Միջին Արեւելքի վերջին տարիներու մատնուած փոթորիկը բազմահազար ընտանիքներ դրաւ գաղթականութեան ծանր լուծի դիմաց։ Ստորեւ կը ներկայացնենք պատերազմի բերումով իր ծննդավայրը լքած հայ ընտանիքի մը Հայաստանեան ոդիսականը, զոր Անի Աշըքեան պատմեց «Ակօս»ի աշխատակից Պերճ Արապեանին։
ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
arabianberge@hotmail.com
Պերճ Արապեան։ Կը հաճիք քիչ մը տեղեկութիւն տալ ձեր անձին մասին։
Անի Աշըքեան։ Անունս Անի Աշըքեան է, ծնած եմ Քեսապ։ Ամուսնանալով եկած եմ Հալէպ ուր արդէն 30 տարի է կ՚ապրիմ։ Ծնողքս Քեսապ են։ Երեք զաւակ ունիմ ու 6 տարի է որ Հայաստան կ՚ապրինք։ Հալէպ լաւ էր մեր կեանքը։ Շրջապատուած էինք հայութեամբ, իսկ Քեսապ շատ լաւ տեղ էր, մինչեւ պատերազմ։ Երիտասարդութիւնը, որ դուրս ելաւ երկրէն, շատերը ետք չվերադարձան։ Առաջուայ այդ ճոխութիւնը այլեւս չկայ կ՚ըսեն։ Անշուշտ թէ այս տարի քիչ մը աւելի լաւ է։ Ուրիշ տարիներու համեմատ աւելի հայեր կ՚երթան հոն։ Աստուածածինն ալ տօնած են այս տարի։ Ժողովուրդը աւելի հանգիստ է, բայց առաջուայ բազմութիւնը չկայ։ Շատերը արդէն Գանատա, Անճար գաղթած են։ Պատերազմի շրջանին իմ ծնողքս ալ Քեսապ էին, բայց յետոյ երբ հայութիւնը դժուարացաւ, Լաթաքիա գացին։ Քոյրս ալ իրենց հետ է։ Բայց ամառները կ՚իջնան Քեսապ։ Ինչ ըսեմ, Քեսապը մեզի համար լաւ տեղ էր։ Մեծամասնութիւնը հայեր էին, նոյնիսկ տեղացի արաբները հայկական դպրոց կ՚երթային եւ հայերէն կը խօսէին։
Պ.Ա.։ Իսկ Հալէպի պատերազմի շրջանին, շատ դժուար օրեր ապրեցաք։ Դուք շուտ ելած էք Հալէպէն, ուրիշներու պէս չէք սպասած։ Ի՞նչ էր, որ ձեզ կանուխօրէն մղեց եւ հեռացաք Հալէպէն։
Ա.Ա.։ Սկիզբը շատ գէշ չէր կացութիւնը։ Մենք արդէն 6 տարի է որ ելած ենք։ Առաջին օրերուն պայթումները քիչ էին։ Շատ գէշ օրեր չտեսանք։ Այդ օրերուն ընտանեօք դիմած էինք Հայաստանեան անձնաթուղթ ստանալու ։ Ուրեմն նախ որոշեցինք Հայաստան երթալ եւ մեր հպատակութիւնը ամբողջացնել, քիչ մըն ալ հոն մնալ իբր կարճ պտոյտ եւ վերջէն վերադառնալ Հալէպ։ Պզտիկ պայուսակներով ուրեմն ելլանք Հալէպէն։ Ամուսնուս եղբայրը այդ ժամանակ Հայաստան էր։ Ամուսինս գնաց զինք տեսնելու եւ ինծի լուր ղրկեց որ ես ալ երթամ հոն։ Փոքր տղաս հետս էր։
Պ.Ա.։ Եւ յաջողեցաք գործ գտնել։
Ա.Ա.։ Հիմա ունինք արդէն մեր անձնական զբօսաշրջային գործը։ Արդէն ընդհանրապէս սուրիահայերը ճաշարանի, սափրիչութեան եւ զբօսաշրջութեան հետ կապուած գործեր կ՚ընեն։ Հալէպի իրենց արհեստը կամ նոյն գործերը չկրցան ընել։ Ամէն ոք ինչ յարմար նոր գործ որ տեսաւ, սկսաւ այդպէս հացի ճամբայ գտնել։ Ամուսինս ալ նոյն ձեւով սկսաւ զբօսաշրջիկներու հետ գործ ընել 2 մեքենայով։ Պտոյտներ կը կազմակերպէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ։
Պ.Ա.։ Դժուար է՞ր գործ բանալ։
Ա.Ա.։ Անշուշտ բնական է դժուարութիւն ունենալ, բայց Հայաստանը լաւ տեղ է, ապահով է, հանգիստ կեանք է։ Գործի բերումով, գիտցածդ դժուարութիւնները կան այո։ Շատ մարդիկ մէկ երկու գործ սկսան եւ չյաջողեցան։ Ուրիշները, հակառակը, մի քանի տարուայ մէջ հարստացան եւ յաջող գործատէրեր են հիմա։ Մենք օրինակ, մեր գործը ամառուայ գործ է, մի քանի ամիս ծանրաբեռնուած կ՚աշխատինք, իսկ ձմեռը ընդհանրապէս չենք աշխատիր։ Կարծեմ ամենէն դժուար բաներէն մէկը տունի վարձք վճարելն է հալէպահայերուն համար։ Սովորութիւն չունին։ Մեծամասնութիւնը անձնական, սեփական տուներ ունէին։ Հայաստանի մէջ ամէն ամիս վարձք վճարելը դժուար խնդիր դարձաւ։
Ճիշդ է դժուարութիւններ կան, բայց այդքան ալ անկարելի կացութիւն չէ։ Ով որ ուզեց մնալ, ձեւերը գտաւ։ Հայաստանը ապահով է մանաւանդ պզտիկներուն համար։ Երիտասարդներուն համար ալ չես մտահոգուեր իրենց ապահովութեան մասին, կ՚երթան կու գան ազատօրէն։ Նոյնիսկ ազգականներ դուրսէն կարելութիւնը ունին այցելելու։ Եթէ ուրիշ երկիր փոխադրուած ըլլայինք, ազգականներէն կտրուած պիտի մնայինք։ Օրինակ իմ երկու մեծ զաւակներէս մէկը Պէյրութէն միւսը Տուպայիէն կարող են մեզ այցելելու։
Պ.Ա.։ Իսկ ձեր փոքրը Մոսիկը, ինչեր ապրեցաւ երբ Հայաստան նոր գացիք։
Ա.Ա.։ Սկիզբը իրեն համար հաճելի էր։ Պտոյտի պէս էր, բայց վերջէն սկսաւ Հալէպը կարօտնալ, դպրոցը եւ ընկերները։ Նոյն ժամանակ դպրոցի դասաւանդութեան տարբերութիւնը, լեզուի դժուարութիւնը զգաց։ Սուրիա դպրոցը աւելի արաբերէն էր։ Հայաստան հայերէն լեզուի տարբերութիւնն ալ շատ զգաց։ Նախ սուրիացիներու յատուկ դպրոց կ՚երթար, բայց ան ալ գոցուեցաւ որովհետեւ մարդիկ տեսան որ ետ դարձ չկայ։ Պատերազմը երկարած էր։ Ուրեմն որոշեցին, թէ մանուկներուն համար տեղական դպրոցը աւելի լաւ է։ Երկրորդ տարիէն վերջ մի քանի դպրոց փոխեց։ Դժուար էր։ Բայց հիմա արդէն վարժուած է։ Տեղացի դարձած է։ Ամէն ինչ բնական դարձած է իրեն համար։
Պ.Ա.։ Իսկ ձեր տունը կամ գործատեղին բնաւ վնասուա՞ծ են։ Հայկական դպրոցը կը շարունակէ՞ գործել։
Ա.Ա.։ Մեր տունը տակաւին կանգուն է եւ չէ վնասուած։ Իսկ գալով դպրոցին արդէն կայ Կիւլպենկեան վարժարանը, որ կը շարունակէ իր աշխատութիւնը։ Ան պատերազմի ժամանակ ալ միշտ բաց էր։ Միւս դպրոցներէն, Նոր Գիւղէն, Ճեմարանէն արդէն մեծ ու պզտիկ Կիւլպենկեան կը շարունակէին, մաս մը առտու, մաս մը կէսօրէ ետք։ Գաղութը կը շարունակէ իր կեանքը, բայց ամուսինս կ՚ըսէ թէ իրեն ծանօթ չէ տեսած հոն։ Բոլորը անծանօթ են, քանի իր գիտցած բարեկամները օտար երկիրներ գացած են։ Հոն մնացողներուն համար, որ շատ գէշ օրեր ապրած են, ներկայ օրերը բաւական հանգիստ կ՚երեւին։ Ջուրը եւ ելեկտրականութիւնը կը մատակարարուի կանոնաւոր կերպով։ Իսկ մեզ նմաններուն համար տակաւին դժուար է համակերպիլ, քանի գէշ օրերը չապրեցանք Հալէպի մէջ։
Պ.Ա.։ Իսկ արաբներուն հետ ներկայիս յարաբերութիւնները ի՞նչպէս են։ Պատերազմներու ժամանակ, մնացողները գաղթողներուն տուները կը մտնեն, կը թալանեն եւ բռնի տէր կը դառնան։ Այս տեսակ բաներ ե՞ղան բնաւ Հալէպի մէջ։
Ա.Ա.։ Ո՛չ։ Գիտցածիս համեմատ ո՛չ։ Օրինակ մեր տունին բնաւ վնաս չէ հասած եւ ինչպէս ձգած էինք, ամուսինս կ՚ըսէ, այնպէս մնացած է։ Այո, կարգ մը տեղեր Նոր Գիւղի պէս, կարգ մը Հայ տուներ բանակին եւ ոչ թէ տեղացիին կողմէ յափշտակուած են քանի զինուորները այդ շրջանը պէտք ունեցած են կռիւի խնդրով։ Բայց Սուլէյմանիա, գիտես տարբեր էր։ Արդէն մեծամասնութիւնը հայ էր։ Շատ քիչ արաբ կը տեսնէիր հինէն։ Ամուսինիս համեմատ, հիմա հայութիւնը քիչցած է եւ արաբները շատ աւելի նշմարելի են։ Շատերը տուներ վարձած են կամ ալ գնած ապահով շրջան է ըսելով։ Հոն փոխադրուած են։ Արդէն անշուշտ հայերէն տուն առնող չկայ, ուրեմն արաբները գնած են։
Պ.Ա.։ Իսկ ներկայիս սուրիահայ գաղութը ինչպէ՞ս կը զգայ Հայաստանի մէջ։ Այսինքն, նոյն ժամանակ Հայաստանին ինչպէ՞ս կը նային, իբր մնայուն տեղ, թէ ոչ, իբր հանգիստ կայան օտար երկիրներու ճամբորդութեան միջոցին։
Ա.Ա.։ Մնացողները արդէն մնացած են, բայց բաւական ժողովուրդ արդէն եկան, քիչ թէ շատ կեցան եւ ուրիշ երկիրներ գացին։ Մնացողները կը մնան կարծեմ քանի գործերնին կարգի դրած են եւ կ՚ապրին իրենց նոր կեանքը։ Այո՛, կայ պզտիկ մաս մը որ դժբախտաբար շատ յաջողութիւն չ՚ունեցան գործի առումով, բայց անոնք ալ կը մնան։ Միակ խնդիրը տունի հարցն է, որ սեփական չէ։ Ուրեմն շատերը ետ Հալէպ կ՚երթան որ տուներնին ծախեն եւ այդ գումարով Հայաստան նոր տուն մը գնեն։ Մենք ալ թերեւս օր մը նոյնը կ՚ընենք։ Բայց տակաւին պէտք չկայ։ Վարձքի խնդիրը լուրջ է։ Շատերը իրենց շահածը արդէն ապրուստի եւ կերակուրի կը ծախսեն։ Կան ոմանք որ դուրսէն օգնութեան պէտք ունին։ Իսկ անոնք որ մեծ դրամով եկած էին արդէն, շուտով տունի տէր դարձան եւ խնդիր չունեցան։
Պ.Ա.։ Իսկ երբ Հայաստան նոր գացիք, բնաւ յատուկ օգնութիւն կա՞ր պետութեան կողմէ, թէ ոչ դուռ դրացի միայն օգնեց։
Ա.Ա.։ Միութիւններ կային, որ օգնութիւններ կ՚ընէին։ Օրինակ մի քանի անգամով վարձքդ կու տային։ Ուտելիքի եւ հագուստեղէնի կողմէն ալ կ՚օգնէին։ Մի քանի պզտիկ միութիւններ էին։ Օրինակ, հագուստեղէն դուրսէն կը ստանային եւ կը բաժնէին։ Երեք կամ վեց ամսու տան վարձքը կը վճարէին նոր եկողներուն համար։ Լսածիս համեմատ, սկիզբի շրջանը նոյն իսկ ինը ամսական վարձք կը վճարէին։ Վերջէն կամաց կամաց օգնութիւնը թեթեւցաւ։ Հիմա աւելի ուտելիքի եւ պզտիկ բաներով կ՚օգնեն։ Օրինակ մէկ մէկ գնումի քարտեր կու տան որ քնում ընես «Yerevan City» ի նման տեղէ մը։ Քարտով 10.000-են 15.000 դրամի չափ գումարով գնում կարող է ընել ընտանիքի ամէն մէկ անդամ։
Պ.Ա.։ Իսկ բնաւ ձախողութեան պատմութիւններ եղա՞ն։ Կան ընտանիքներ որ շատ աղքատ պայմաններու մէջ կ՚ապրին, նոր երկրի մէջ, թէ ոչ բոլորն ալ յաջող պատմութիւններ են։
Ա.Ա.։ Ամէնը յաջող չեմ կարծեր։ Ես անձամբ այդպէս դժուար ապրող ընտանիքներ չեմ ճանչնար։ Բայց տրամաբանական չէ որ ամէնը յաջող պատմութիւն ըլլայ։ Սկիզբը ամէն մարդ, որ եկաւ հանգիստ իր Հալէպի կեանքը կ՚ապրէր։ Դրամ կը ծախսէին, ճաշարանները կ՚ուտէին եւլն… Երբ որ երկարեցաւ ժամանակը, զգալի եղաւ որ ժողովուրդը սկսաւ աւելի հաշիւ ընել։ Քանի սկիզբը ամէն մարդ պտոյտի եկածի պէս կ՚երեւար կամ կը խորհէր։ Կը կարծէր ետ վերադառնալ կայ։ Մնալու նպատակով չէր նայեր Հայաստանին։ Տունը, գործը տակաւին Հալէպ էր։ Ստիպուած ելած էր հոնկէ։ Պատրաստուած չէր երկար բացակայելու եւ մանաւանդ վերջնականապէս հոն մնալու գաղափարին։ Ուրեմն դժուարութիւններ շատ եղան եւ նոյնիսկ կրնանք ըսել թէ մաս մը այդ գաղթականներէն, բախտաւոր չեղան։ Գործերնին յաջող չեղաւ, աղքատացան եւ իրենց գտած նոր գործերով բաւարար աշխատավարձք չեն ստանար, ուրեմն կը մնան օգնութեան կարօտ։
Պ.Ա.։ Իսկ իբր կին, ինչպէ՞ս է կեանքը Հայաստան։
Ա.Ա.։ Արդէն դիւրին է, հանգիստ է ապրիլը Հայաստան։ Կիներու համար մանաւանդ, նոր բաներ սորվելու, նոր բաներու վարժուելու պայմանները աւելի լաւ են։ Քանի այս տարիքէն վերջ մենք Հալէպ չէինք կրնար երթալ դպրոց, նոր բան մը սորվելու։ Հայաստանի մէջ ունինք այդ առիթը։ Եթէ կին մը նոր բաներ սորվիլ ուզէ, կամ նոր ուսում առնէ յարմարութիւններ շատ կան։ Շատ հանգիստ է եւ շատ ապահով։ Թէ ինքդ եւ թէ զաւակդ ազատ ձեւով կ՚երթաս, կու գայ։ Իբր կին խնդիր չկայ։
Պ.Ա.։ Իբր վերջին խօսք ին՞չ կ՚ուզէք աւելցնել։
Ա.Ա.։ Մասնաւոր բան մը չկայ, բայց յաջողութիւն կ՚ըսեմ բոլոր անոնց, որոնք եկան, կ՚ապրին եւ գործ ձեռնարկեցին Հայաստանի մէջ։ Յոյսով եմ որ հայերը մնան Հայաստան եւ լաւ գործեր յաջողեցնեն, որովհետեւ սա մեր հայրենիքն է։ Այսպէս հայրենիքնիս ճոխանայ եւ մարդիկ լաւ ապրին։