Հայոց պատմութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունին, բոլոր այն անձերը, որոնք յանձն առնելով բազմաթիւ դժուարութիւններ յաջողած են կեաներ փրկել, այն արհաւիրքէն, որ կը կոչուի Ցեղասպանութիւն կամ Սէյֆօ, Հոլոքոստ եւ այլ անուններով։ Հայ ժողովուրդի համար այս առումով միշտ յիշատակի արժանի անուն մը եղած է Ամերիկայի դեսպան Հենրի Մորկենթաու։ Բացի այս մեծ մարդասէրէն ի ընտանիքի յաջորդող սերունդներն ալ գիտակցած են իրենց մեծ հօր ծաւալած նուիրեալ աշխատանքին եւ նաեւ ժառանգորդը եղած են այդ նոյն մարդասիրական սկզբունքին եւ այժմ ահա Մորկնթաունի թոռը Մենհետտընի նախկին դատախազ Ռապըրդ Մ. Մորկենթաուն «Ուոլ Սթրիտ Ժուրնըլ» թերթին մէջ հրապարակեց յօդուած մը, ուր ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամբին կոչ կ՚ուղղէր Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու մասին։ Ռապըրթ Մ. Մորկենթաուն 25 Յունուար թուակիր թերթին մէջ հարց կու տար, արդեօք ԱՄՆ նախագահը Երուսաղէմի մասին իր ելոյթէն ետք պիտի կրնա՞յ պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Ան կը նշէր, թէ իբրեւ թէ Ամերիկայի դաշնակից հանդիսացող Թուրքիա յամառօրէն կը մերժէ իր պատմութեան հետ առերեսուիլ եւ կ՚ուրանայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական իրողութիւնը։ Մորկենթաուն կ՚ըսէ թէ մոռցած են այն պարզ իրողութիւնը ըստ որ հայոց կոտորածը միայն պատմութեան դժբախտ մէկ պատահարը չէ, այլ ծրագրուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւն մը։
Մորկենթաու կը նշէ, թէ Ամերիկայի նախկին նախագահները եւս խօսած էին Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ըլլալով ճանչնալու մասին։ Բայց ապա բոլորն ալ դրժած էին իրենց այդ խոստումը։ «Տեսնելով այս մասին նախագահ Թրամբի վճռակամութիւնը յուսադրուած եմ, թէ ան կրնայ յաջողիլ նաեւ այս պատմական փաստը սրբագրելու»։
Մորկենթաու իր գրութեան մէջ կը յայտնէ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրեն համար միայն պատմութեան գիրքերէն սերտուած նիւթ մը չէ, այլ 1913-1916 թուականներու միջեւ Ուիլսոնի կառավարութեան շրջանին Օսմանեան երկրի մէջ պաշտօնավարած մեծ հօրը վկայութիւնները։ «Մեծ հայրս իսկոյն նկատած էր, թէ կատարուած վայրագութիւնը աննախադէպ է եւ ինք ճարահատ մնացած է այդ վայրագութիւնը կասեցնելու մէջ։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները զինք չէզոքացուցած են ըսելով, թէ Օսմանեան հայերը Ամերիկայի քաղաքացիներ չեն, հետեւաբար ինք իրաւունք չունի որեւէ միջամտութիւն կատարելու։ Նաեւ լսած եմ, որ ինք հրեայ մըն է, իսկ հայերը քրիստոնեայ, ուրեմն ինչո՞ւ համար այսքան կը մտահոգուի հայերու խնդիրով»։ Մորկնթաու իր գրութեան մէջ նաեւ կ՚անդրադառնայ այս նիւթի շուրջ մեծ հօրը հանդիպած անարդարութեան։ «Ան նախ ուզեց կատարուած իր երկրի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն տեղեկացնել։ Բայց տեսնելով կառավարութեան անտարբերութիւնը այս անգամ փորձեց աշխարհին լսելի դարձնել հայոց դէմ կատարուածները։ Վերջապէս մեծ հայրս շարք մը բանախօսութիւններով այս նիւթը ծանօթացուց համայն աշխարհի։ Վերապրողներուն կեանքը դիւրացնելու համար ձեռնարկեց բազմաթիւ արշաւներու։ Ան երբեմն կ՚երթար Էլիս կղզի եւ դիմաւորէր, բոլոր այն գաղթականները, որոնք դիմաւորելու եկող բարեկամ մը կամ ծանօթ մը չունէին նոր աշխարհի վրայ։ Եւ բան մը եւս ըրաւ իր տեսածները փոխանցեց որդիներուն, անոնցմէ պահանջելով իրմէ ետք եւս շարունակեն այս արդարութեան պայքարը»։
Ռապըրթ Մորկենթաուն գրութիւնը կ՚աւարտէ հետեւեալ կերպով՝ «ԱՄՆ նախագահներ ամէն 24 Ապրիլին կ՚ընդառաջեն Թուրքիոյ պետութեան ճնշումներուն եւ կը խուսափին ցեղասպանութիւն բառը արտասանելէ։ Երեւի թէ այդ ընթացքէն հրաժարելու ժամանակը եկած է»։