ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Զգուշացէ՛ք պիտի խաբեն

Ֆաշականութիւնը ունի ուղղակի եւ անուղղա­կի գոր­ծադրու­թիւններ։ Առա­ջին հեր­թին խօս­քի ազա­տու­թեան սահ­մա­նափա­կու­մը, հա­սարա­կու­թեան իր կամ­քը դրսե­ւորե­լու կա­րողու­թեան սան­ձո­ւիլը եւ այլ բռնա­տիրա­կան կի­րար­կումներ ընդհան­րա­պէս կը հա­մարո­ւին ֆա­շակա­նու­թեան երե­ւոյթներ ըլ­լա­լով։ Սա­կայն կար­ծես թէ ան­դին կայ տա­կաւին այլ կա­րեւոր յատ­կութիւններ եւս, որոնք ժո­ղովուրդին կը ներ­կա­յացո­ւին շատ աւե­լի ան­մեղ տա­րազ­նե­րով, բայց իրա­կանու­թեան մէջ բո­լորո­վին կը պատ­շա­ճին ֆա­շական կի­րար­կումնե­րու։ Այդ տե­սակի կի­րար­կումնե­րէն մէկն է ծխե­լու դէմ յա­րու­ցո­ւած ար­գելքը։ Այդ ար­գելքի ետին կայ շատ ան­մեղ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն մը՝ հա­սարա­կու­թեան առող­ջութիւ­նը։ Այդ սաս­տիկ ար­գելքնե­րը յա­րու­ցողնե­րը իրենց կա­տարա­ծը կը ներ­կա­յաց­նեն իբ­րեւ թէ ժո­ղովուրդին առող­ջութիւ­նը ապա­հովե­լու պատ­րո­ւակով։ Բայց ար­դեօք իրա­ւացի՞ է այդ պատ­րո­ւակը։ Ահա խնդրին այդ հանգրո­ւանը կրնայ բա­ւական վի­ճելի դառ­նալ մա­նաւանդ, երբ կը լսենք թէ կարգ մը ապա­հովագ­րութեան ըն­կե­րու­թիւններ կը պատ­րաստո­ւին մեր­ժե­լու ծխող­նե­րու բուժման ծախ­սե­րը։ Այդ պա­հուն այ­լեւս պի­տի դժո­ւարա­նանք հա­սարա­կու­թեան առող­ջութեան մա­սին մտա­հոգու­թեան պնդումնե­րուն հա­ւատա­լու եւ պի­տի խոր­հինք ընդ հա­կառա­կը այդ պատ­րո­ւակով շա­հեր դի­զելու հե­ռան­կա­րի մը մա­սին։

Ծխա­խոտը, որ նա­խապէս կը դի­տուէր իբ­րեւ բու­ժիչ յատ­կութիւններ ու­նե­ցող բոյս, հա­մատա­րած ըն­կա­լու­մի հա­մաձայն այ­սօր վե­րածո­ւած է մե­ծագոյն թոյ­նի, որ ծնունդ կու տայ բիւ­րա­ւոր ախ­տե­րու։

Կա­րելի է միամիտ գտնո­ւիլ եւ հա­ւատալ բո­լոր այս պնդումնե­րուն, ինչպէս որ ատե­նին եւ ին­չու չէ նաեւ այ­սօր նոյն միամ­տութեամբ հա­ւատա­ցած ենք, թէ խո­լես­թե­րոլ ըսո­ւածը մե­ծագոյն վտանգն է, որ պի­տի սպառ­նայ մեր սրտե­րուն եւ այդ վտան­գը կան­խե­լու հա­մար ալ ու­րիշ ճար չու­նինք, եթէ ոչ ամ­բողջ կեան­քի մը տե­ւողութեամբ սպա­ռել բժիշկնե­րուն առա­ջար­կած դե­ղահա­տիկ­նե­րը։

Մարդ արա­րածը ալ աւե­լի տգէտ կը դառ­նայ յատ­կա­պէս այն պա­հուն, երբ կը կար­ծէ թէ բա­ներ մը գի­տէ։ Խոս­տո­վանինք որ բո­լոր այս տե­սակի պնդումնե­րով անուս մար­դը հա­մոզել շատ աւե­լի դժո­ւար է քան այն, որ ինքզինք ու­սեալ կը հա­մարէ եւ կը յա­ւակ­նի ու­րիշնե­րէն աւե­լի գի­տակից ըլ­լա­լու։ Ահա այդ պա­հուն է, որ կը սկսի մե­ծագոյն վտան­գը։ Այդ հանգրո­ւանին եկած մար­դը այ­լեւս խա­ղալիքն է բո­լոր այն բժիշկնե­րուն, որոնք պի­տի կա­րենան վախ ու սար­սափ պատ­ճա­ռել իրենց զգու­շա­ցումնե­րով։ Յի­շենք որ ամ­բողջ սե­րունդ մը այս տե­սակի քա­րոզ­չութիւննե­րէն տա­րուե­լով չկրցաւ սնա­նիլ ու կար­ծեց թէ կեան­քի որա­կը թաք­նո­ւած է ար­հեստա­կան կե­րակ­րա­տեսակ­նե­րու եւ քի­միական սննդե­ղէնի մէջ։ Տա­րիներ շա­րու­նակ այդ ար­հեստա­կան սնունդնե­րը մատ­չե­լի դարձնե­լու հա­մար ստեղ­ծե­ցին հի­կիէնի առաս­պել մը։ Հա­մոզե­ցին որ սպա­ռողին մա­տու­ցո­ւած այդ ու­տեստե­ղէնը առող­ջա­րար, քա­նի որ ամ­բողջո­վին հնա­զան­դած են հի­կիէն կա­նոն­նե­րուն։ Ան պա­հուն նման քա­րոզ­չութե­նէ ազ­դո­ւող­նե­րը միտ­քերնէն ան­գամ չան­ցուցին որ հարց տան ըսե­լով՝ «հասկցանք, բայց ի՞նչ է ձեր այդ մա­տու­ցած հի­կիէնիք սննդամ­թերքը»։

Այ­սօր զար­մանքով պէտք է դի­տել բո­լոր այն մար­դիկ, որոնք մէկ կողմ դրած կ՚երե­ւին իրենց ան­ցեալին բծախնդրու­թիւննե­րը եւ հի­մա կը չափչփեն ամե­նապար­զունակ պա­զար­նե­րու մայ­թե­րը որդնո­տած խնձոր մը կամ դեղ­նո­տած հետզհե­տէ նե­խած բնա­կան բան­ջա­րեղէն մը գնե­լու հա­մար։

Ու­րեմն կրնանք խօ­սիլ ծխա­խոտի հա­ւանա­կան ինչ-ինչ վնաս­նե­րու մա­սին, բայց խնդրեմ չտա­րուիք այդ վախն ու սար­սափ մսխող ան­հե­թեթ քա­րոզ­չութե­նէ գիտ­նա­լով թէ այդ քա­րոզ­չութիւ­նը շատ աւե­լի վնա­սակար է, քան ցան­կա­ցած ծխա­խոտի ծուխ։

Չենք ու­զեր սխալ հասկցո­ւիլ այս տո­ղերը ոչ թէ ծխել քա­րոզե­լու հա­մար են, այլ յե­տին նպա­տակ­նե­րով կա­տարո­ւած քա­րոզ­չութե­նէն պաշտպանուելու համար։

pakrates@yahoo.com