ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Գաւառի հայն է որ պիտի փրկէ Պոլիսը


Հաճելի պատահականութիւն մըն էր առաւօտուն խմբագրատան ճամբուն վրայ հանդիպել իրեն։ Ջերմօրէն ողջագուրուեցանք ու հարց տուի. «Խեր է, ի՞նչ գործ ունիս այս ժամուն, այստեղ»։ -Ո՜հ մի՛ հարցներ, հապճեպի մէջ եմ, Շաբաթ օր կնքամայր պիտի ըլլամ։

Ես իր աղջկան կնքահայրն էի։ Երկու տարի առաջ Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ մկրտուած էին տասը տէրսիմահայեր եւ իր դստեր կնքահայրութիւնն ալ ես էի ստանձնած։ Իսկ հիմա ինք կը պատրաստուէր իր նոր մէկ համաքաղաքացիին կնքամայր ըլլալու։ Գիտեմ որ աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի հայու համար ուրախալի երեւոյթ է կամքէ անկախ իր արմատներէն հեռացած հայու մը բուն ինքնութեան վերադարձը։ Սակայն զարմանքով կը տեսնենք, թէ հայու համար ուրախառիթ այս երեւոյթը սարսափ մըն է կարգ մը պոլսեցիներու հաշւոյն։ Մեր ուրախութեամբ դիտած այս պատկերը անոնք կը դիտեն սարսափով եւ կարիքն ալ չեն զգար այդ սարսափին տեղի տուող դրդապատճառները խոստովանելէ։ Կը վախնան այն հաւանականութենէն, թէ այսօր մկրտուելով իրենց ինքնութեան վերադարձողները մօտ ապագային կրնան համայնքային ընտրութիւններուն մասնակցիլ եւ ստանձնել մեր հաստատութիւններու վարչութիւնը։ Միամիտ հայեացքով անհաւատալի մտավախութիւն մըն է այս եւ կրնանք խորհիլ, թէ ինչու չէ՞, եթէ անհատը վերադարձած է իր ինքնութեան, ուրեմն շատ բնական է, որ ստանձնէ նաեւ այս համայնքի հաստատութիւններու վարչութեան նուիրում պահանջող ծառայութիւնը։ Բայց բնաւ այդքան պարզ չէ, քանի որ այսօր համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւնը ստանձնողներ նոյն ինքն կեղեքողներն են, այդ նոյն հաստատութիւններու հարստութիւնը։ Ուրեմն հասկնալի է, որ գողը իր շուրջբոլորը դիտէ գողի մը հոգեբանութեամբ եւ հաւանական գողեր յայտնաբերէ բոլոր պայմաններու մէջ։ Ուրիշ կերպ տրամաբանական ոչ մէկ բացատրութիւն կրնայ գտնուիլ նման գերզգայնութեան մը համար։ Մեր խօսքը կը վերաբերի Տիգրան Կիւլմեզկիլի փոխանցած տեղեկութիւններուն, քանի ինք է որ կը պնդէ այն վարկածը ըստ որու Շիրինօղլուն կառավարութեան շրջանակներու մօտ քուլիսային աշխատանք կը տանի համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններուն չկայանալուն համար։ Եւ այդ չարամտութեան հիմնական միտքն է վերեւ նշուած վարկածը։ Չըլլայ որ Տէրսիմցիներ, Սասնեցիներ կամ այլ քաղաքներէ եկած նախապէս իսլամ գրանցուած հայեր արդար ընտրութիւններու հետեւանքով ստանձնեն համայնքային հաստատութիւններու ղեկը։

Այստեղ պէտք է նշել, որ պոլսահայութիւնը ծանօթ է այս երեւոյթին։ Երբեմնի գաւառացի հայերը միջոց մը ետք այս քաղաքի մէջ ազգապատկան ինչ-ինչ հաստատութիւններու խնամակալ, հոգաբարձու կամ թաղական եղած են, վայելելով համայնքի զօրակցութիւնը։ Որքան ատեն, որ գաւառացիներ համակերպած են իշխող համակարգին, երբեք անպատեհութիւն մը չէ համարուած իրենց ներկայութիւնը։ Ընդ հակառակը անոնք փառաբանուեցան այս համայնքին վրայ իր միահեծան իշխանութիւնը պարտադրող բոլոր խաւերուն կողմէ։ Այստեղ գաղտնիքը թաքնուած է ճիշդ ալ այդ համակերպելու երեւոյթին մէջ։ Պոլսեցին բոլոր առիթները ընձեռեց անոնց դիմաց, համոզուելով թէ իր գերիշխանութիւնը կը մնայ յաւիտենական։ Իսկ երբ այդ մասին կասկածներու մատնուի, այն ժամանակ առանց վարանումի կրնայ կրակի տալ նոյնիսկ այս համայնքի բոլոր շահերը։

Ի՛նչ զարմանալի է նոյն Շիրինօղլու հայրենակցական միութիւններու հիմնադրութեան ալ դէմ ելած էր պնդելով, որ այդ միութիւնները կրնան պառակտել համայնքը։ Իրաւ մոռցած էի իմ սանամօր հապճեպի պատճառներէն մէկն ալ յաճախած դասընթացին ուշանալն էր։ Չէ՛ որ, ամենայն ուշադրութեամբ կը մասնակցի Սեբաստիոյ հայոց հայրենակցական միութեան դասընթացքներուն։ Իրենց վախը ինչ, որ ալ ըլլայ ըստ երեւոյթի պոլսահայութեան արժանապատուութիւնը փրկողը ուրիշ մէկը չէ, այլ երկար ընդհատումէ ետք իր ինքնութիւնը վերագտած ազգին բեկորները։ Բեկորներ՝ որոնք մի առ մի յաղթահարեցին պատրիարքարանի եւ առհասարակ պոլսեցիներու յարուցած զանազան դժուարութիւնները եւ եկան միանալու իրենց ժողովուրդին։

pakrates@yahoo.com