Թուրքիոյ բանակին աւելի քան 20 օրերէ ի վեր Սուրիոյ Հիւսիսային հատուածի քրտաբնակ Աֆրին գաւառի դէմ գործադրած զինեալ յարձակումը հետզհետէ կը ստեղծէ համաշխարհային ընդվզում մը։ Սկսելով Եւրոպայէն դէպի Միջին Արեւելքի երկիրներ, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա ծաւալող սոյն ընդվզումի ալիքը մանաւանդ ալ իրեն թիրախ կ՚ընտրէ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանը։
Վերջերս այս ընդվզումի ալիքին մաս կը կազմէ նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, «Թուիթըր»ային պատգամով մը։ Յանձնախումբը կոչ կ՚ընէ Թուրքիոյ օդային գիծերու ընկերութիւնը պոյքոթելու համար։
Այս մասին գրուած է հետեւեալը. «Օգտագործեցէ՛ք թրքական օդանաւերը, եթէ կը փափաքիք հարստացնել անոնց գլխաւոր բաժնետէրը՝ լրագրողներ ձերբակալող, այլախոհներ ոչնչացնող, Կիպրոսը գրաւող, քրիստոնեաները ճնշող, քիւրտերը սպաննող եւ հայերու, յոյներու, ասորիներու ցեղասպանութիւնը հերքող Էրտողանի վարչաձեւը»։