Նոր օրինագիծ ասորիներու կալուածները վերադարձնելուն համար

Յատ­կա­պէս Մար­տին եւ Մի­տեաթի մէջ պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող եկե­ղեցի­ներ, վան­քեր եւ գե­րեզ­մա­նատու­ներ քա­ղաքա­պետա­կան օրէն­քի մէջ կա­տարուած փո­փոխու­թեան պատ­ճա­ռաւ փո­խան­ցուած էին Պե­տական գան­ձին։ Անըն­դունե­լի այս կար­գադրու­թեան յայտնու­թե­նէն ետք բանակ­ցութիւններ կա­տարուեցան ասո­րի հա­մայնքի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու եւ պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րու մի­ջեւ։ Ասո­րի հա­մայնքնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը յա­մառօ­րէն կը պնդէին թէ խնդրին լու­ծումը կը կա­րօտի օրի­նական բա­րելա­ւու­մի։ Ար­դա­րեւ կա­ռավա­րու­թիւնը հա­մաձայ­նե­ցաւ այս հաս­տա­տու­մին եւ պատ­րաստեց նոր օրի­նագիծ մը, որու մի­ջոցաւ կա­րելի պի­տի ըլ­լայ իր բուն տէ­րերուն վե­րադարձնել ասո­րինե­րու նա­խապէս բռնագ­րա­ւուած աւե­լի քան 30 կա­լուած­նե­րը։

Նա­խարա­րաց խոր­հուրդը այս մա­սին պատ­րաստած օրի­նագի­ծը փո­խան­ցած է խորհրդա­րան եւ այժմ կ՚ակնկալուի, թէ շուտով կը հրապարակուի այդ մասին օրէնքի նոր բանաձեւը եւ խնդիրը կը գտնէ իր արդար լուծումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ