Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

13Փետ­րուարի առա­ւօտուն հա­մայն պոլ­սա­հայու­թիւնը խո­րապէս ցնցուած էր լսե­լով հան­րա­ծանօթ մոր­թա­բան Յա­կոբ Կո­­թողեանի մա­­հուան գու­­ժը։ Այդ օր եւ նաեւ յա­­ջոր­­դող օրե­­րուն հա­­մացան­­ցը բա­­ւակա­­նին ծան­­րա­­­բեռ­­նուած էր այս մեծ կո­­րուստին պատ­­ճա­­­ռած կսկի­­ծը բաժ­­նող տո­­ղերով։ Զա­­նազան­­ներ ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն հա­­րազատ տո­­ղերով կը բաժ­­նէին այն մեծ ցա­­ւը, որ ապ­­րած էին ժո­­ղովուրդի կող­­մէ այսքան սի­­րուած բժիշ­­կի մա­­հով։ Ակա­­մայ կը տա­­րուինք մտա­­ծելու, թէ ի՞նչ պատ­­ճառներ ազ­­դակ եղած էին հա­­մես­­տութիւ­­նը իրեն հա­­մար կեան­­քի ու­­ղի հա­­մարած մէ­­կու մը դէմ այսքան մեծ երախ­­տիք, այսքան խոր հիացում ար­­տա­­­յայ­­տուէր։

Կար­­ծես Հրանդ Տին­­քի նման այս մեծ գիտ­­նա­­­կանին ալ կօ­­շիկին յա­­տակը ծակ էր եւ այդ ծա­­կը երե­­ւելի կը դառ­­նար միայն ու միայն իր կեն­­սագրու­­թեան վե­­րահա­­սու ըլ­­լա­­­լով։

Ար­­դա­­­րեւ գի­­տու­­թեան այս անուանի նուիրեալը ծնած էր եղեռ­­նա­­­զոհ ըն­­տա­­­նիքի մը տան մէջ եւ եր­­բեք չէր հա­­կասած իր ար­­մատնե­­րուն։

Ճա­­կատագ­­րի տա­­րօրի­­նակ երե­­ւոյթ մը ըլ­­լա­­­լու է այն իրո­­ղու­­թիւնը, թէ Յա­­կոբ Կո­­թողեանի կեան­­քի գծին ան­­բա­­­ժանե­­լի մաս­­նի­­­կը մնաց Պոլ­­սոյ այնքան ծա­­նօթ Ճեր­­րահփա­­շա հի­­ւան­­դա­­­նոցը։ Այդ հի­­ւան­­դա­­­նոցը թէեւ այ­­սօր մաս կը կազ­­մէ Իս­­թանպու­­լի Հա­­մալ­­սա­­­րանի բժշկա­­գիտու­­թեան ճիւ­­ղին, բայց ան միեւ­­նոյն ժա­­մանակ ամե­­նամօտ հե­­տեւա­­բար ամե­­նահա­­րազատ բու­­ժօգնու­­թեան կեդ­­րո­­­նը եղած է բո­­լոր սա­­մաթիացի­­ներու հա­­մար։

Յա­­կոբ Կո­­թողեան կամ աւե­­լի ժո­­ղովրդա­­կան անու­­նով Բժիշկ Քոլ­­սուզ Ակոբ ծնած էր 1939 թուին Սա­­մաթիոյ մօ­­տակայ Ճեր­­րահփա­­շա հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ։ Թե­­րեւս ալ փոք­­րիկն Յա­­կոբ իր ըն­­տա­­­նիքին մէջ հի­­ւան­­դա­­­նոցի մը եր­­դի­­­քին տակ ծնող առա­­ջին օրի­­նակն է։ Չէ՛ որ, այդ տա­­րինե­­րուն ծննդա­­բերե­­լը հի­­ւան­­դութեան երե­­ւոյթ մը չէր եւ առ­­հա­­­սարակ տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նար բնա­­կարան­­նե­­­րու մէջ դա­­յեակի մը օգ­­նութեամբ։ Յա­­կոբ Կո­­թողեան իրենց հա­­սակա­­կից բո­­լոր սա­­մաթիացի­­ներու նման յա­­ճախեց թա­­ղի վար­­ժա­­­րանը եւ աւար­­տե­­­լով նա­­խակրթա­­րանի բա­­ժինը դար­­ձեալ իր նման բո­­լոր չքա­­ւոր­­նե­­­րու ու­­ղիին հե­­տեւե­­ցաւ եւ դպրո­­ցը թո­­ղելով ուղղուեցաւ ար­­հեստ մը սոր­­վե­­­լու ճա­­նապար­­հին։ Ահա այդ հանգրուանին զինք սպա­­սող ահ­­ռե­­­լի փոր­­ձանքը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ եւ աշ­­խա­­­տանո­­ցի մէջ գլան սար­­քե­­­րէն մէ­­կը ճզմեց պա­­տանի աշ­­կերտի թե­­ւը մին­­չեւ ուս։ Մար­­դու ճա­­կատագ­­րի վրայ եր­­բեմն անշրջա­­դար­­ձե­­­լի հե­­տեւանքներ ու­­նե­­­ցող դէպ­­քեր կը պա­­տահին։ Այդպի­­­սին էր փոք­­­րիկ Յա­­­կոբին մատ­­­նուած առ­­­կա­­­­­­­ծը, որուն հե­­­տեւան­­­քով զինք երկրորդ ան­­­գամ փու­­­թա­­­­­­­ցու­­­ցին Ճեր­­­րահփա­­­շայի հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցը։ Բժիշկներն իսկ սոս­­­կա­­­­­­­ցած էին մին­­­չեւ ու­­­սը ան­­­դա­­­­­­­մահա­­­տուած պա­­­տանին տես­­­նե­­­­­­­լով։ Բժիշկներ յու­­­սա­­­­­­­հատ էին, բայց լծուեցան երա­­­խայի կեան­­­քը փրկե­­­լու հա­­­մար անհրա­­­ժեշտ ամէն ջանք վատ­­­նե­­­­­­­լու։ Դար­­­մա­­­­­­­նու­­­մի եր­­­կար շրջա­­­նէ մը ետք անոնք ան­­­շուշտ, որ այն օրե­­­րուն տա­­­կաւին չէին գի­­­տեր, թէ իրա­­­կանու­­­թեան մէջ ի՞նչ է որ փրկած են։ Ուրկէ գիտ­­­նան որ աղ­­­քա­­­­­­­տիկ պա­­­տանիի մը կեան­­­քը փրկե­­­լէն շատ աւե­­­լի մեծ նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նի իրենց կա­­­տարած վի­­­րահա­­­տու­­­թիւնը։ Չէ որ այդ օրուայ դժբախտ պա­­­տանին կեան­­­քի տե­­­ւողու­­­թեան մէջ պի­­­տի դառ­­­նար շատ յա­­­ջող բժիշկ մը եւ իր գի­­­տու­­­թիւնով պի­­­տի փրկէր նաեւ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ կեան­­­քեր։ Սա­­­կայն պա­­­տանի Յա­­­կոբը բու­­­ժող բժիշկնե­­­րու «չապ­­­րիր, հոս կը մեռ­­­նի այս երա­­­խան» կան­­­խա­­­­­­­գու­­­շա­­­­­­­կու­­­թեան մէջ իրո­­­ղու­­­թիւն մը թաք­­­նուած էր։ Եթէ ոչ այդ օր, բայց նման կան­­­խա­­­­­­­գու­­­շա­­­­­­­կու­­­թե­­­­­­­նէն աւե­­­լի քան 65 տա­­­րիներ ետք իս­­­կա­­­­­­­պէս ալ այդ նոյն հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցին մէջ աւան­­­դեց հո­­­գին։ Սա­­­կայն այդ փա­­­կագ­­­ծի մէջ առ­­­նուած աւե­­­լի քան 65 տա­­­րինե­­­րը յա­­­րատեւ յա­­­ջողու­­­թեան մը պատ­­­մութիւնն է նաեւ։ Իրա­­­րու յա­­­ջոր­­­դող յա­­­ջողու­­­թիւններ, որոնք հե­­­ղինա­­­կին հա­­­մար կեան­­­քի սո­­­վորա­­­կան ըն­­­թացք, բայց շուրջին­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար հրաշքներ էին միեւ­­­նոյն ժա­­­մանակ։ Ան կեանք շնոր­­­հեց բո­­­լոր անոնց որոնք ճա­­­րահա­­­տու­­­թեան մէջ թա­­­կած էին իր դու­­­ռը։ Առանց վա­­­րանու­­­մի կրնանք ըսել այն ինչ, որ Պա­­­րոյր Սե­­­ւակ ըսած էր Կո­­­միտա­­­սի հա­­­մար.

«Պար­­­գեւ բաշ­­­խեց

Որ­­­դի­­­­­­­ներին իր տա­­­րաբախտ ժո­­­ղովրդի

Եւ... մարդկու­­­թեա՜ն։

 

Պար­­­գեւ բաշ­­­խեց

Աստծո՛յ նման՝ շռայ­­­լօ­­­­­­­րէ՜ն,

Եւ բաշ­­­խե­­­­­­­լով՝ հարստա­­­ցա՛ւ...»

Սե­­­ւակ իր տո­­­ղերը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ

հարց տա­­­լով, թէ

«Բայց դրուատ­­­ման ի՞նչ խօս­­­քե­­­­­­­րով

Բա­­­րեբա­­­նենք եւ քեզ գո­­­վենք,

Թէ աղ­­­քատ է յան­­­կարծ թուում

Բա­­­ռարա­­­նը մեր հայ­­­կա­­­­­­­զեան։

Ի՞նչ խօս­­­քե­­­­­­­րով բա­­­րեբա­­­նենք

Քե՜զ, Վար­­­դա­­­­­­­պե՛տ... »

 

Յա­­­կոբ Կո­­­թողեանի դառն կո­­­րուստով բիւ­­­րա­­­­­­­ւոր­­­ներ մատ­­­նուած են նոյն հո­­­գեբա­­­նու­­­թեան եւ չեն գի­­­տեր թէ տա­­­կաւին ինչ խօս­­­քե­­­­­­­րով փա­­­ռաբա­­­նեն բո­­­լորին հա­­­մար սի­­­րելի դար­­­ձած բժիշ­­­կը, ժո­­­ղովուրդին ար­­­ժա­­­­­­­նի զա­­­ւակը, Սա­­­մաթիա թա­­­ղի հա­­­ւատա­­­րիմ ուխտա­­­ւորը, իր հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րուն պար­­ծանքը…

Փրո­­ֆէօսոր Յա­­կոբ Կո­­թողեանի կո­­րուստը ար­­ձա­­­գանգ գտած է երկրի մա­­մու­­լին մէջ, ուր զա­­նազան թեր­­թեր եւ հե­­ռուստա­­կայան­­ներ դրուատա­­լից նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րով կը յի­­շատա­­կեն իբ­­րեւ մոր­­թա­­­բան հա­­մաշ­­խարհա­­յին համ­­բա­­­ւի տէր Կո­­թողեանը։ Այս ծի­­րէն ներս 16 Փետ­­րուար Ուրբաթ օր Ճեր­­րահփա­­շա հի­­ւան­­դա­­­նոցի Բժշկա­­գիտու­­թեան Ֆա­­քիւլդե­­դի Պուրհա­­նետ­­տին Թո­­քեր սրա­­հի մէջ ոգե­­կոչ­­ման յա­­տուկ արա­­րողու­­թիւն մը տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ։

Մեզ բո­­լորիս կը մնայ հար­­գանքի վեր­­ջին տուրքը մա­­տու­­ցել մաս­­նակցե­­լով 17 Փետ­­րուար Շա­­բաթ օր, ժա­­մը 15.00-ին Գումգա­­բուի Աթո­­ռանիստ Մայր եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ կա­­յանա­­լիք յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան եւ կի­­սել այ­­րիին, զա­­ւակ­­նե­­­րուն եւ հա­­րազատ­­նե­­­րուն սուգն ու կսկի­­ծը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ