Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան խնդիրը, որ միջոցէ մը ի վեր անելի մատնուած էր, յանկարծակի զարգացումներով նոր փուլ մը ստացաւ։ Առաջին հերթին ընտրութիւնը կազմակերպելու համար պաշտօնի կոչուած Կարգադիր յանձնախումբը նկատի ունենալով նախապէս կատարած դիմումներուն պատասխան մը չտրուելու հանգամանքը, որոշեց դատական գործողութեան դիմել Ներքին գործոց նախարարութեան դէմ։ Սակայն այս որոշումը նոր տարակարծութիւններ յառաջացուց Կարգադիր յանձնախումբի անդամներու միջեւ եւ այդ տարակարծութիւններու հիման վրայ կազմի կարգ մը անդամները հրաժարեցան իրենց պարտականութենէն։ Տակաւին այդ հրաժարումի տեղի տուած ալեկոծումը չէր հանդարտած այս անգամ Իսթանպուլի Նահանգապետարանը գրաւոր պատասխան մը ղրկեց նախապէս իրեն ուղղուած հարցումներու իբր պատասխան։
Այստեղ կ՚ըսուէր թէ պետութիւնը նախապէս հաղորդած էր պատրիարքի հիւանդութեան մասին որդեգրուելիք աշխատաձեւ։ Ըստ որու խորհուրդ կը տրուէր Մեսրոպ պատրիարքի կենդանութեան շրջանին Պատրիարքարանի ընթացիկ գործերը կատարել ընտրուած փոխանորդի մը միջոցաւ։ Փոխանորդը պիտի ունենար Պատրիարքի բոլոր լիազօրութիւնները եւ այս պաշտօնը պիտի վարէր մինչեւ նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը։ Այս որոշումէն անմիջապէս ետք եկեղեցին ժողով գումարեց եւ որոշեց հիւանդ պատրիարքը հանգստի կոչել եւ տեղապահի մը ընտրութիւնով մեկնարկել 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացքը։
Այսպէս Կրօնական ժողովը իր գումարած նիստով տեղապահ ընտրեց Գերմանիոյ հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանը։ Ահա ճիշդ այդ պահուն ծայր առաւ խիստ մտահոգիչ երեւոյթներ։ Առաջին հերթին Արամ արք. Աթէշեան ընտրութեան կատարուած ժողովասրահէն դուրս ելլելով մտաւ իր գրասենեակը եւ իսկոյն վերադարձաւ իր ձեռքին ունենալով Իսթանպուլի կուսակալութեան կնիք ու ստորագրութիւնը կրող շրջաբերական մը, որու համաձայն Նահանգապետը չեղեալ կը համարէր կատարուած ընտրութիւնը եւ կը պահանջէր, որ գործընթացը շարունակուի Արամ Աթէշեանի փոխանորդութեամբ։ Ահա այդ պահուն սկսաւ պատրիարքական ընտրութեան առեղծուածի մը վերածուելու երեւոյթը։ Անել մը, որմէ մինչեւ օրս կարելի չէ եղած դուրս ելլել։ Մինչ այդ նորընտիր տեղապահը նախորդ ընտրութիւններու հիման վրայ կազմեց նախաձեռնարկ մարմինը, որ դարձեալ հրապարակուած օրն իսկ իր հետ բերաւ բանավէճեր։ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները ճշդուած էին թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու ձայներով, իսկ քանի մը անուններ ուղղակիօրէն ճշդուած էին տեղապահ սրբազանի նշանակութեամբ։ Այդ նշանակուած անուններու մէջ էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը, որ ընտրութենէն անմիջապէս ետք հրաժարեցաւ այս պաշտօնէն։ Այդ պահէն ետք Կարգադիր յանձնախումբը կատարեց բոլոր այն քայլերը, որոնք կատարուած էին նախորդ ընտրութիւններու շրջանին։ Բոլոր այս հանգրուաններէն ետք կարգադիր յանձնախումբը դարձեալ հնազանդելով նախորդ գործադրութիւններուն դիմեց Իսթանպուլի կուսակալութեան, պատրիարքական ընտրութիւն կատարելու համար։ Սակայն կուսակալութիւնը անպատասխան թողուց այս դիմումը եւ ձգձգեց մինչեւ օրինական սպասման ժամկէտի աւարտը։ Այդ հանգրուանին Կարգադիր յանձնախումբը որոշում կայացուց դատարան դիմել եւ դատարանի միջոցաւ պահանջել իր սպասած պատասխանը։ Ահա դատարան կատարուած այս դիմումի արձագանգներն էին, որ տակաւին չէին խաղաղած, երբ վրայ հասաւ կուսակալութեան պատասխան գրութիւնը։ Տակաւին գրութեան մուտքին կը յայտարարուէր, թէ ան պատասխան է նախապէս տարբեր թուականներուն կատարուած վեց անջատ դիմումներուն։ Կուսակալութեան կողմէ ղրկուած գրութեան մէջ կը կրկնուէր նախապէս բանաւոր կերպով եւ աւելի յաճախ ալ փոխանցուած տեղեկութիւններու բնոյթով արտասանուած կարծիքները։ Այդ կարծիքներու համաձայն
Ա) Մեսրոպ պատրիարք տակաւին կենդանի էր։
Բ) Նախապէս կատարուած դիմումի մը ընդառաջելով Կառավարութիւնը արտօնած էր Պատրիարքարանի ընթացիկ գործերը ի կատար բերելու համար փոխանորդի մը ընտրութիւնը։
Գ) Այդ հիման վրայ Պատրիարքարանէ դուրս հոգեւոր տարազ կրելու եւ գաւազան պահելու իրաւասութիւն շնորհուած էր Արամ արք. Աթէշեանին։
Դ) Արդարեւ Արամ արք. Կառավարութեան հաշւոյն կը դիտուի իբրեւ փոխանորդ, հետեւաբար կարելի չէ ուրիշ փոխանորդի մը նշանակումը։
Գաղտնիք չէ որ համայնքի մէջ այս նիւթի շուրջ միջոցէ մը ի վեր զգալի պառակտում մը կը տիրէ եւ այդ պառակտումին մէջ ընտրուած տեղապահին դէմ դիրք բռնողները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին Կուսակալութեան այս ոտնձգութիւնը, որ կը միտի կամայական կերպով միջամուխ ըլլալ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներքին կանոններուն։
Այս զարգացումէն ետք օրակարգը անգամ մը եւս բռնկած է, որու հետեւանքով Ներքին գործոց նախարարութիւնը շտապ ժողովի մը հրաւիրեց հայ համայնքի ներկայացուցիչները։ Այս ժողովին նախագահեց Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, որ նախ անդրադարձաւ այլ նիւթերու եւ ապա ներկայացուց առկայ խնդրի մասին Նախարարութեան տեսակէտը։
Նախարարի ելոյթէն վերջ առաջին խօսք առնողը եղաւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու որ ներկայ ժողովը դէպի լուծում յառաջընթաց մը ըլլալով գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց։ Ապա Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ ելոյթ ունեցաւ եւ քննադատեց Կուսակալութենէն եկած գրութիւնը իր հապճեպ շարադրութեան պատճառաւ։ Ան ապա բացատրեց Արամ արքեպիսկոպոսի փոխանորդի պաշտօնին ընտրուելու եւ ապա զինք ընտրող կազմին կողմէ պաշտօնանկ ըլլալու հանգրուանները։ Ան յայտնեց թէ բոլոր քայլերը համապատասխան եղած են եկեղեցական- աւանդական գործելակերպին։
Աւելի ետք խօսք առին Մելքոն Գարաքէօսէ, Յարութիւն Շանլը, Եսայի Տեմիր, Վազգէն Պարըն, Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Արետ Էրկան։ Անոնցմէ շատեր շեշտեցին պատրիարքական ընտրութեան ժամ առաջ կատարուելու անհրաժեշտութիւնը։ Իսկ ոմանք ալ ընդգծեցին՝ սոյն գործընթացը Աթէշեան սրբազանի հետ շարունակելու դժուարութիւնները։
Այս ելոյթներէն ետք Ներքին գործոց նախարարը կրկին խօսք առաւ եւ յայտնեց, թէ կը գիտակցի առկայ անհանգստութիւններուն։ Ան խոստացաւ, որ այս բոլորը պիտի փոխանցէ Վարչապետ Եըլտըրըմի եւ Նախագահ Էրտողանի։ Ներքին գործոց նախարարը ժողովը եզրափակեց մօտ ամիս մը ետք կրկին հանդիպելու ակնկալութեամբ։