Թոքաթլըեան անմխիթար դիրքի մէջ

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

 

Պէյօղլու թաղի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կարեւորագոյն կալուածն է պատմական Թոքաթլըեան Խանը։ Այդ խանը իր հասութաբեր դիրքով միշտ ուշադրութեան արժանի եղած է եւ նաեւ կարելի է ըսել, թէ կռուախնձոր շատերու համար, քանի որ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններու ժամանակ ամենամեծ մրցակցութեան դաշտը եղած է Թոքալթլըեանի թաղականութիւնը։ Շատեր սիրած են այդ հաստատութեան միջոցաւ ծառայել համայնքին, քանի որ այդ ծառայութիւն բաղդատմամբ եկամտաբեր կալուածներ չունեցող այլ հաստատութիւններու միշտ գրաւիչ եղած է։ Ամբողջ քաղաքի պատմութեան ընթացքին յամառ մրցակցութեան դաշտ եղած է Պէյօղլուի եկեղեցւոյ թաղականութիւնը։ Սակայն այսօր, երբ պետութեան կողմէ խոստացուած նոր կանոնագիրը չէ պատրաստուած եւ այդ պատրուակով ալ չի կատարուիր համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները, այս կալուածն ալ մատնուած է ցաւալի անտէրութեան։ Շէնքը կը կարօտի լուրջ նորոգութեան։ Սակայն կը բացակային նման նորոգութեան մը որոշում գոյացնելու կամքը։ Անցեալին քանի մը անգամներ փորձեր կատարուեցան շէնքը ամբողջովին վարձելու եւ նոր վարձակալէն ալ նորոգութիւնը, իբրեւ պայման պահանջելու ուղղութեամբ։ Սակայն այդ իմաստով կատարուած բոլոր առաջարկները անորոշութեան մատնուեցան եւ ներկայ դրութեան մէջ Թոքաթլըեանի շէնքը կը պարզէ լքուած տարածքի մը անտէրութիւնը։

Թոքաթլըեան 1884-ին , որպէս թատրոնի շէնք։ Շէնքը 1897-ին 60 տարուայ պայմանաժամով փոխանցուեցաւ Մկրտիչ Թոքաթլըեանին, որ ան ալ իր կարգին շէնքը շահագործեց, իբրեւ հիւրանոց։ Քաղաքի ամենաշքեղ հիւրանոցն էր Թոքաթլըեանը մրցելով «Փերա Փարաս»ի հետ։ 1919-ին, երբ լրացաւ Մկրտիչ Թոքաթլեանի վարձման ժամկէտը թաղականութիւնը այս անգամ շէնքը վարձեց Մետովիչի։ Այս անգամ հիւրանոցի անունը փոխուած էր, որպէս «Քոնաք»։ 1950-էն ետք թաղականութիւնը շէնքը վերածեց խանի եւ մինչեւ այսօր կ՚օգտագործուի նոյն նպատակով։ Այսօր Թոքաթլըեան իսկապէս անմխիթար դիրքի մէջ է եւ կը կարօտի հիմնական նորոգութեան։ Օրըստօրէ նուազած են վարձակալները հետեւաբար կալուածը այսօր այլեւս շահութաբեր ալ չէ ինչ, որ էր անցեալին։

Զանազան ազգայիններ կը նշեն անցեալին կատարուած խիստ նպաստաւոր առաջարկները, որոնք դժբախտաբար զանազան պատճառներով չեն արժեւորուած։

Միւս կողմէ թաղական խորհուրդի անդամներէն իրաւաբան Սիմոն Չեքեմ կ՚ըսէ, թէ կ՚աշխատին կարգ մը ծրագիրերու վրայ, որոնց յաջողութեան պարագային պիտի սկսին շէնքի վերանորոգութեան աշխատանքներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ