Մուրատ Էզեր կը ներկայացնէ՝ «Պոլսահայերը»

Նոր սե­­րունդի աշ­­խոյժ գործիչ­­նե­­­րու փա­­ղան­­գին կը պատ­­կա­­­նի լու­­սանկա­­րիչ Մու­­րատ Էզեր, որ վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն կա­­րեւոր ծա­­ռայու­­թիւն բե­­րած է քա­­ղաքիս գրե­­թէ բո­­լոր պար­­բե­­­րական­­նե­­­րուն։ Մու­­րատ Էզեր ծնած է 1965 թո­­ւակա­­նին Պաթ­­մա­­­նի Պե­­շիրի գա­­ւառի Պա­­րընչ գիւ­­ղի մէջ։ Ապա ըն­­տա­­­նեօք տե­­ղափո­­խուած են Պո­­լիս, ուր ստա­­ցած է իր նախ­­նա­­­կան ու­­սումը Գա­­րակէօզեան որ­­բա­­­նոցի մէջ։ Ան ապա յա­­ճախած է Սուրբ Խաչ Դպրե­­վանք։ Հայ մա­­մու­­լին իբ­­րեւ լու­­սանկա­­րիչ աշ­­խա­­­տակ­­ցած տա­­րինե­­րուն ու­­նե­­­ցած է նաեւ զա­­նազան­­նե­­­րու դի­­ման­­կարներ, որոնցմով կազ­­մած է իր ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ լու­­սանկա­­րիչի աշ­­խա­­­տան­­քի առու­­մով ամե­­նահա­­ճելի ձեռքբե­­րումն է այս, քա­­նի որ նման հա­­ւաքա­­ծոն կը գո­­յանայ բնա­­կան կու­­տա­­­կու­­մի մը հե­­տեւան­­քով եւ այդ կու­­տա­­­կու­­մը տա­­րինե­­րու հո­­լովոյ­­թի մէջ կը պատ­­րաստէ ինքնին ար­­ժէք ներ­­կա­­­յաց­­նող հարստու­­թիւն։

Մու­­րատ Էզեր ահա այդ սե­­փական հարստու­­թեան բաժ­­նե­­­կից կ՚ընէ մեզ իր գոր­­ծե­­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով Պա­­քըր­­գիւղի նո­­րակա­­ռոյց Տա­­տեան Վար­­ժա­­­րանի Մո­­նիք- Արէտ Եր­­կա­­­նեան սրա­­հին մէջ։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի բա­­ցու­­մը տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ 2 Մարտ Ուրբաթ ժա­­մը 19.00-ին եւ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուի մին­­չեւ 4 Մարտ թո­­ւակա­­նը։ Այս նա­­խաձեռ­­նութեան առ­­թիւ կան­­խաւ կը շնոր­­հա­­­ւորենք խոս­­տումնա­­լից լու­­սանկա­­րիչը եւ յա­­ջողու­­թիւններ կը մաղ­­թենք իր աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ