Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագի մասնակիցներէն մին թրքական կառավարութեան կողմէ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին վերահաստատուած Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի դէմ իր բողոքը աղօթքով արտայայտած է, որմէ ետք յայտնուած է ոստիկանատուն։
11 Փետրուարին Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագը մը մատուցէր Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան։ Պատարագի ներկաներէն Պեսսէ Քապաքը, Աթէշեանի դէմ իր բողոքը արտայայտելու համար, սկսած է Աստուածաշնչէն «Տէր Ողորմեայ» աղօթքը բարձրաձայն ընթերցել։ Աղօթքով իր բողոքը յայտնող Քապաքը դուրս բերուած է եկեղեցիէն, ապա բերման ենթարկուած եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող ոստիկաններու կողմէ։ Քապաքի բողոքը պայմանաւորուած է Իսթանպուլի նահանգապետարանի կողմէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացին կասեցման եւ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանին՝ պատրիարքական գլխաւոր փոխանորդ վերաճանաչման հետ։
Պեսսէ Քապաքը բռնի կերպով դուրս բերուած է եկեղեցիէն։ Ոստիկանները զինք սպասեցուցած են եկեղեցւոյ բակը, ապա փոխադրած ոստիկանատուն։ Ֆերիգիւղի ոստիկանական բաժնին մէջ Քապաքին ըսած են, որ ան իրենց «հիւրն» է եւ սպասեցուցած են գրեթէ մէկ ժամ։ Այնուհետեւ Պեսսէ Քապաքը արձանագրութիւն ստորագրած եւ ազատ արձակուած է։
Ուշագրաւ է, որ ներկայ ժողովուրդէն ոչ ոք, նաեւ թաղական խորհուրդը արգելք չեն եղած ոստիկաններու բերման ենթարկելու գործողութեան։
Իսթանպուլի նահանգապետարանը 5 Փետրուարին, նամակ ուղղարկած էր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան՝ յայտնելով, որ չի ճանչնար Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանը, որպէս պատրիարքական տեղապահ։ Իսթանպուլի կուսակալի տեղակալ Իսմայիլ Կիւլթեքինի ստորագրութեամբ նամակին մէջ ընդգծուած էր Մութաֆեան պատրիարքի կենդանութեան փաստը ու նշուած էր պատրիաքական ընտրութիւններու համար համապատասխան պայմաններու բացակայութեան մասին։ Նոյն նամակին մէջ կը նշուէր, որ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը ճանչնալ որպէս պատրիարքական գլխաւոր փոխանորդ։
9 Փետրուարին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը որոշում կայացուցած է Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի պատրիարքական գլխաւոր փոխանորդի պաշտօնին շարունակելուն մասին։ Ժողովէն ետք կատարուած յայտարարութիւնով կ՚ըսուէր թէ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանը հրաժարած է մասնակցիլ ժողովին։ Յիշեցնենք, որ 2017թ։ 15 Մարտին նոյն Հոգեւոր խորհուրդը Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործը կազմակերպելու համար Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանը ընտրած էր որպէս պատրիարքական տեղապահ։