Եկած է պահը որ անգամ մը եւս վերյիշենք այս սիւնակի վրայ նախապէս քննարկուած խնդիրը։
Չես գիտեր պատմութեան որ շրջանին, Օսմանեան կայսրութեան քաղաքական գործիչները երկրի ժողովուրդներու յատկութիւնները գնահատած եւ հայոց համար գործածած են «Միլլէթի սատըքա» այսինքն հաւատարիմ ազգ կոչումը։ Դարձեալ չես գիտեր ինչ տրամադրութիւններու մէջ այդ կոչումը մեծ պատիւ մը ըլլալով ընդունած են կարգ մը հայեր, եւ մինչեւ օրս կ՚ուզեն այդ պատիւը բարձր պահել։ Կը հրճուին, երբ պետական աւագանին շոյէ իրենց հակած գլուխները եւ գնահատէ իշխանութեան հանդէպ հայուն որդեգրած հնազանդութիւնը եւ հաւատարմութիւնը։
Շուներուն նուիրեալ հաւատարմութիւնը գնահատելի է, բայց ժողովուրդներունը մեղադրելի։
Թուրքիա ժառանգորդն էր աշխարհակուլ կայսրութեան մը մտածելակերպին։ Կայսրութիւնները երկիրներ նուաճելով, այդ երկիրներու ժողովուրդը ստրկացնելով է որ կը գոյատեւեն։ Բացառութիւն չէր Օսմանեան կայսրութիւնը, որ ԺԶ դարէն ետք դադրեցաւ օտար երկիրներ արշաւելու, նուաճելու կարողութիւնէն, հետզհետէ սկսաւ կորսնցնել իր տիրապետած երկիրները ու հասաւ քայքայման ու կործանման փուլին։
Այդ հանգրուանին է որ, դարեր շարունակ թուրքի լուծին տակ տքնող ժողովուրդները՝ յոյներ, հունգարացի, պուլղարացիներ, սերպեր, հիւսիսային ափրիկեցիներ, եգիպտացիներ եւ Միջին Արեւելքի արաբներ սկսան մի առ մի տանիլ ազատութեան պայքար եւ յաջողեցան իրենց երկիրը արշաւած բռնակալ պետութիւնը ետ շպրտել դէպի իր եկած տեղը։ Եթէ այդ շրջանին հայեր, ասորիներ կամ քիւրտեր եւս ունենայինք մեր երկիրը բռնակալէն մաքրելու կամքն ու միտքը, Օսմանցու նահանջը կը շարունակուէր մինչեւ Ճինկիզ խանի կամ Լենկ Թիմուրի եկած հողերը։ Եկուր տես որ այդ տարիներուն ասորիներ ու քիւրտեր շատ հեռու էին ազգային միասնութիւն մը ներկայացնելէ, իսկ հայերս ամենայն հաւատարմութեամբ լծուած էինք կայսրութեան անսասանութիւնը ապահովելու նուիրեալ ուխտին։
Հետեւանքը ծանօթ է բոլորիս։ Մենք զոհուեցանք Օսմանեան պետութիւնը փրկելու ճամբուն վրայ, բայց թուրք ազգային միտքը ամենայն հեշտութեամբ վերջ տուաւ հոգեվարք կայսրութեան տառապանքին, փոխարէնը կերտելով Թուրքիոյ ազգային պետութիւնը։
Այս բոլորը կարելի է իր բնականութեան մէջ դիտել։ Բայց անդին կայ հիւանդագին հոգեբանութիւն մը որ ժառանգուած է կայսրութենէն։ Թուրքը չէ կրցած համակերպիլ երեք ցամաքամասեր տարածուած կայսրութիւնը այժմու սահմաններուն մէջ հանրապետութիւն մը ըլլալով ընդունելու։ Չէ հանդուրժած նախապէս իրեն ենթակայ երկիրներու անկախութեան։ Մանաւանդ արաբական երկիրներու ազատագրումը դիտած է իբրեւ դաւադրութիւն կամ ապերախտութիւն։ Ձեւաւորուած մտայնութեան համաձայն արաբները իբրեւ մահմետական ժողովուրդ պէտք էր երախտապարտ ըլլային թուրքին, որ եկած արշաւած է իրենց երկիրը։ Կայսրական յիշողութիւնը կը թելադրէ վեր կենալ եւ կրկին ընդլայնել երկրի տարածքը, իշխելով միջին արեւելքին եւ կովկասեան տարածքէն մինչեւ կեդրոնական ասիա։ Այս ալ բնական երեւոյթ է, քանի հայերս ալ աւելի քան երկու հազարամեակներ կը հոլովենք «Ծովից ծով Հայաստան» երազը։
Սակայն ներկայ ժամանակներու պարտադրած անհրաժեշտութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Կամ պիտի մաս կազմես համաշխարհային մարդկութեան ընտանիքին, կամ ալ աշխարհակուլ միտքերովդ, թէ փորձանք պիտի դառնաս նոյն մարդկութեան եւ թէ պիտի ճզմուիս անոր ոտքերուն տակ։ Ուրեմն երկկողմանի ձախողութիւն մըն է սխալ ուղիով ընթանալու հետեւանքը։ Մաղթենք բազմամիլիոն մարդկանց կեանքի ու ճակատագրի վրայ իշխելու զօրութիւն ունեցողներ շուտով կը սթափին այս պարզ իրողութեան եւ սեփական անունը չեն մրոտեր պատմութեան մէջ յաճախ երեւացող իրենց նախկին բնորդներու նման։
Իսկ սովորական մարդը պէտք է իմանայ, թէ հայրենի երկրի հաւատարմութիւնը կապ չունի այդ նոյն երկրի իշխանութիւնը յափշտակած չարագործի մը հնազանդելու հետ։ Փաստացի փորձով կը տեսնենք, թէ բռնակալին հնազանդողը չարերն են միայն, կամ ալ այդ հնազանդութենէն ակնկալութիւն ունեցող չարամիտները։
pakrates@yahoo.com