Պոլսահայ մամուլը քննութեան առջեւ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Դ
ի­տե­­լով Թուրքիոյ հայ հա­­­սարա­­­կութեան այժմու ընդհա­­­նուր պատ­­­կե­­­­­­­րը, կրնաք կար­­­ծել թէ ապա­­­գային այս հա­­­մայնքի մա­­­սին ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւն ընել փոր­­­ձող ըն­­­կե­­­­­­­րային գի­­­տու­­­թիւննե­­­րու մաս­­­նա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րը ծանր զար­­­մանքի պիտի մատ­­­նո­­­­­­­ւին, երբ օրո­­­ւան ան­­­ցուդար­­­ձե­­­­­­­րը տես­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար փոր­­­ձեն թղթա­­­տել մեր գրա­­­ւոր մա­­­մու­­­լի այ­­­սօ­­­­­­­րուայ վե­­­րաբե­­­րող էջե­­­րը։ Պի­­­տի զար­­­մա­­­­­­­նան տես­­­նե­­­­­­­լով, թէ իրենց հար­­­ցումնե­­­րուն ո՛չ մէկ պա­­­տաս­­­խան կայ այդ էջե­­­րուն վրայ։ Պի­­­տի դժո­­­ւարա­­­նան հա­­­ւատա­­­լու, թէ իրենց առ­­­ջեւ գտնո­­­ւողը իս­­­կա­­­­­­­պէս լրա­­­գիր մըն է, քա­­­նի որ հոն պի­­­տի չտես­­­նեն լու­­­րի հան­­­գա­­­­­­­մանք ու­նե­­­­­­­ցող տո­­­ղեր։ «Բայց ինչպէ՞ս կ՚ըլ­­­լայ, որ այդ փո­­­թոր­­­կա­­­­­­­լից օրե­­­րը բա­­­ցատ­­­րող տող մը իսկ չի գտնուիր» ըսե­­­լով պի­­­տի յայտնեն իրենց զար­­­մանքը։ Հա­­­մայնքի վե­­­րաբե­­­րող այսքան այժմէական նիւթ եթէ այս քա­­­ղաքին թեր­­­թե­­­­­­­րուն մէջ պի­­­տի չե­­­րեւան, հա­­­պա ո՞ւր պէտք է փնտռել զանոնք։

Այո՛, զար­­­մա­­­­­­­նալի է երե­­­ւոյ­­­թը եւ նոյնքան ալ անըն­­­դունե­­­լի։ Անըն­­­դունե­­­լի՝ քա­­­նի որ կաս­­­կա­­­­­­­ծի տակ կը դնէ օրա­­­թեր­­­թին աւե­­­լի տա­­­րածուն անո­­­ւանու­­­մը՝ լրա­­­գիրը։ Այս երե­­­ւոյ­­­թը ան­­­ցեալին կը պատ­­­կա­­­­­­­նէր խորհրդա­­­յին մա­­­մու­­­լին, քա­­­նի որ այդ անո­­­ւանու­­­մով կո­­­չուած եր­­­կու կա­­­րեւոր թեր­­­թեր «Փրաւ­­­տա» եւ «Իզ­­­վեստիա» իրենց հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւնով ծի­­­ծաղի նիւթ կը դարձնէին նոյն ինքն այդ թեր­­­թե­­­­­­­րու անուննե­­­րը։ Չէ որ անոնցմէ մէ­­­կը բա­­­ռացիօրէն կը նշա­­­նակէր «լուր», իսկ լուր չէր տար եւ միւ­­­սը բա­­­ռացիօրէն կը նշա­­­նակէր «իրականութիւն», որուն գրած­­­նե­­­­­­­րը եր­­­բեք չէին հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­ներ իրականու­­­թեան։ Ահա այս օրե­­­րուս պոլ­­­սա­­­­­­­հայ մա­­­մուլն ալ կը պար­­­զէ եր­­­բեմնի խորհրդա­­­յին մա­­­մու­­­լի այդ տխուր երե­­­ւոյ­­­թը։ Մեծ վե­­­րիվայ­­­րումներ կ՚ապ­­­րո­­­­­­­ւին ներ­­­հա­­­­­­­մայնքա­­­յին կեան­­­քի մէջ, բամ­­­բա­­­­­­­սանքնե­­­րը եւ ասէ-­­­կօսէ­­­ները մին­­­չեւ եր­­­կինք կը բարձրա­­­նան, բայց այդ բո­­­լորին մա­­­սին տող մը իսկ չի գրո­­­ւիր մեր, իբ­­­րեւ թէ լրա­­­գիր կո­­­չուած «ազ­­­գօ­­­­­­­գուտ» մա­­­մու­­­լի էջե­­­րուն վրայ։

Նա­­­խորդ շա­­­բաթ կեդ­­­րո­­­­­­­նական­­­ցի­­­­­­­ներ հա­­­մացան­­­ցի մի­­­ջոցաւ կոչ մը յայ­­­տա­­­­­­­րարե­­­ցին ազ­­­գա­­­­­­­յին վար­­­ժա­­­­­­­րանի նախ­­­կին սա­­­ները զօ­­­րակ­­­ցութեան հրա­­­ւիրե­­­լու նպա­­­տակաւ։ Կո­­­չին մէջ կը պար­­­զէին դպրո­­­ցին մատ­­­նո­­­­­­­ւած տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամը եւ կը խնդրէին աւե­­­լի ու­­­շադրու­­­թիւն իրենց իսկ հա­­­սակ առած հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան հան­­­դէպ։

Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ շատ բնա­­­կան երե­­­ւոյթ մըն է այս։ Իս­­­կա­­­­­­­պէս ալ ազ­­­գա­­­­­­­յին կեան­­­քի մէջ կա­­­րեւոր աւանդ ու­­­նե­­­­­­­ցող Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի նման հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւնը ամե­­­նայն հանգստու­­­թեամբ կրնայ դի­­­մել իր սա­­­ներուն այս կամ այն բար­­­դութիւ­­­նը միաս­­­նա­­­­­­­բար յաղ­­­թա­­­­­­­հարե­­­լու հա­­­մար։

Երբ առա­­­ջին ան­­­գամ լսե­­­ցինք այդ կո­­­չի մա­­­սին, առա­­­ջար­­­կե­­­­­­­ցինք մա­­­մու­­­լի մի­­­ջոցաւ ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գել, որ­­­պէսզի աւե­­­լի լսե­­­լի դառ­­­նայ իրենց այդ կո­­­չը։ Սա­­­կայն Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի մեր սի­­­րելի բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րը խրտչե­­­ցան լոկ իրենց ան­­­դամնե­­­րու ուղղուած այդ կո­­­չին հրա­­­պարա­­­կաւ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թե­­­­­­­նէն։ Մտա­­­վախու­­­թիւն ու­­­նէին եւ չէին ու­­­զեր, որ դպրո­­­ցի մատ­­­նո­­­­­­­ւած այդ ճգնա­­­ժամը տե­­­սանե­­­լի ըլ­­­լայ ու­­­րիշնե­­­րու կող­­­մէ ալ։ Առա­­­ջին հեր­­­թին բա­­­ւական տա­­­րօրի­­­նակ թո­­­ւացած էր այս մտա­­­հոգու­­­թիւնը։ Բայց քա­­­նի նիւ­­­թը պրպտե­­­ցինք տե­­­սանք, որ բո­­­լորո­­­վին ան­­­հիմն չէ կեդ­­­րո­­­­­­­նական­­­ցի­­­­­­­ներու այդ վե­­­րապա­­­հու­­­թիւնը։ Իս­­­կա­­­­­­­պէս ալ այս կա­­­րեւոր հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան շուրջ մեծ դա­­­ւադ­­­րութիւն մըն էր, որ կը գոր­­­ծադրո­­­ւէր։ Խնա­­­մակա­­­լու­­­թեան ան­­­դամնե­­­րէն մէ­­­կը կ՚ու­­­զէր զա­­­նազան եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով չէ­­­զոքաց­­­նել իր պաշ­­­տօ­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րը, ճիշդ ալ օգ­­­տո­­­­­­­ւելով այս դրա­­­մական ճգնա­­­ժամի պայ­­­մաննե­­­րէն։ Հա­­­մոզած էր խումբ մը բա­­­րերար­­­ներ, որոնք այս հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան օգ­­­նութիւն ցու­­­ցա­­­­­­­բերե­­­լու հա­­­մար պայ­­­ման կը դնէին իշ­­­խա­­­­­­­նափո­­­խու­­­թիւնը։ Եւ այդ պայ­­­մա­­­­­­­նով մա­­­նաւանդ կ՚ու­­­զէին չէ­­­զոքաց­­­նել խնա­­­մակա­­­լու­­­թեան ատե­­­նապետ մը, որ յա­­­ջողած էր, այս բո­­­լորո­­­վին կեղ­­­տո­­­­­­­տած մի­­­ջավայ­­­րին մէջ թէ իր անու­­­նը եւ թէ իր գլխա­­­ւորած կազ­­­մին անու­­­նը բարձր պա­­­հել։ Սա իս­­­կա­­­­­­­պէս ալ վեր­­­ջին ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու առու­­­մով բա­­­ւական գնա­­­հատե­­­լի յա­­­ջողու­­­թիւն է, քա­­­նի որ հետզհե­­­տէ աւե­­­լի նո­­­ւազ կը հան­­­դի­­­­­­­պինք նման պա­­­տուա­­­ւոր երե­­­ւոյթնե­­­րու։ Ու­­­րեմն ի՞նչ էր պատ­­­ճա­­­­­­­ռը, որ այս հա­­­մայնքի իբ­­­րեւ թէ բա­­­րերար ան­­­ձինք որո­­­շած էին այդ ազ­­­նիւ ատե­­­նապե­­­տը խա­­­չել ի սէր ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրա­­­կան նա­­­խապա­­­տուու­­­թեան։

Նե­­­խած հա­­­մակար­­­գի մը մա­­­սին է խօս­­­քը, ուր ամէն ինչ արա­­­գօրէն կը փճա­­­նայ իր հետ մա­­­շեց­­­նե­­­­­­­լով նաեւ այս հա­­­մայնքի փառքն ու պա­­­տիւը։

Եթէ բաց պի­­­տի խօ­­­սինք բե­­­մադ­­­րուած գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւնը կը մի­­­տի պոլ­­­սա­­­­­­­հայ կրթա­­­կան կեան­­­քի յա­­­ջողա­­­գոյն հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւնը կուլ տա­­­լու։ Այ­­­լեւս գաղտնիք չէ, որ այ­­­սօր խնա­­­մակա­­­լութեան ատե­­­նապե­­­տին սպառ­­­նա­­­­­­­ցող խմբա­­­կին յա­­­ջորդ յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մը պի­­­տի ուղղո­­­ւի տնօ­­­րէնու­­­թեան։ Եւ այդ նպա­­­տակին գե­­­տին պատ­­­րաստե­­­լու հա­­­մար հա­­­լածան­­­քի որոշ հա­­­տուած մըն ալ ար­­­դէն ուղղո­­­ւած է տնօ­­­րէնու­­­հիին եւ առ­­­հա­­­­­­­սարակ ու­­­սուցչա­­­կան կազ­­­մին։ Հա­­­լածան­­­քին մաս կազ­­­մած են խումբ մը հո­­­գեւո­­­րական­­­ներ, որոնք աջ ու ձախ քա­­­րոզ­­­չութիւն կ՚ընեն զրպար­­­տե­­­­­­­լով, թէ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի մէջ աշա­­­կերտնե­­­րուն անաս­­­տո­­­­­­­ւածու­­­թիւն կը դա­­­սաւան­­­դո­­­­­­­ւի։

Երա­­­նի ու­­­նե­­­­­­­նայինք գի­­­տակ­­­ցութեան այդ մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կը եւ կա­­­րողա­­­նայինք կրթա­­­կան ծրագ­­­րին մէջ ծա­­­նօթաց­­­նել նաեւ անաս­­­տո­­­­­­­ւածու­­­թիւնը իբ­­­րեւ փի­­­լիսո­­­փայա­­­կան գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թիւն, որ իր կար­­­գին բա­­­ւական հա­­­ւաս­­­տի տո­ւեալ­­­ներ ու­­­նի։ Բայց ափ­­­սոս, որ մեր կրթա­­­կան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը տա­­­կաւին շատ հե­­­ռու են նման գի­­­տակ­­­ցութիւն մը դա­­­սաւան­­­դութեան նիւթ դարձնե­­­լու կա­­­րողու­­­թե­­­­­­­նէն։ Ու­­­րեմն, եթէ այդ կա­­­րողու­­­թիւնը չկայ, ո՞ւր հաշ­­­ւոյն հե­­­տեւե­­­լով է, որ կարգ մը հո­­­գեւո­­­րական­­­ներ կը յանդգնին նման պնդում մը առաջ բե­­­րելու։ Բայց ինչ որ ըսինք գրու­­­թեան սկզբին այս հար­­­ցումնե­­­րը եր­­­բեք տեղ չեն գտներ մեր թեր­­­թե­­­­­­­րու սիւ­­­նակնե­­­րուն վրայ եւ կը կար­­­ծո­­­­­­­ւի, թէ չա­­­րիք մը ան­­­տե­­­­­­­սելով կրնանք յաղ­­­թա­­­­­­­հարել այդ չա­­­րիքի հա­­­ւանա­­­կան հե­­­տեւանքնե­­­րը։ Բայց ար­­­դէն միտ­­­քը այդ չէ։ Մեր թեր­­­թե­­­­­­­րը իրենց լրա­­­տուու­­­թիւնը կը հիւ­­­սեն ու­­­րիշ հա­­­շիւ­­­ներ նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով։ Իրենց հա­­­մար կա­­­րեւո­­­րը այն է, թէ տո­­­ւեալ նիւ­­­թի մա­­­սին ո՞վ, ի՞նչ դիրք բռնած է։ Հա­­­զիւ ան­­­կէ ետք է, որ պի­­­տի հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կին որե­­­ւէ նիւ­­­թի շուրջ լրա­­­տուու­­­թիւն ընել կամ կար­­­ծիք յայտնել։ Չէ՛ որ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի դէմ դա­­­ւադ­­­րութիւն կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պողնե­­­րուն մէջ կան զա­­­նազան բա­­­րերար­­­ներ, եկե­­­ղեցա­­­կան­­­ներ, վեր­­­ջին հա­­­շուով այս հա­­­մայնքին ուղղու­­­թիւն տա­­­լու յա­­­ւակ­­­նութիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող ան­­­ձեր։

Եւ ան­­­շուշտ նման դա­­­ւադ­­­րութեան գոր­­­ծընթա­­­ցը սահ­­­մա­­­­­­­նուած չէ միայն Կեդ­­­րո­­­­­­­նական վար­­­ժա­­­­­­­րանով։ Նոյն շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը լծո­­­ւած են պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թիւնն ալ ան­­­լուծե­­­լի խնդրի մը վե­­­րածե­­­լու ար­­­շա­­­­­­­ւին եւ այս մա­­­սին եւս կը տի­­­րէ բա­­­ցար­­­ձակ լռու­­­թիւն։ Հա­­­մայնքի որոշ մէկ հա­­­տուա­­­ծը մեծ ջանք կը վատ­­­նէ ընտրո­­­ւած տե­­­ղապա­­­հը ան­­­գործու­­­նակ դարձնե­­­լու հա­­­մար։ Առա­­­ջին վայրկեանէն սկսեալ խնդի­­­րը պե­­­տական ճնշումնե­­­րով կա­­­սեց­­­նել մի­­­տող այդ խմբա­­­կը հանգրուան առ հանգրո­­­ւան կը մագլցի դէ­­­պի իր նպա­­­տակը եւ նոյ­­­նիսկ կը հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կի ըսե­­­լու, թէ կը յա­­­ջողի իր այդ չար նպա­­­տակին մէջ։ Եթէ պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս չէ լու­­­ծարկո­­­ւած, բայց գործնա­­­կանա­­­պէս լու­­­ծո­­­­­­­ւած է կար­­­գա­­­­­­­դիր յանձնա­­­խումբը։ Չար­­­ժէ՞ր, որ խօ­­­սինք այս մա­­­սին, թէ ինչպէս հա­­­սած ենք նման հանգրո­­­ւանի մը։ Եթէ այս բո­­­լորին մա­­­սին հայ թեր­­­թը լու­­­սա­­­­­­­բանու­­­թիւն մը պի­­­տի չի տայ իր ըն­­­թերցող հա­­­սարա­­­կու­­­թեան, հա­­­պա ժո­­­ղովուրդը ո՞ր մի­­­ջոցաւ վե­­­րահա­­­սու պի­­­տի ըլ­­­լայ ան­­­ցած դար­­­ձա­­­­­­­ծին։

Թե­­­րեւս այս ալ առա­­­քելու­­­թիւն մըն է։ Լրա­­­գիր ըլ­­­լալ եւ լուր չտալ կամ ալ լու­­­րե­­­­­­­րը տալ այնպէս՝ ինչպէս որ ցան­­­կա­­­­­­­լի է։ Ամէն պա­­­րագա­­­յի բա­­­ւական դժո­­­ւար է ապա­­­գայ պատ­­­մա­­­­­­­բանի գոր­­­ծը, երբ կը փոր­­­ձէ հասկնալ, թէ ին­­­չեր պա­­­տահած են Պոլ­­­սոյ մէջ մին­­­չեւ պատ­­­րիար­­­քի մը ընտրու­­­թիւնը։

Թե­­­րեւս այս բո­­­լորը որոշ կապ ու­­­նե­­­­­­­նան նաեւ երկրի ընդհա­­­նուր քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան հետ, քա­­­նի վեր­­­ջերս յոյն պաշ­­­տօ­­­­­­­նակից մը կը բնու­­­թագրէր ներ­­­կայ ժա­­­մանա­­­կը հե­­­տեւեալ կեր­­­պով. «Ան­­­ցեալին երբ կը պատ­­­րաստո­­­ւէի որե­­­ւէ նիւ­­­թի մա­­­սին ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­նալու միտքս կը տան­­­ջո­­­­­­­ւէր խոր­­­հե­­­­­­­լով, թէ ին­­­չը, ինչպէս պէտք է ըսեմ։ Իսկ այժմ կը տան­­­ջո­­­­­­­ւիմ նման մղձա­­­ւան­­­ջով, բայց այս ան­­­գամ խոր­­­հե­­­­­­­լով, թէ ին­­­չը, ինչպէս չը­­­սեմ»։

Փո­­­թոր­­­կոտ օրեր է որ կ՚ապ­­­րինք եւ այս օրե­­­րուն հայ մա­­­մու­­­լի գոր­­­ծա­­­­­­­ծած խո­­­րագիր­­­ներն ալ շատ աւե­­­լի կա­­­րեւոր նշա­­­նակու­­­թիւն պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նան յատ­­­կա­­­­­­­պէս ապա­­­գային։ Ոմանք պի­­­տի ար­­­դա­­­­­­­րաց­­­նեն իրենց պա­­­տիւը, իսկ ոմանց ամօ­­­թը պի­­­տի դառ­­­նայ յա­­­ւիտե­­­նական։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ