ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԵԱՆ
Հրանդ Տինք հիմնարկի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Ազգային ճարտարագիտութեան եւ շինարարութեան համալսարանի պատուիրակութիւնը Իսթանպուլ այցելեց եւ շփումներ ունեցաւ Իսթանպուլի իրենց պաշտօնակից հաստատութիւններու հետ։ Այս կարգին Հայաստանի պատուիրակութիւնը այցելեց Քատիր Հաս եւ ՄԵՖ համալսարաններու համապատասխան բաժինները։ Ապա Հայաստանէն եկած մասնագէտները զեկոյցով մը հանդէս եկան նաեւ հիմնարկի Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ։ Այս շրջագծով սոյն համալսարանի քաղաքաշինութեան բաժնի վարիչ Տոց. Տոքթ. Զարուհի Մամեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Խորհրդային շրջանի եւ ապա անկախութեան շրջանի ճարտարապետութեան բաղդատութիւնը։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի քաղաքները բնականաբար կը ներկայացնէ խորհրդային շրջանի ճարտարապետական ոճը, քանի որ այդ քաղաքները կառուցուած են ճիշդ ալ այդ շրջանին։
Մամեան անդրադարձաւ նաեւ պատմական շէնքերու սպառնացող կարգ մը վտանգներուն եւ այս նիւթի շուրջ դրուատեց նոր սերունդի ցուցաբերած ուշադրութիւնը։ «Հպարտութեամբ կրնամ ըսել, թէ յաջորդ սերունդ մը պատրաստած ենք եւ այդ սերունդը կը գիտակցի իր ազգային հարստութեան»։
Նոյն համալսարանի Ճարտարապետութեան տեսութեան եւ Պատմութեան բաժնի պետ Էմմա Յարութիւնեան շուրջ 20 տարի է, որ կը դասաւանդէ այս համալսարանի մէջ։ Ան կը պատմէ աշխարհի զանազան համալսարաններու հետ իրենց մշակած գործակցութեան մասին եւ այդ ծիրէն ներս կը յիշէ նաեւ ապահոված նոր ծանօթութիւնները։ Յարութիւնեան ափսոսանքով կը յիշէ այսօրուայ ճարտարապետական ոճին իր աւանդական հունէն հեռանալու երեւոյթը։ Կ՚ըսէ թէ անցեալի այդ հսկայ աւանդութենէն կարծես ոչինչ մնացած է մեր ժամանակներուն։ Ցաւ կը յայտնէ Երիտասարդութեան պալատի փլուզման համար։ Կը յիշեցնէ թէ քաղաքի մէջ բազմաթիւ պարապ տարածքներ կայ, բայց նոր շինութեան համար չես գիտեր ինչ մտածումով այս խորհրդանշական արժէք ներկայացնող շէնքը քանդեցին։
Մեր երկու հիւրերը եւ իրենց ընկերակցող ակադեմականները խորհին շնորհակալութիւն յայտնեցին Հրանդ Տինք հիմնարկին իրենց այս հանդիպումները կազմակերպած ըլլալուն համար։