ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երեք անգամ երեք ինը, մաքսիմում տասը

Արդէն լրացած է այս սիւ­նա­կի վրայ գրե­լու տա­սը տա­րինե­րը։ Հպան­ցիկ ակ­նարկով մը, երբ վերստին կը նա­յինք այդ անցնող տա­րինե­րուն բազ­մա­թիւ միտ­քեր կը խու­ժեն, որոնց մա­սին կ՚ար­ժէ խօ­սիլ։ Մե­զի հա­մար նոր սկիզբ մըն էր մա­նաւանդ այդ առու­մով, որ վեր­ջա­պէս ամ­բողջու­թեամբ մատ­նուած պի­տի ըլ­լա­յինք մե­զի հա­մար միշտ հա­րազատ թուացող աշ­խա­տան­քի մը։ Ով գի­տէ աշ­խարհի երե­սին որ­քան շատ են բո­լոր այն մար­դիկ, որոնք մի­ջոց­ներ կը փնտռեն իրենց միտ­քը, խոր­հուրդը ար­տա­յայ­տե­լու, ու­րիշնե­րուն հա­սանե­լու դառ­նա­լու հա­մար։ Ահա­ւասիկ այդ էր, որ գո­յացած էր մեր առ­ջեւ սի­րելի Սար­գիս Սե­րով­բեանի հրա­ւէրով։ Սե­րով­բեան կորսնցնե­լով Յա­կոբ Այ­վա­զի կամ Կո­պելեանի նման գրիչ­ներ կա­րիքը զգա­ցած էր նոր ձայ­նով մը թար­մացնել իր խմբագ­րած էջե­րը։ Որ­քան մեծ պա­տիւ, որ այդ նոր ու­ժը տե­սած էր մեր մօտ։ եւ այդպէս «Ակօս»ի էջե­րուն վրայ աւե­լի քան տա­սը տա­րիներ անար­ժա­նաբար կը մրո­տենք «Մենք ու մե­րոնք»ի սիւ­նա­կը։ Սիւ­նակ՝ որ տա­րինե­րու ըն­թացքին ու­նե­ցաւ իր հա­ւատա­րիմ ըն­թերցող­նե­րը։ Պա­տահա­կան չէ այս հա­ւատա­րիմ բա­ռը, քա­նի որ գի­տեմ, թէ անոնց մէջ կան բա­ռին բուն իմաս­տով յա­մառ ըն­թերցա­սէր­ներ, որոնք ամէն շա­բաթ չեն վհա­տիր այս սիւ­նա­կը բա­ռարա­նի օգ­նութեամբ ըն­թերցե­լու։ Սա ինքնին պա­տաս­խա­նատուու­թեան մեծ բա­ժին մը կը բեռցնէ մեր ու­սե­րուն եւ ալ աւե­լի կո­րովով կը շա­րու­նա­կենք որ­դեգրուած աշ­խա­տու­թիւնը։

Սա­կայն եկած հա­սած ենք այնպի­սի պա­հու մը, ուր կանգ առած է թեր­թի մէջ գրե­լու ու­րախ տրա­մադ­րութիւ­նը իր տե­ղը թո­ղելով զա­նազան մտա­հոգու­թիւննե­րու։ Ամ­բողջո­վին յայտնի դար­ձած է, որ այս սիւ­նա­կի վրայ գրուած­նե­րը, որ­քան ալ հա­ւաս­տի ըլ­լան, որ­քան ալ իրա­ւացի գտնուին ո՛չ թէ ոգե­ւորու­թիւն, այլ մտա­վախու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն ըն­թերցո­ղին։ Եկած ենք այնպի­սի անի­ծեալ պա­հու մը, ուր ըն­թերցո­ղը բաժ­նե­լով հան­դերձ ար­ծարծուած միտ­քե­րը կը մտա­հոգուի այդ միտ­քե­րը փո­խան­ցո­ղի անվտան­գութեան հա­մար։

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ան­մի­ջապէս ետք ար­դէն գի­տակ­ցած ենք, որ մեր սե­փական մաշ­կը շատ ալ մեծ նշա­նակու­թիւն չու­նի հա­ւանա­կան այս կամ այն վտան­գի դի­մաց։ Վեր­ջա­պէս շունչ մըն է, որ պի­տի աւան­դենք ուշ կամ կա­նուխ։ Ու­րեմն մէկ կողմ թո­ղենք սե­փական մաշ­կի մա­սին մտա­հոգու­թիւնը, բայց կ՚ար­ժէ հարցնել ար­դեօք իրա­ւունք ու­նինք վախ ու սար­սափ եւ նաեւ մտա­հոգու­թիւն պատ­ճա­ռելու, բո­լոր այն մարդկանց, որոնք այ­լեւս նոր սար­սափնե­րու հան­ժուրժո­ղու­թիւն չու­նին։

Ու­րեմն սի­րելի ըն­թերցող հաս­կա­ցող եղէք, եթէ այս պա­հէն ետք Մենք ու մե­րոնք սիւ­նա­կի վրայ թա­նաք սպա­ռենք այս էջե­րուն հա­ւատա­րիմ ըն­թերցող­նե­րուն հա­մար ան­սո­վոր նիւ­թե­րով։ Ինչ գիտ­նամ՝ օրի­նակի հա­մար փոր­ձենք ֆուտպո­լի մա­սին խօ­սիլ։ Վեր­ջա­պէս զբա­ղում մը, որ կը հե­տաքրքրէ մեծ բազ­մութիւննե­րը, բայց ար­դեօք կրնա՞նք։ Ար­դեօք ին­չի՞ կը նմա­նի ֆութպո­լի մա­սին մեր ըսե­լիք­նե­րը։ Խոս­տո­վանիմ , որ ափ­սո­սան­քով պի­տի անդրա­դառ­նանք, թէ ֆուտպոլ խօ­սինք ըսած պա­հեր­նուս, իսկ մեր հե­տաքրքրու­թիւնը ուղղուած պի­տի ըլ­լայ Տե­նիզ Նա­քիի մատ­նուած անար­դա­րու­թեան։

Ու­րեմն եկէք իրար հասկնանք հրա­ժարե­ցէք մեր մա­սին իզուր տեղ մտա­հոգուելէ եւ ըն­դունինք, որ պար­տա­ւոր ենք ընե­լու այն ինչ, որուն ար­դէն մատ­նուած ենք մեծ ցան­կութեամբ։ Նոյ­նիսկ այսքա­նը սուղ է մե­զի հա­մար։ Մենք այսքա­նով ալ հան­դուրժո­ղու­թիւն չու­նինք մեր ու­ղին հար­ցա­կանի տակ դնե­լու։ Հաս­տատ իրո­ղու­թիւն է երեք ան­գամ երեք ինը կ՚ընէ։ Մի՛ զօ­րէք, որ ըն­դունինք աւե­լին։ Երեք ան­գամ երեք ինն է եւ մաք­սի­մում, լոկ ձեր խադ­րին հա­մար յօ­ժարինք տաս­նի։ Դեռ տա­կաւին մի՛ լա­րէք, մի՛ պա­հան­ջէք որ խոս­տո­վանինք, թէ երեք ան­գամ երեք լոկ դուք ու­զե­ցիք ըսե­լով դառնայ երե­սուն կամ երեք­հա­րիւր երեսուն։

pakrates@yahoo.com