­տա­­­­­­­նոցի մէջ շատ խիտ մա­­­զերով ծեր մարդ մը նստած էր։ Մօ­­­տեցայ ու միամ­­­տօ­­­­­­­րէն հար­­­ցուցի. «Դուն Աս­­­տուա՞ծ ես»։ «Չէ՜ ես Սա­­­րեանն եմ» ըսաւ ու պա­­­չեց ինձ։ Մին­­­չեւ օրս կը հա­­­ւատամ, թէ իրեն մօտ աս­­­տուածա­­­յին բան մը կար։

Արուես­­­տի մէջ ազ­­­նուու­­­թիւն կայ։ Ազնւու­­­թիւն, եթէ չկայ խաբ­­­կանք է։ Երա­­­խայ ու մայ­­­րի­­­­­­­կի յա­­­րաբե­­­րու­­­թեան նման է։ Գի­­­տելի­­­քը ամէն մարդ ալ կրնայ ու­­­նե­­­­­­­նալ։ Հա­­­յերէն գրել կար­­­դալ բո­­­լոր Հա­­­յաս­­­տանցի­­­ներն ալ գի­­­տեն, բայց ամէն մարդ Չա­­­րենց կամ Սա­­­րեան չի կրնար դառ­­­նալ։ Բո­­­լորս կրնանք նկա­­­րել, բայց նկա­­­րիչ դառ­­­նալ ու­­­րիշ բան է։

Լ.Ք.- Հիւ­­­րեր կ՚ու­­­նե­­­­­­­նա՞ք Երե­­­ւանի ձեր աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցը։

Տ.Մ.- Այո, ու­­­սա­­­­­­­նող­­­նե­­­­­­­րուն հետ խօ­­­սիլ շատ կը սի­­­րեմ։ Մէկ-մէկ իմ մօտս կու գան, գե­­­տին կը նստին ու միաս­­­նա­­­­­­­բար կը զրու­­­ցենք։ Մտա­­­հոգու­­­թիւնս այն է, որ եթէ ես այ­­­սօր իրենց չը­­­սեմ ամէն բան, կա­­­րելի է վա­­­ղը ինքզինքս մե­­­ղաւոր զգամ։ Եթէ չհա­­­ւատաս հա­­­յաթը խա­­­ղացող երա­­­խան վա­­­ղուան Մի­­­քելան­­­ժէ­­­­­­­լոն է, ու­­­րեմն դուն իրա­­­ւունք չու­­­նիս իր մա­­­սին խօ­­­սելու։ Պի­­­տի հա­­­ւատաս որ այլ երկրի մէջ այդ աղ­­­քա­­­­­­­տի երա­­­խան, որ կը խա­­­ղայ, ան վա­­­ղուան Լէոնար­­­տօ Տա Վին­­­չին է։ Որով­­­հե­­­­­­­տեւ իրեն Աս­­­տուած ստեղ­­­ծել է, չես գի­­­տեր անոր մա­­­սին, որ վա­­­ղը ինչ պի­­­տի ստա­­­ցուի։

Լ.Ք.- Դուք Հա­­­յաս­­­տան-Ատրպէյ­­­ճան պա­­­տերազ­­­մի շրջա­­­նին բա­­­ներ մը նկա­­­րեցի՞ք։

Տ.Մ.- Ես կը սի­­­րեմ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը, կը սի­­­րեմ իմ ազ­­­գը, կ՚ու­­­զեմ բո­­­լոր ազ­­­գե­­­­­­­րը հա­­­մերաշխ ապ­­­րին։ Չեմ ու­­­զեր պա­­­տերազմ ըլ­­­լայ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ պա­­­տերազ­­­մը կը ստեղ­­­ծեն ծե­­­րերը, բայց կը մա­­­հանան երա­­­խանե­­­րը։

Այս, Հա­­­յաս­­­տան-Ատրպէյ­­­ճան պա­­­տերազ­­­մի շրջա­­­նին շատ բա­­­ներ նկա­­­րած եմ։ Բայց ո՛չ ողբ։ Ողբ չեմ նկա­­­րեր։ Ո՛չ ալ պա­­­տերազմ։ Պա­­­տերազ­­­մը վատ բան է, չի կա­­­րելի նկա­­­րել։ Ես այն ժա­­­մանակ նկա­­­րեցի ծա­­­ղիկ­­­ներ, ու­­­րախ բա­­­ներ։

Լ.Ք.- Ու­­­շագրաւ է կնոջ կեր­­­պա­­­­­­­րը ձեր գոր­­­ծե­­­­­­­րուն մէջ։ Յա­­­տուկ պատ­­­ճառ մը ու­­­նի՞ք։

Տ.Մ.- Ես կա­­­նանց շատ կը նկա­­­րեմ։ Իմ ամ­­­բողջ նկար­­­չութիւ­­­նը հիմ­­­նուած է կա­­­նանց կեր­­­պա­­­­­­­րի վրայ։ Աս­­­տուած այնքան գե­­­ղեցիկ ստեղ­­­ծած է կի­­­նը, որ յան­­­կարծ եթէ կա­­­րենար քիչ մը աւե­­­լի գե­­­ղեցիկ ստեղ­­­ծել, հաս­­­տատ չէր թո­­­ղուր Ադա­­­մին, իրեն կը պա­­­հէր։ Չէր իջեց­­­ներ ներ­­­քեւ։ Ես կնոջ կեր­­­պար մը չէ որ կը նկա­­­րեմ, այլ զգու­­­շութեամբ կը հա­­­ւաքեմ կնոջ յա­­­տուկ մաս­­­նիկներ։ Իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը կը զար­­­դա­­­­­­­րեմ եւ այսպէ­­­սով կը ստա­­­նամ իւ­­­րօ­­­­­­­րինակ հե­քեաթ մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ