ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksanakarapetian@gmail.com
Տեառնընդառաջ. տօնի անունն արդէն մեզ կը յուշէ աստուածաշնչեան այն դրուագի մասին, երբ քառասնօրեայ Յիսուսին ընծայեցին Տաճարին եւ նրան ընդառաջ դուրս եկաւ Սիմէոն ծերունին, ում Սուրբ Հոգու կողմէն հրամայուած էր մինչ Տիրոջ Օծեալին տեսնելը մահ չտեսնել։
«Երբ նրանց սրբագործման օրերը լրացան, Մովսէսի Օրէնքի համաձայն՝ նրան Երուսաղէմ տարան՝ Տիրոջը ներկայացնելու համար.» /Ղուկ.2։22/
Սա կատարւում էր համաձայն հրէական օրէնքի՝ արու զաւակի ծնունդէն ետքը, երբ կը լրանային 40 օրերը, մայրն ու մանչը կ՚այցելէին տաճար, զոհ կը մատուցէին, զաւակը օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն եւ կ՚ընծայուէր տաճարին։
Տեառնընդառաջը Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Փետրուարի 14-ին։ Տօնի սկիզբը կ՚աւետէ նախատօնակը, որ կը սկսէ նախօրէին՝ յաջորդելով երեկոյեան ժամերգութեանը։ Նախատօնակը կ՚աւարտուի Անդաստանի արարողութեամբ, երբ կ՚օրհնուեն աշխարհի չորս ծագերը։ Ապա եկեղեցու կանթեղներէն վերցուած կրակով կը վառուեն խարոյկները՝ որպէս Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ։
Ժողովրդի համար տօնի գլխաւոր ծէսը հէնց խարոյկի արարողութիւնն ու դրա նշանակութիւնն էր։ Անշուշտ, Տեառնընդառաջի արմատները աւելի խորն են եւ կապուած են կրակի սրբագործող ու նորոգող ուժի հետ։
Խարոյկը կը վառեն եկեղեցու, տների ու բնակելի շէնքերի եւ, անպատճառ, նոր նշանուած կամ ամուսնացած զոյգերի տան բակերում։ Խարոյկի փայտը կը բերէին նորապսակ երիտասարդները եւ քահանայի օրհնութիւնը ստանալով՝ կը վառէին եկեղեցու բակի մեծ խարոյկը։
Ապա կրակին կը մօտենային մնացած մարդիկ՝ ամէն մէկը մի ճիւղ, մի փայտ կը նետէր կրակը՝ աւելի թեժացնելով խարոյկը եւ այդպիսով դրդելով «վառել ձմեռը»։ Առհասարակ կը համարուէր որ Տըրընդեզի կրակը կը գոլացնի ձմեռը եւ այսուհետ կը սկսեն տաք օրերը։
Այնուհետեւ եկեղեցու խարոյկի կրակէն մարդիկ խանձողներ կը տանէին եւ կը վառէին իրենց տան բակերի խարոյկները եւ կը սկսէր երգն ու պարը։ Այդ երգերը փոքրիկ մաղթանքներ էին՝ «հաւերնիս ածան ըլլայ, կովերնիս կթան ըլլայ, հարսներնիս ծնան ըլլայ», «Տերնդեզ, քուրդ ինձի տաս, ես պագնեմ, դու դուրանաս», «Տերընտաս, մարդ ինձի տաս, ես խնդամ ու դուն լաս», «Տերնտաս, Տերնտաս, տերտերի աղջիկն ինձի տաս» եւ այլն։
Խարոյկի շուրջը նախ կը պտտուէին նորապսակները։ Նրանք վերստին կը հագնէին իրենց հարսանեկան զգեստները, կը պտտուէին կրակի շուրջը ու օրհնանքներ կը ստանային. սա կրկնապսակ կը կոչէին։ Կիսուրը ինքը նորահարսին կ՚ուղեկցէր մինչ խարոյկը՝ «կրակին ցոյց տալու», ապա գիրկը մի տղայ մանուկ կը տային, որպէսզի առաջնեկը արու զաւակ ծնուի։
Ապա կրակի վրայով կը ցատկէր տան ամենատարեց կինը՝ «չարը խափանելու համար»։ Այնուհետ կը ցատկէին հիւանդները՝ ապաքինուելու, ամուլ կանայք՝ մանչի արժանանալու համար։ Կրակի օրհնութիւնը կը ստանային նաեւ նոր ծննդաբերած եւ քառասունքի մէջ գտնուող հարսները՝ քառասունքը կտրելու, դրա փորձութիւններէն ազատուելու համար։ Մօր եւ նորածնի՝ կրակի վրայով ցատկելը մօրը կը խոստանար բազմածնութիւն, իսկ մանչին՝ առողջութիւն։
Ապա երիտասարդները կը ցատկէին կրակի վրայով՝ ամէն մէկը մի ցանկութիւն պահելով, մի ճիւղ նետելով խարոյկի մէջ։ Տանտիկինները դուրս կը բերէին իրենց աղանձով ու չարազով սկուտեղները, կը պտտէին կրակի շուրջը եւ կը հիւրասիրէին անուշեղէնը։
Քիչ չէին գուշակութիւնները։ Օրինակ խարոյկի ծուխը որ կողմ գնար, այդ կողմում էլ կը սպասուէր առաւել տաք ու բարեբեր եղանակ, մշակի համար՝ բերքառատ արտ, երիտասարդ աղջկայ համար՝ այդ կողմէն եկող փեսայ եւ այլն։ Եթէ կրակի վրայով ցատկելիս չամուսնացած աղջկայ փէշը վառուի, կը նշանակէ՝ ան այդ տարի պիտ ամուսնանայ։
Որեւէ չարիքէն կամ հիւանդութենէն ազատուելու համար վերջինս խորհրդանշող մի իր կը նետէին խարոյկը, կրակը կ՚այրէր կը սրբէր այդ չարիքը։ Այլ վայրերում իրենց հագուստէն մի կտոր կը վառէին, որպէսզի օձն ու կարիճը այդ տարի իրենց չխայթեն, չար ուժերն էլ զօրութիւն չունենան իրենց վրայ։
Նոյնը կը կատարուէր իղձերը ի կատար ածելու համար։ ճիւղերի վրայ զանազան գոյների կտորներ կամ լաթեր կը կապէին կամ պարզապէս իրենց փափաքը խորհրդանշող իր կ՚առանձնացնէին, մտքում ցանկութիւն կը պահէին եւ կը նետէին խարոյկի մէջ, որպէսզի Տերնտասի կրակը իրականացնի այդ իղձերը։
Կարեւոր էր նաեւ խարոյկի մոխիրը, այն սուրբ կը համարուէր։ Դրանից տուն կը բերէին, կը քսէին պատուհաններին, դռներին, տան շեմքին, կտուրին խաչ կը նկարէին, շաղ կը տային գոմերում ու արտերում, որպէսզի ձմրան չար ուժերը եւ չար ոգիները, յատկապէս՝ խոնջոլոզներն ու շուոտները, այլեւս նահանջեն եւ չկրնան մտնել տները, ամբարները, գոմերը։
Տեառընդառաջը հայոց բարբառներում կը հնչէր որպէս Տըրընդեզ, Դոռոնջ, Տերինտազ, Տառընտաս, Տանտառեզ, Դենդառաջ, Դրնդեզ, Դռնտառունչ, Տանտառեջ, Դանդառանջ, Տոռոնջ-տոռոնջ եւ այլն, ու կ՚ընկալուէր իբրեւ օդ ու բնութեանը՝ բարեխառնութիւն, արտերին՝ արգասաւորութիւն եւ ամուսիններուն՝ օրհնութիւն բերող տօն։