Թուրքիոյ Պատրիարքական աթոռի մտնուած ճգնաժամի մասին այս անգամ ալ փորձեցինք կարծիքը լսել հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի, որուն անունը վերջերս հետզհետէ աւելի յաճախ կը յիշուի պատրիարքական ընտրութիւններու նիւթի քննարկման պահուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ակօս»ի աշխատակից Միհրան Մանուկեանի Խաժակ սրբազանի հետ կատարած հարցազրոյցը։
ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
miranbmanukyan@gmail.com
Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Իսթանպուլի կուսակալութեան նամակէն ետք գոյացած իրավիճակը։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ- Անցեալ տարուան Ապրիլ 12-ին «Ակօս»ի թղթակից Ժուլիէթ Ինան անունով անձը հարցազրոյց ունեցաւ ինծի հետ՝ այլ հարցերու կարգին նաեւ պատրիարքական ընտրութեան հարցով Թուրքիոյ հայոց կացութեան մասին. Այդ հարցազրոյցը տպուեցաւ թերթիդ մէջ։ Այնտեղ ես անկեղծութեամբ արտայայտուած էի այս խնդրի մասին։ Կուսակալութենէն ստացած նամակը Իսթանպուլի հայոց կը ստիպէ մէկդի դնել ներքին տարակարծութիւնները եւ միասնական ոգիով կարգաւորել պատրիարքական եւ գաղութային աշխատանքները։ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, որ Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մաս կը կազմէ, շատ կարեւոր է թէ Թուրքիոյ եւ թէ համայն հայութեան համար։ Հաստատապէս ճիշդ չէր տարիներէ ի վեր պատրիարքական աթոռի շուրջ այսպիսի տագնապ ստեղծել։ Ներկայ իրականութեան լոյսին ներքեւ՝ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի՝ որպէսզի նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցով կառավարութեան հետ համաձայնութեան եզր մը գտնուի։ Ներկայ տագնապէն կարելի պիտի ըլլար առաջին օրէն խուսափիլ՝ եթէ պատրիարքարանի կողմէ պաշտօնապէս տեղեկութիւն տրուէր Մութաֆեան Պատրիարքի անբուժելի հիւանդութեան մասին եւ պետութեան գիտութեամբ հանգստեան կոչուելու պահանջքը։ Այս զանցառումին արդիւնքը այն է, որ տակաւին Մութաֆեան Սրբազանը Պատրիարք է յաչս կառավարութեան։ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի եւ հայ գաղութի այժմու ալեկոծեալ վիճակը կը մտահոգէ բովանդակ հայութիւնը։ Կենսական է տեղւոյն հայութեան մէջ համերաշխութեան վերահաստատումը՝ որպէս զի առարկայական կերպով կարելի ըլլայ բարւոքել ստեղծուած կացութիւնը եւ յանգիլ բոլորին կողմէ ընդունելի լուծումի մը։
Սա պահուն նոր ի՞նչ պարտականութիւններ կը վիճակին Կրօնական ժողովին։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Արամ արքեպիսկոպոսը պատրիարքական փոխանորդի կոչումին վերահաստատելու որոշումը։
Խ.Պ.- Տարիներ առաջ՝ գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ ընտրուած էր եւ ապա հաստատուած կառավարութեան կողմէ, եւ կառավարութիւնը կը շարունակէ զինք ճանչնալ որպէս պատրիարքական փոխանորդ։ Այժմ, Կրօնական ժողովը եւ համայնքային բոլոր մարմինները պարտին անկողմնակալ կերպով կատարել իրենց վստահուած պաշտօնները եւ խաղաղութիւն սերմանեն հայ գաղութին մէջ, իսկ պատրիարքական ընտրութեան մը մասին՝ բանակցութիւններ վարել պետութեան հետ։
Ինչպիսի՞ ուղի մը որդեգրելու է աշխարհականներու դասը։
Խ.Պ.- Ներքին բաժանումներ ստեղծուած են գաղութիդ հաւատացեալներուն միջեւ. Առաւել եւս՝ անխորհուրդ արտայայտութիւններ ալ եղած են եւ կ՚ըլլան վիճաբանութիւններու ընթացքին։ Թելադրելի է որ բոլոր կողմերէն յարգուած ազգայիններ պարտին իրարու քով գալ, ներկայի կացութիւնը բարւոքելու եւ յառաջ ընթանալու միջոցներու մասին մտածելու եւ ի վերջոյ կողմերու միջեւ համերաշխութիւն հաստատելու։ Ապա, նոր պատրիարք ընտրելու համար, Կրօնական ժողովին հետ համախորհուրդ առաջարկ կարելի է ներկայացնել՝ պետութեան արտօնութիւնը ստանալու համար։
Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու քանիցս յայտնած էր թէ Թուրքիոյ պետութիւնը իր ԱՄՆ-ի հիւպատոսի միջոցաւ ուզած էր իմանալ ձեր կարծիքը պատրիարքութեան թեկնածութեան մասին։ Իսկապէս եղա՞ն շփումներ։ Պատրիարքութեան թեկնածու ըլլալու մասին ի՞նչ է ձեր տրամադրութիւնը։ Նախապէս հրաժարած էիք թեկնածութենէ, կը շարունակէ՞ք նոյն դիրքը պահել։
Խ.Պ.- Տարբեր շրջանակներէ պատասխանատու անձեր եւ ծանօթ ազգայիններ մօտեցած են եւ հարց տուած են ինծի թէ կը փափաքիմ ներկայանալ որպէս պատրիարքութեան թեկնածու։ Բոլորին ալ իմ շնորհակալութիւնս յայտնած եմ եւ սակայն բանաւոր պատճառներով մերժած եմ։ Վերջին շրջանին, նոյնիսկ գերշ. Տ. Գարեգին արք. Պէքճեան գրաւոր կերպով նոյն առաջարկը ըրած էր եւ ես նոյն պատասխանը տուած էի։