Մեծ Պահք

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Բա­րով էգար թթու մո­­խոխ,

Ինչ լուր բե­­րիր հայ­­րե­­­նիքէս։

Մէնձ պասն էկաւ, կայ­­նաւ թա­­թին,

Աչքս մնաց հալ­­վա կա­­թին։

Մէնձ պասն էկաւ դուռմիշ էղաւ,

Փօ­­րիս փար­­գալ փոզ­­միշ էղաւ...

Այսպէս խաղ ասե­­լով գիւ­­ղի տղա­­մար­­դիկ՝ ահել-ջա­­հել, ամէն­­քը ուս ու­­սի տո­­ւած կը պա­­րէին մա­­խոխա­­պու­­րի պարն ու կը դի­­մաւո­­րէին Մեծ Պա­­սի սկիզ­­բը։

Մեծ կամ Քա­­ռաս­­նորդա­­կան Պահ­­քը Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի՝ անա­­պատում քա­­ռաս­­նօ­­­րեայ ապաշ­­խա­­­րու­­թեան ու ծո­­մապա­­հու­­թեան շրջա­­նը կը խորհրդան­­շէ։ Պահ­­քի քա­­ռասուն օրո­­ւան կը յա­­ջոր­­դէ պա­­հեցո­­ղու­­թեան եւս մէկ շա­­բաթ՝ Աւագ շա­­բաթը, ուստի Մեծ Պա­­սը կը տե­­ւի 48 օր եւ կ՚աւար­­տո­­­ւի Զա­­տիկի նա­­խօրէին։

Մեծ Պա­­սի եօթ կի­­րակի­­ներն ու­­նեն իրենց յա­­տուկ անուննե­­րը՝ «Բուն Բա­­րեկեն­­դան», որ կը խորհրդան­­շէ մար­­դու դրախ­­տա­­­յին կեան­­քը, «Ար­­տաքսում», որ ար­­դէն կը խօ­­սէ մար­­դու դրախ­­տէն ար­­տաքսո­­ւելու մա­­սին, «Անա­­ռակի», որ կը մատ­­նանշէ մար­­դու առ Աս­­տո­­­ւած դառ­­նա­­­լու նա­­խապայ­­մա­­­նը, «Տնտե­­սի», որ կը ցու­­ցադրէ նիւ­­թա­­­կան հարստու­­թեան ճիշդ տնօ­­րին­­ման կա­­րեւո­­րու­­թիւնը, «Դա­­տաւո­­րի», որ կը պատ­­գա­­­մէ հար աղօ­­թել յա­­նուն փրկու­­թեան, «Գալստեան», որ իր մէջ կ՚ամ­­փո­­­փէ թէ առա­­ջին Գալստեան խոր­­հուրդը, թէ երկրորդ Գալստեան խոս­­տումը, եւ Ծաղ­­կա­­­զարդ՝ Քրիս­­տո­­­սի յաղ­­թա­­­կան մուտքը Երու­­սա­­­ղէմ։

Պահ­­քի կա­­րեւո­­րագոյն սիւ­­նը հո­­գու եւ մարմնի մաք­­րութիւնն է, ապաշ­­խա­­­րու­­թիւնը, հրա­­ժարու­­մը ոչ միայն կեն­­դա­­­նական սնունդէն, այ­­լեւ հո­­գին, մար­­մի­­­նը, խօսքն ու միտ­­քը ապա­­կանող ամէն տե­­սակ գոր­­ծո­­­ղու­­թե­­­նէն ու մտքե­­րէն, գո­­ղու­­թիւննե­­րէն ու ստա­­խօսու­­թե­­­նէն, թշնա­­ման­­քէն ու չա­­րակա­­մու­­թե­­­նէն։

Պահ­­քը կը սկսի իրար­­մէ գժտո­­ւած­­նե­­­րու հաշ­­տեցմամբ, բնա­­կարա­­նի մաք­­րութեամբ եւ պահ­­քի ու­­տեստնե­­րի՝ մա­­խոխի, պո­­չով ապու­­րի, աղան­­ձի, հա­­տիկի եւ այլնի պատ­­րաստու­­թեամբ։

Մա­­խոխա­­պու­­րի պա­­րեղա­­նակէն զատ կը պա­­րէին նաեւ ին­­չով ծե­­ծենք սոխն ու սխտոր պա­­րը, որի եղա­­նակը շատ դէպ­­քե­­­րում կը ստեղ­­ծո­­­ւէր տե­­ղում. պա­­րագ­­լուխը կար­­տա­­­սաներ յայտնի խօս­­քե­­­րը.

Արէք ձէ­­ձէնք սօխն ու սխտօր,

Կա­­նաչ կըխ­­տօր, ջուխտ մա­­նանէղ,

Ին­­չօ՞վ ձէ­­ձէնք սօխն ու սխտօր,

Կա­­նաչ կըխ­­տօր, ջուխտ մա­­նանէղ,

Գլխօվ ձէ­­ձէնք,

Գլխօվ ձէ­­ձէնք սօխն ու սխտօր,

Կա­­նաչ կըխ­­տօր, ջուխտ մա­­նանէղ...

եւ յըն­­թացս ցոյց կու տար թէ ինչպէս պէտք է գլխով ծե­­ծել սոխն ու սխտոր, կա­­նաչ կը խտոր, ջուխտ մա­­նանեխ, ապա պա­­րախումբը կը հե­­տեւէր նրա օրի­­նակին եւ այդպէս սոխն ու սխտո­­րը կը ծե­­ծէին ական­­ջով, աչ­­քով, քիթ-բե­­րանով, ոտ­­քով, ձեռ­­քով եւ այլն։

Յատ­­կանշա­­կան է, որ այս պա­­րերը կը պա­­րէին միայն տղա­­մար­­դիկ. սուրբ օր էր, կա­­նանց վա­­յել չէր պա­­րելը։

Մեծ Պա­­սին նաեւ կա­­ղային բերք ու բար­­քին եւ մշա­­կին վնաս բե­­րող բո­­լոր մի­­ջատ­­նե­­­րուն ու սո­­ղուննե­­րուն։ Տան արու զա­­ւակ­­նե­­­րէն մէկ­­նումէ­­կը կը բարձրա­­նար տա­­նիքը եւ եր­­կու քար իրար քսե­­լով կը բարձրա­­ձայ­­ներ.

Աղամ, աղամ, ի՞նչ աղամ

Ներ­­քե­­­ւից մէկ ու­­րի­­­շը կ՚ար­­ձա­­­գան­­գէր

Օձ ու կա­­րիճ աղա

Այդպէս կա­­ղային մու­­կը, գայ­­լը, աղո­­ւէսը, վնա­­սակար մի­­ջատ­­նե­­­րը եւ այլն։

Սո­­վորու­­թեան հա­­մաձայն՝ վնա­­սակար մի­­ջատ­­նե­­­րէն ազա­­տուե­­լէն զատ տնէն կը վռնտէին նաեւ բո­­լոր տե­­սակ չար ոգի­­ներուն՝ ալ­­քե­­­րին, մեզ­­մէ աղէկ­­նե­­­րին, շվոտ­­նե­­­րին, խնջլոզ­­նե­­­րին եւ այլն։ Չա­­րը խա­­փանե­­լու հա­­մար որոշ վայ­­րե­­­րում ան­­գամ ալիւ­­րով կը նախ­­շէին տան պա­­տերը եւ առաս­­տա­­­ղը, այնպէս որ գի­­շերո­­ւայ աստղա­­զարդ երկնքին նմա­­նի…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ