ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՓԵՏՈՒՐ

Խնդրեմ, այս բառը թեթեւի մի՛ առնէք

Սպի­­տակ փե­­տուր մը իջաւ փոք­­րիկ աղջկան քի­­թիկին վրայ։ Ուրկէ՞ եկաւ ան։ Ո՞ր թռչու­­նի թե­­ւէն։ Չգիտ­­ցաւ։ Բայց ու­­րա­­­խացաւ եւ խա­­ղաց անոր հետ։ Իր շնչի­­կով օդի մէջ փոր­­ձեց պա­­հել զայն։ Քրքջա­­լիր պտտո­­ւեցաւ անոր շուրջ, ապա քնքշու­­թեամբ դրաւ իր գրպա­­նին մէջ ու վա­­զեց տուն։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, չկար­­ծէք, թէ ման­­կա­­­կան հէ­­քիաթի մը մուտքն է, որ կար­­դա­­­ցիք։ Վե­­րոյի­­շեալ պատ­­կե­­­րը այ­­լա­­­բանու­­թիւնն էր «փե­­տուր» բա­­ռի առաս­­պե­­­լին- առաս­­պել մը, որ քիչ մը երե­­ւակա­­յական է, քիչ մը քնա­­րական, քիչ մը սի­­րային է եւ քիչ մըն ալ առեղծուածա­­յին։ Բառ մը, որ իրա­­կանի եւ երա­­զայի­­նի սահ­­մա­­­նագիծ է- սահ­­մա­­­նագի­­ծերու ամե­­նափա­­փու­­կը, եւ ներշնչում է բա­­նաս­­տեղծնե­­րու, եւ աղ­­բիւր է սի­­րալիր ծի­­ծաղ­­նե­­­րու, ծա­­գու­­մով կը մնայ խորհրդա­­ւոր. Ո՞ւրկէ եկաւ ան։ Ո՞ր լե­­զուի թե­­ւերէն պո­­կուե­­ցաւ։ Բնիկ հայ­­կա­­­կա՞ն էր։ Չենք գի­­տեր։ Լե­­զուա­­բան­­ներ, թէ՛ գի­­տու­­թիւնը եւ թէ՝ երե­­ւակա­­յու­­թեան թռիչքնե­­րը գոր­­ծա­­­ծեր էն բա­­ցայայ­­տե­­­լու հա­­մար։ Ապար­­դիւն։ Մա­­նու­­կի մը պէս հիացիկ, անոնք դար­­ձեր են «փե­­տուր»ին շուրջ ու կը շա­­րու­­նա­­­կեն դառ­­նան։ Իսկ մեր «փե­­տուր» բա­­ռը անայ­­լայլ հանգչե­­ցաւ հա­­յոց գա­­ւառ­­նե­­­րու եւ ոս­­տաննե­­րու վրայ... Վա­­նի վրայ՝ որ­­պէս փի­­տուր, Սալ­­մաստի վրայ՝ փի­­տուռ, Մու­­սա Լե­­րան վրայ՝ փի­­դէօր, Մա­­րաղա­­յի վրայ՝ փու­­թուր, Գո­­րիսի եւ Ար­­ցա­­­խի վրայ՝ թէ­­փուռ, Ալաշ­­կերտի, Խար­­բերդի եւ Մշոյ վրայ՝ թէ­­բուր, Աս­­լանպէ­­կի վրայ՝ թէ­­բիւր, Զէյ­­թունի վրայ՝ թօ­­բոյ, իսկ Հաճ­­նոյ վրայ՝ թու­­բուլ։ Գո­­նէ գի­­տենք, թէ բա­­ռը միջ­­նա­­­դարուն ու­­նէր «փե­­պուր» ձե­­ւը։

Ժո­­ղովուրդին հա­­մար կա­­րեւո՞ր էր, թէ ինչ ծա­­գում ու­­նի ան։ Ամե­­նեւին։ Ու, սկսանք փետ­­րա­­­զարդ բա­­ռեր հնա­­րել։ Հա­­րիւ­­րի չափ. սխա՛լ չկար­­դա­­­ցիք։ Հա­­յերէն լե­­զուն զար­­դա­­­րուած է հա­­րիւր փետ­­րա­­­լից բա­­ռերով։ Հնա­­րաւոր չէ, որ բո­­լորը յի­­շենք այս սուղ տո­­ղերէն ներս։ Սա­­կայն, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ձեզ կը վստա­­հեց­­նեմ, թէ բո­­լորն ալ գու­­նա­­­գեղ են եւ պատ­­կե­­­րալից։ Ահա քա­­նի մը ըն­­տիր օրի­­նակ­­ներ. փետ­­րա­­­բոյր, փետ­­րագրիչ, փետ­­րա­­­բարձ, փետ­­րադրամ (Այո, կան ցե­­ղեր, որոնք փե­­տու­­րը օգ­­տա­­­գոր­­ծեր են որ­­պէս դրամ), փետ­­րա­­­զուրկ, փետ­­րա­­­ժապա­­ւէն, փետ­­րա­­­կերպ, փետ­­րա­­­ւել, փետ­­րա­­­փայլ, փետ­­րա­­­փունջ, փետ­­րա­­­մօրուս, ինչպէս նաեւ աշ­­խարհի ամե­­նաթե­­թեւ գոր­­ծը՝ փետ­­րա­­­վաճա­­ռու­­թիւն։ Ան­­շուշտ ու­­նե­­­ցանք նաեւ բա­­ռեր, որոնք վեր­­ջա­­­ցան «փե­­տուր»ով. նո­­րափե­­տուր, կարմրա­­փետուր, ոս­­կե­­­փետուր, ար­­ծա­­­թափե­­տուր, սպի­­տակա­­փետուր, ձիւ­­նա­­­փետուր, լու­­սա­­­փետուր։ Եթէ կը կաս­­կա­­­ծիք, թէ վե­­րոյի­­շեալ բա­­ռերը գրա­­կան գոր­­ծա­­­ծու­­թիւն կամ ծան­­րութիւն մը ու­­նե­­­ցած են, մեր հե­­ղինակ­­նե­­­րը փա­­րատեն ձեր անո­­րոշու­­թիւնը. «Սի­­րամար­­գի նման նախ­­շած փե­­տուր ես», միջ­­նա­­­դարեան ան­­յայտ աշուղ, «Աղո­­ւափե­­տու­­րով լի բար­­ձեր», Մու­­րա­­­ցան, «Լու­­սա­­­փետուր հրեշ­­տակներ», Յա­­կոբ Պա­­րոնեան, «Ծի­­րանա­­ծաղիկ փե­­տուր անուրջի», Մի­­սաք Մե­­ծարենց, «Փետ­­րոց փափ­­կութիւն», «Ոս­­կե­­­փետուր թռչուն», «Լու­­սա­­­փայլ փե­­տուր», Եղիա Տէ­­միր­­ճի­­­պաշեան, «Ձիւ­­նա­­­փետուր կա­­րապ­­ներ», Աւե­­տիք Իսա­­հակեան, «Փե­­տուր կռունկի», Զահ­­րատ, «Սիրտս... ու­­րիշնե­­րին փե­­տու­­րի նման պա­­հում է վե­­րեւ», Պա­­րոյր Սե­­ւակ, «Հովն ամ­­պի թե­­ւից մի փե­­տուր պո­­կել», Հա­­մօ Սա­­հեան, «Ման­­գա­­­ղէ քնքոյշ յոյ­­սերս նո­­րափե­­տուր», Լե­­ւոն Լա­­րենց, «Աշու­­նը եկել հաւ­­քի փե­­տու­­րի պէս», Ար­­մէն Մխէեան։

Ու­­նե­­­ցանք նաեւ թե­­ւաւոր ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Յար­­դա­­­րել զփե­­տուրս», «Փետ­­րա­­­նուշ քու­­նե, «Փետ­­րա­­­զարդ սա­­ղաւարտ», «Աւել ի փետ­­րոց»։ Բա­­ռակա­­պակ­­ցութիւննե­­րու յար­­մար եկաւ «նո­­րափե­­տուր» ածա­­կանը, ուստի ու­­նե­­­ցաք «նո­­րափե­­տուր գա­­րուններ», «նո­­րափե­­տուր գիտ­­նա­­­կան­­ներ», «նո­­րափե­­տուր հայ­­րե­­­նիք» եւ մայ­­րա­­­քաղաք մըն ալ՝ «Նո­­րափե­­տուր Երե­­ւանս», Յով­­հաննէս Շի­­րազ։

Բայց «փե­­տուր»ը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, որ թե­­թեւա­­սիրտ էր բնա­­ւորու­­թեամբ, օր մը դար­­ձաւ ծան­­րա­­­խոհ։ Հա­­յոց դա­­ժան օրերն էին։ Ան ըմբռնեց ժա­­մանա­­կի լրջու­­թիւնը ու փոր­­ձեց երկրի վիշ­­տե­­­րէն բա­­ժին մը վերցնել իր դող­­դոջ վան­­կե­­­րուն վրայ։ Աշուղ Շի­­րինի «Բու­­րաստան» եր­­գին կը պար­­տինք այս դրո­­ւագը.

«Ախ, իմ փոք­­րիկ բու­­րաստան, ափ­­սոս ան­­ջուր մնա­­ցիր»

«Միան­­գա­­­մայն քուրձ զգա­­ցեալ, սե­­ւափե­­տուր մնա­­ցիր»։

Նկա­­տեցի՞ք, թէ այդ «Սե­­ւափե­­տուր բու­­րաստան»ը Հա­­յաս­­տանն էր։ Ո՛չ ալ երա­­խայա­­միտ էր բա­­ռը։ Հին աշ­­խարհի մէջ դար­­ձաւ իմաս­­տուն խօսք. «Լաւ է առն մո­­րու­­սի բիր գլխոյն, քան բարձս փետ­­րա­­­լիցս, զի իմաս­­տութեամբ ո՛չ խրա­­տի»։ 13-րդ դա­­րուն հնչեց որ­­պէս թարգման­­չաց տօ­­նի օրհնու­­թեան շա­­րական. «Որք նո­­րափե­­տուր բա­­նիւ զար­­դա­­­րեալ»։ «Փե­­տուր» մըն ալ իջաւ Ծե­­րեն­­ցի «Եր­­կունք Թ. դա­­րու» պատ­­մա­­­վէպի էջե­­րուն վրայ։ Մու­­շը գրա­­ւած եւ հոն բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տած արաբ ոս­­տի­­­կան Եու­­սուփ զօ­­րապե­­տը, ըստ հե­­ղինա­­կի փետ­­րագրի­­չին, «... Բա­­գարա­­տայ պա­­լատին մէջ... փետ­­րա­­­յար­­դար ան­­կողնուց եւ բար­­ձից տա­­քուկ հանգստու­­թիւն կը վա­­յելէր»։ Իսկ մեր օրե­­րուն՝ բա­­ռը դար­­ձաւ հզօր հե­­ղինա­­կի, Յով­­հաննէս Շի­­րազի յու­­շագրու­­թիւննե­­րու խո­­րագիր, «Մի փե­­տուր իմ ար­­ծիւ կեան­­քից»։

Փոք­­րիկ աղ­­ջի՞կը։ Ան վե­­րադար­­ձաւ տուն, մտաւ իր սե­­նեակը։ Գրա­­դարա­­նէն առաւ հա­­նելուկնե­­րու գիրք մը։ Բա­­ցաւ իր ամե­­նասի­­րած էջը ու փե­­տու­­րը քնքշու­­թեամբ տե­­ղադ­­րեց անոր մէջ։ Էջին վրայ գրո­­ւած էր.

«Նախ­­շուն, նրբա­­հիւս ի՞նչ տա­­րազ գի­­տէք»

«Մկրատ չէ տե­­սած իր կեան­­քին եր­­բեք»։

(Պա­­տաս­­խան՝ փե­­տուր)