ՆԱՐՕՏ ԵԱՆԸՔՕՂԼՈՒ ՔԸՅՄԱԶ
Փետրուար ամսուան մէջ առիթը ունեցայ այցելելու Հոլանտայի Ամստերտամ քաղաքը։ Միշտ սիրած եմ պտըտիլ տարբեր երկիրներ, քաղաքներ, տեսնել տարբեր մշակոյթներ, մարդիկ եւ ապրելակերպեր։ Չորս օրուայ կարճ պտոյտ մը ծրագրած էինք ընկերոջս հետ։ Արդէն քաղաքը պտտելու համար չորս օրերը բաւարար պիտի ըլլային։ Ծրագիրնիս ալ բաւական ճոխ էր։ Պիտի պտտէինք աշխարհահռչակ թանգարաններէն՝ Վան Կոկ եւ Ռիժքս թանգարանները, ճարտարապետական կոթող կոչելու արժանի եկեղեցիներ, պալատներ, հրապարակներ եւ Պոլսոյ մէջ գրեթէ չգտնուող խոշոր պարտէզներ։ Երբ ծրագրեցինք մեր պտոյտը, ներքուստ միշտ պակաս բան մը կայ այս գործին մէջ ըսող ձայն մը կը լսէի։ Գիտէի այդ պակասը։ Հիմա կարգ մը անձերուն տարբեր կամ անիմաստ կրնայ թուիլ, բայց երբ Պոլիսէ դուրս տեղ մը այցելեմ, կուզեմ հոն տեսնել հայութեան հետ կապ ունեցող հետքեր։ Այս կրնայ ըլլալ եկեղեցի մը, շէնք մը, փողոց մը, քար մը եւ կամ գրութիւն մը։ Եթէ գտնեմ եւ տեսնեմ արտակարգօրէն երջանիկ կը զգամ ինքզինքս, որ բառերով արտայայտելը դժուար է։ Այս սովորութիւնը ուրկէ ծագած է իմ մօտ չեմ գիտեր։ Կարծեմ թէ ազգիս պանդխտութեան հետ կապ ունի, քանի որ դժուար պայմաններէ անցնելով ստիպուած է լքելու իր ապրած հողերը եւ հեռու քաղաքներ գաղթելով հոն վերստին մշակոյթ կերտելու։
Ամստերտամ քաղաքը պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայութեան համար, քանի որ Աստուածաշունչի Բ. տպագրութիւնը 17-րդ դարուն այս քաղաքի մէջ եղած է։ Բայց այս յատկութիւնը մէկ կողմ թողունք, քանի որ ինծի պէտք էր աւելի ապրող բաներ։
Կարծեմ թէ բախտը հետս էր։ Երկու տեղեր կային որ կրցայ այս զգացումը վերապրիլ։ Այս երկու տեղերէն մէկն էր «Աննէ Ֆրանք»ի տուն թանգարանը։ Աննէ Ֆրանք Բ աշխարհամարտի տարիներուն Հոլոքոստի զոհերէն մէկն էր։ Ան իր ընտանիքով երկու տարի դժուար պայմաններու տակ պահուըտած, բայց յետոյ զինուորներու կողմէ գտնուելով ղրկուած էր համակեդրոնացման ճամբար։ Բացի Աննէ Ֆրենքի հայրիկէն, ընտանիքի բոլոր անդամները կը մահանայ։ Երբ հայրը կը վերադառնայ իրենց տունը կը գտնէ աղջկան օրատետրը, որուն մէջ կը կարդայ իրենց ամենադժուար ժամանակներուն գրի առնուած էջեր։ Մեծ ջանքերու շնորհիւ այս օրատետրը կը տպուի եւ ցեղասպանութեան պզտիկ զոհ Աննէն կը դառնայ աշխարհահռչակ գրագէտներէն մին։ Երեւոյթ մը, որ իր ամենամեծ փափաքներէն մէկն էր։ Թանգարանի վերջին մասին կը ցուցադրուէին գիրքին զանազան լեզուներու թարգմանութիւնները։ Հոն առաջին կարգին տեսայ գիրքին արեւելահայերէն թարգմանութիւնը։ Ահաւասիկ ինծի երջանկացնելիք հայութեան հետ կապ ունեցող հետք մը գտած էի։ Բայց այս երջանկութեան կողքին մէկ կողմս ալ տխուր էր որովհետեւ թանգարանը պտըտելու ատեն միշտ միտքս էին հայոց ցեղասպանութեան վկայ իմ ազգակիցները, հայ մանուկները քանի որ անոնք ալ անցած էին նման ճամբաներէ։ Մարդս կրկնապատիկ զգացումներ կը կրէ, եթէ իր պատմութեան մէջ ալ կայ այսպիսի սեւ էջեր...
Իսկ երկրորդ տեղն էր Ամստերտամի հայկական եկեղեցին, որուն գոյութիւնը սորուած էի աշխատանքի կեանքիս մէջ օրինակ առած տիպարներէս մէկուն շնորհիւ։ Պտոյտի վերջին օրը առիթը ունեցայ այցելելու եկեղեցին։ Տեղը քաղաքի կեդրոնին շատ մօտ ըլլալուն պատճառաւ դիւրաւ կրցայ գտնալ շէնքը եւ անոր մօտ գտնուող հայերու անունով յիշուած կամուրջ մը, որ կը կոչուէր Արմէնեսպրուկ։ Եկեղեցիին առջեւը կեցայ ու դիտեցի շէնքը։ Դուրսէն պարզ շէնքի մը տպաւորութիւնը ունէր։ Եկեղեցի ըլլալը կը հասկցուէր դրան վրայի գրութենէն, ուր հայատառ գրուած էր եկեղեցւոյ նորոգութեան թուականը, որուն բարերարութեամբ նորոգուած ըլլալը։ Տարբեր տարբեր անկիւններէն նկարեցի եկեղեցին։ Այս պահէն սկսեալ մէջս անհասկնալի երջանկութիւն մը կը տիրապետէր։ Անգամ մը եւս օտար քաղաքի մը մէջ հայութեան հետ կապ ունեցող հետք մը գտած էի։ Հանդիպելով հայոց եկեղեցւոյ, ընթերցելով անոր ճակտի հայերէն գրութիւնը, ես զիս տանս մէջ կը զգայի։ Չէ որ Մուշեղ Իշխան ըսած էր «Հայ լեզուն տունն է հայուն»։