Մէկ կողմէ երկրի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը, քաղաքական լարուածութիւնը, միւս կողմէ պատրիարքի ընտրութեան անորոշութեան մատնուիլը իրեն բացասական ազդեցութիւնը կ՚ունենան Պոլսահայ ընկերային կեանքի վրայ եւս։ Ճիշդ այս պայմաններուն է, որ Պէզճեան սանուց միութեան կարգադրութեամբ շաբաթ երեկոյ կը կայանայ երիտասարդ երգիչ Ասատուր Պալճեանի համերգը, որ կը խոստանայ գոնէ քանի մը ժամ տեւողութեամբ երաժշտութեամբ սփոփել այս դառն օրերը։ «Ակօս»ի խմբագրատուն այցելութիւնը առիթ համարելով՝ համերգի նախօրեակին զրուցեցինք Ասատուր Սարկաւագ Պալճեանի հետ։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Ասատուր Սարկաւագ Պալճեան- Ծնած եմ Էջմիածին։ Ուսանած եմ տեղի միջնակարգ դպրոցը, ապա տեղափոխուած եմ Երուսաղէմ, Ժառանգաւորաց վարժարան ուսանելու։ Եօթնամեայ ուսումէն ետք վերադարձայ հայրենիք, ուր զինուորական պարտադիր ծառայութենէն ետք յաճախեցի Երեւանի Պետական Երաժշտանոցը, Վոքալ օփերայի բաժին։ Ուսման աւարտին ետ հրաւիրուեցայ Երուսաղէմ, դասաւանդելու համար Ժառանգաւորաց վարժարանէ ներս եւ ստանձնելու Սրբոց Յակոբեանց Մայրավանքին դպրապետութեան պաշտօնը։ Աշխատանքիս զուգընթաց ուսանեցայ Թել Ավիվի երաժշտական ակադեմիայի օփերայի բաժնին մէջ։
Ուսանած շրջանիս նկատուեցայ գերմանացի փրոֆեսորի մը կողմէ որ զիս հրաւիրեց ուսումս Պերլին- Պերլեպերկի մէջ շարունակելու, մէկ տարուայ ծրագիրով։
Վերապատրաստուած եմ նաեւ Զուիցերիա, տարբեր ծրագրերով։ Վերջին երկու տարին ուսանեցայ Պերլին յայտնի փրոֆ. Լաւինիա Չերեքեսին քով։ Չորս ամիս է որ վերադարձած եմ հայրենիք։ Կը պաշտօնավարեմ, իբրեւ սարկաւագ Փարաքարի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։
Ի՞նչ առիթով եկած էք Իսթանպուլ։ Այս ձեր առաջի՞ն այցն է դէպի մեր քաղաք։
Սա իմ երկրորդ այցելութիւնս է։ Առաջին այցելութիւնս եղաւ երեք տարի առաջ, ուր Աթէշեան սրբազանի օրհնութեամբ հիւրաբար գտնուեցայ, Հայր Մաղաքիա Պէսքիսիզեանի ձեռնադրութեան։ Զինք կը ճանչնամ Երուսաղէմէն, ուր դասաւանդած եմ շարականագիտութիւն։ Եւ ապա մեր ուսանող-դասախօս յարաբերութիւնները վերածուեցան եղբայրութեան։
Երկրորդ այցելութիւնս եղբայրութեան պտուղ կը նկատեմ, երբ իր ձեռնադրութեան երրորդ տարուայ կապակցութեամբ եւ Պէզճեան սանուց միութեան հրաւէրով Բարեկենդանի առիթով մենահամերգի համար կը գտնուիմ Պոլիս։
Երգացանկի մասին քիչ մը կրնա՞ք տեղեկացնել մեզի։
Համերգը երկու բաժնէ կազմուած է։ Առաջին բաժինը կը բաղկանայ հոգեւոր շարականներէ եւ մեղեդիներէ։ Իսկ երկրորդ բաժինը կ՚ընդգրկէ հայկական ռոմանսներ։
Երգացանկի ռոմանսներու մէջ Կոմիտասի գործեր ալ կա՞ն։
Գիտեմ, որ պոլսահայերու համար հպարտութիւն է, ինչպէս ամբողջ հայերու համար, Կոմիտասը, բայց այս համերգին չեմ ներկայացներ Կոմիտասէն ոչ մէկ երգ։ Երկու պատճառաւ։ Եւրոպա գտնուած տարիներուս ինձ համար բացայայտեցի եւրոպական «անհոգ» բարձրաճաշակ արուեստը, ուր չկայ եւ չի քարոզուիր ծանր կենցաղը։ Նկատի առնելով, որ Կոմիտասի մէջ այս հայկական ծանր կենցաղը շատ զօրաւոր ընդգծուած է, զոր օրինակ, երբ կ՚ըսենք Կոմիտաս անմիջապէս կը մտաբերենք «Կռունկ» (տարագիր հայու ցաւը) կամ «Հորովել» (աշխատաւորի յոգնաշատ կենցաղը), «Լէ լէ աման » կամ «Գարուն ա» երգը, ուր ուղղակի կ՚անիծենք չար մարդու լեզուն։ Երգեր, որոնք իրենց տխրութեամբ դարձան եղեռնի խորհրդանիշեր։
Ես չեմ ուրանար, որ այս մեր պատմութեան մէկ մասն է, բայց միաժամանակ կը պնդեմ «մենք այն ենք, ինչ կը լսենք, կը դիտենք եւ թէկուզ կ՚ուտենք»։ Անոր համար կ՚ուզեմ, որ մեզ դրական երգերով շրջապատենք։
Երկրորդ պատճառն ալ այն է, որ տակաւին ունինք բազմաթիւ արժէքաւոր երգահաններ, որոնց ստեղծագործութիւնները այնքան յաճախ չէ, որ կը լսուին բեմերէն ու ես համոզուած եմ, որ հայ երգիչը իրենց հանդէպ եւս պարտականութիւններ ունի, հետեւաբար կ՚ուզեմ յայտագիր կազմած ժամանակ այդ անունները եւս յիշել եւ իմ կարողութիւններով արձագանգ ըլլալ իրենց վաստակին։
Յատկապէս ուրախ եմ, որ իմ Պոլսի համերգը նաեւ կապուած է Բարեկենդանի ուրախ տրամադրութեան։ Այսպէսով ես յաւելեալ առիթ մը ձեռքբերած կը համարեմ մեր աւանդական ապրումներուն իմ արուեստով նոր երանգ մը բերելու գործօնը։ Ինչ լաւ է, որ տօնական մթնոլորտի մէջ կը կայանայ Պոլսոյ իմ անդրանիկ համերգը։
Ձեր համերգի մասին տեղեկութիւններ կրնա՞ք տալ։
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Գումգաբու, Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ համալիրի Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ 10 Փետրուար Շաբաթ օր, ժամը 20.00-ին, ուր սիրով հրաւիրուած են բոլոր երաժշտասէրները։