Այս շաբաթ տօն է Վարդանանց


Պատմութեան մէջ եթէ ունինք հեթանոսական շրջանէն մեր օրերուն հասած կրօնական տօներ, Սրբոց Վարդանանց զօրավարի տօնը իր կրօնական իմաստի կողքին ունի բոլորովին ազգային դիմագիծ։ Արդարեւ հայ ժողովուրդի համար լինել-չլինելու պահն է Վարդանանք պատերազմը, որմէ յաջողապէս դուրս եկանք մինչեւ մեր օրերուն հասցնելով լինելու կամքը։ Աւարայրի դատշի վրայ կնքուած ուխտ է լինելը հայու համար եւ կը ձգտի յաւերժութեան։ Վասն զի յաւերժի ճամբորդն է, որ շալակած է այդ ուխտը եւ ինչ որ պարտադրեն ժամանակի հրամայականները ան երբեք նպատակ չունի ոչ ուխտէն, ոչ ալ ճանապարհէն շեղելու։ Ուրեմն այս հաստատումով մենք ալ գոչենք՝

Կեցցէ՛ Վարդանեանները եւ տօնդ շնորհաւոր Հայ ժողովուրդ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ